«ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼՈՎ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊՐԵՆՏԻԻ ԱՇԽԱՐՀԸ»
Հայաստանի մէջ քոնիաքի արտադրութիւնը, որ դարերու պատմութիւն ունի, կը շարունակէ մնալ որպէս խոշոր գործ: Երկրի մայրաքաղաքը՝ Երեւանը կրնայ պարծենալ անով, որ այստեղ մէկ շունչին բաժին հասնող քոնիաքի թորիչները աւելի շատ են, քան աշխարհի որեւէ այլ քաղաքի մէջ, նսյնիսկ ֆրանսական Քոնիաքին մէջ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին կ՚ըսուի յայտնի Forbes պարբերականին մէջ հրապարակուած լայնածաւալ յօդուածին մէջ, որ վերնագրուած է՝ «Բացայայտելով հայկական պրանտիի աշխարհը»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Անգլիան եւ Ֆրանսան երէկ երեկոյեան ռմբակոծեցին Սուրիան։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի արիւնալի ու բարդ իրավիճակին մէջ վերջին օրերուն խնդրայարոյց երեւոյթները գագաթնակէտին հասած էին՝ արեւելեան Կութայի եւ Տումայի մէջ՝ երկրի բանակին կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման պնդումներով։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այդ կէտէն սկսեալ շարժման անցած էր՝ արտայայտելով մտադրութիւն միջամտելու համար Սուրիոյ իրադարձութիւններու ընթացքին։ Ծանօթ է, որ այս բոլորը միջազգային բեմահարթակի վրայ լարուածութեան բարձրացման պատճառ դարձաւ։
Էրտողան բացատրութիւններ տուաւ Թրամփի եւ Փութինի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներուն մասին:
Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուց Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած համաձայնութիւնները:
Հրատապ օրակարգի մթնոլորտին մէջ Էրտողան իրերայաջորդ կը զրուցէ Փութինի եւ Թրամփի հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմի դէմքերը հետզհետէ յայտնի կը դառնան։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն ստորագրեց հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ նշանակուեցան իր աշխատակազմէն շարք մը դէմքեր։
Հայկական ֆութպուլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեանի բուժման համար կը նախատեսուի երկու շաբթուան ժամկէտ մը։
Տքթ. Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու շահեկան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Սուրբ Յակոբի լոքալին մէջ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ այցելեց Ֆէնէր եւ Սաքըզաղաճը: