Լրահոս

ՇՈՒԷՏ ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌՔԻ ԱՌԱՋԱՐԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Շուէտ ռազմաօդանաւերու վաճառքի համար առաջարկ մը ներկայացուց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան։ SAAB ընկերութեան կողմէ արտադրուած ռազմաօդանաւեր խնդրոյ առարկայ դարձած են այս առաջարկին մէջ։ JAS-39 Gripen տիպի ռազմաօդանաւեր Հայաստան մատակարարելու համար Շուէտի կողմէ ներկայացուած այս առաջարկը կը յաջորդէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւան կատարած այցելութեան։

9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, պաշտօնապէս յայտնի դարձաւ, որ յառաջիկայ 9 դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս խնդիրը միջոցէ մը ի վեր կը բնորոշէր երկրին օրակարգը։

ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Յայտնի գրող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ վերջերս այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Ան ծանօթ է պատմական նիւթերու վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններով, որոնց հիման վրայ լոյս տեսած գիրքերը գրասէր շրջանակներէն ներս կ՚արժանանան անմիջական հետաքրքրութեան։ Նեսիմ Օվատիայի վերջին գիրքը կը կոչուի «Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ Շահինեանները»։

ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի Հիմնական խումբի՝ Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւններու քննարկման նուիրուած կլոր սեղան: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ելոյթով մը հանդէս կու գայ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու կապակցութեամբ:

ՄԵԼՈՏԻ ԷՕԶԷՐ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԱՃԱՌԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի նոր սերունդի խոստմնալից իրաւաբաններէն Մելոտի Էօզէր վերջերս ընդունուած է Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառ։ Ան հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին կաճառի նախագահին ձեռամբ ստացած է անդամակցութեան վկայականը։

ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԲԱԳՐԱՏԵԱՆ ՅՈՌԵՏԵՍ

Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեան սուր քննադատութիւններ հասցէագրեց այժմու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ երկրի նոր ղեկավարութեան։ news.am-ի հաղորդումներով, Հրանդ Բագրատեան 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի լոյսին տակ ըրաւ այդ յայտարարութիւնները։ 

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ մտաւորական Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ հրատարակուած «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս գինեձօնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ հեղինակը։

Էջեր