ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճորճ Քենթ տեսակցեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեան հիւրընկալեց Մատենադարանի ղեկավարութիւնը:
Կրետէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակի յոբելենական մեծահանդէս տօնակատարութիւնները զուգադիպեցան Աշխարհամատրան կիրակիին: Հերակլիոնի մէջ երէկուան օրը բնորոշուեցաւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագով: Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս ողջունեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը: «Aquila Atlantis» պանդոկի պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան պետական ու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան մայիսի 3-ին հանդիպում մը ունեցաւ յայտնի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի հետ:
Հերակլիոնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ 350-ամեակի փառաշուք ու պատմական յոբելեանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ կապերուն նկատմամբ նոր մօտեցում:
Կրօնական ժողովի ատենապետը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։
Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովին նիստը։
«Crossroads-2019 ժամանակակից երաժշտութեան օրեր Հայաստանի մէջ» միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս կը կայանան շարք մը միջոցառումներ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ մայիսի 4-28 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան «Crossroads-2019 ժամանակակից երաժշտութեան օրեր Հայաստանի մէջ» միջազգային փառատօնը: