Լրահոս

ՆԱԽԱՐԱՐ ՖԱԹՄԱ ՊԵԹԻՒԼ ՍԱՅԱՆ ՔԱՅԱ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Ընտանիքի եւ ընկերային քաղաքականութիւններու նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա նախընթաց օր այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Բարձրաստիճան հիւրի այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Նախարարը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, բժշկապետ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի, ընդհանուր քարտուղար Սիլվա Թրիքայի եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ։

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց երեկոյեան մասնակցութիւն բերաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ սարքուած իֆթարի սեղանին։ Երեկոյթի տանտէրն էր Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր, որ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց սեղանակիցներուն առջեւ։

«ՅՈՒՇԻ ԲԵԿՈՐՆԵՐ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ հայաշխարհի երիցագոյն գրողներէն Թորոս Թորանեան վերջերս լոյս ընծայած է իր նոր գիրքը։ Սուրիահայ հեղինակը, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Հայաստան, Երեւանի մէջ հրատարակած է այս գիրքը, որ կը կոչուի «Յուշի բեկորներ»։

ՆՊԱՍՏԱՒՈՐ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, միջնորդներու Երեւան այցին ընդառաջ:
«Մենք ներ­կա­յիս կը գտնուինք այն փու­լին մէջ, ուր կը ձե­ւա­ւո­րենք հիմ­քե­րը՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը», կ՚ըսէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

«ԶԷՆՔԵՐԸ ԼՔԵԼՈՎ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ»

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի միջեւ նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, նախարար Չավուշօղլու մանրամասնութիւններ հաղորդեց Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ՝ Մենպիչի շուրջ գոյացած համաձայնութեան կապակցութեամբ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ ԶԵՂԾՈՒՄԻ ԼՈՒՐՋ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ

Երէկ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը որոշած է յետաձգել «Արի տուն», «Իմ Հայաստան» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագրերը։

Էջեր