ԴԱՐՁԵԱԼ ՍԱՀՄԱՆԱԽԱԽՏ
Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ խախտման դէպքերը կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը հերթական անգամ ձերբակալեցին անձ մը, որ ապօրինի ձեւով Թուրքիայէն Հայաստան անցած էր։
Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ խախտման դէպքերը կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը հերթական անգամ ձերբակալեցին անձ մը, որ ապօրինի ձեւով Թուրքիայէն Հայաստան անցած էր։
Հայաստանի գիտաթեքնիկ հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը թէեւ ապագայի համար յոյս ներշնչած է ժողովուրդին, սակայն նշանակալի արդիւնքներու հասնելու համար միայն յոյս յայտնելը բաւարար չէ։ Ամերիկահայ գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան համոզուած է, թէ Հայաստանի համար պէտք է տարուի յստակ աշխատանք, պէտք է ապահովուին յստակ ներդրումներ եւ պետական աջակցութիւն։
Երեւանի Մատենադարանի երդիքին տակ վերջերս հիւրընկալուեցան խումբ մը օտար գիտնականներ եւ հետազօտողներ։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 95 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ ռմբակոծեցին Սուրիոյ հիւսիսը։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի մերձակայ Զօր Մաղարի շըր-ջանէն ներս բանակի ռմբակոծումներուն թիրախը դարձան ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի դիրքերը։
Սուրիոյ տագնապի յաղթահարումը քննարկուեցաւ շաբաթավերջի գագաթաժողովով: Էրտողան, Փութին, Մաքրոն եւ Մերքէլ կանգ առին մարդկային նոր աղէտները կանխելու վրայ:
27 հոկտեմբեր 1999 թուականին Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական զոհերը շաբաթավերջին ոգեկոչուեցան Երեւանի մէջ։ Հայաստանի խորհրդարանի պարտէզէն ներս՝ զոհերուն ի յիշատակ կառուցուած յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը։
Հայաստան անգամ մը եւս կը բացուի աշխարհի քաղաքական լուսարձակին ներքեւ: Նշանակալի ու պատմակշիռ իրադարձութիւն մըն է 17-րդ Ֆրանքոֆոնիի կայացումը Հայաստանի մէջ:
Թրքական դիւանագիտութեան կարեւոր նախաձեռնութիւնը՝ Սուրիոյ տագնապին առընչութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ կը հիւրընկալէ՝ Փութինը, Մաքրոնն ու Մերքէլը: