ՄԵՆՊԻՉԷ ՎԵՐՋ ԵՓՐԱՏԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ Մենպիչէ վերջ Թուրք զինեալ ուժերու աշխատանքի դաշտը պիտի ըլլայ Եփրատի արեւելքը, ուր պիտի ոչնչացուին ահաբեկչական թիրախները։ Այս յայտարարութիւնը արդէն ընկալուած է որպէս նոր գործողութիւններու ազդանշան։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ այցելեցին Ստեփանակերտ, ուր հիւրընկալուեցան Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։ Միջնորդները օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։
Հանրապետութեան հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձը բնորոշուեցաւ՝ կոթողային վիթխարի ենթակառուցուածքի ծրագրի մը կեանքի կոչուելով:
Մինսքեան խմբակի համանախագահները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանին մէջ:
Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ խախտման դէպքերը կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը հերթական անգամ ձերբակալեցին անձ մը, որ ապօրինի ձեւով Թուրքիայէն Հայաստան անցած էր։
Հայաստանի գիտաթեքնիկ հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը թէեւ ապագայի համար յոյս ներշնչած է ժողովուրդին, սակայն նշանակալի արդիւնքներու հասնելու համար միայն յոյս յայտնելը բաւարար չէ։ Ամերիկահայ գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան համոզուած է, թէ Հայաստանի համար պէտք է տարուի յստակ աշխատանք, պէտք է ապահովուին յստակ ներդրումներ եւ պետական աջակցութիւն։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 95 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։