ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒՐՔ
Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեակին ձօնուած Երեւանի եւ Լիզպոնի ձեռնարկները կ՚առանձնանան թէ՛ իրենց մակարդակով եւ թէ իր աւանդի արժեւորման մտայնութեամբ:
Ազգային մեծանուն բարերարի յիշատակին թողարկուած դրոշմաթուղթերը կնքուեցան հանդիսաւոր արարողութիւններով: Աւելի քան հազար հանդիսատեսներու մասնակցութեամբ երկու փառաշուք համերգ: Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան տեսակցեցաւ համանուն հիմնարկի ղեկավարութեան հետ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ Կը հաղորդուի, որ այս ուղեւորութիւնը նախատեսուած է ապրիլի 8-ին։
Էմմանիւէլ Մաքրոնի տանտիրութեամբ Փարիզի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան՝ մասնակցութեամբ Եունքէրի, Մերքէլի եւ Ցզինփինի:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ 2016 թուականէն ի վեր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ է, Պերճ Սեդրակեանի հետ խօսեցաւ միութեան ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագրերուն շուրջ։
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած շահեկան ու հանդիսաւոր շնորհանդէս մը:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պիտի շարունակեն երկխօսութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան դէպի Նիւ Եորք ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ 28 մարտ-11 ապրիլ թուականներուն։
Եւրոխորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Լիլիան Մորի Փասքէ այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան կ՚ընդունուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի կողմէ։
Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ նախապէս երկու անգամ մերժուած BREXIT-ի համաձայնութիւնը վերստին Երեսփոխանական ժողովին ներկայացնելու համար տակաւին չէ կրցած ապահովել երեսփոխաններու անհրաժեշտ զօրակցութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թերեզա Մէյ BREXIT-ի գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցեց Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովէն ներս։
Ֆրանսայի եւ Չինաստանի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան տասնչորս պայմանագիր։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հիւրընկալեց Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինը։