Լրահոս

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ԷԼԸՆ ՏԱՆՔԸՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Անգլիոյ Եւրոպայի ու Ամերիկայի հարցերով պետական նախարար Էլըն Տանքընը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Անգլիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման արարողութեան։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱԾ Է ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Նոր նախագահի ընտրութիւնով եւ ղեկավարման նոր՝ խորհրդարանական համակարգի հաստատումով Հայաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգը կը բնորոշեն ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները։ Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման զուգահեռ՝ հրաժարական ներկայացուցած է վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը։

ԳՈՀԱՐ ՄԱՐՏԻԿԵԱՆԻ «ԱՊՐԵԼՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒ» ՀԱՏՈՐԸ

Հեռուստալրագրող, հրապարակախօս Գոհար Մարտիկեանի «Ապրելու բանաձեւ» պատմավաւերագրական մատենաշարի 11-րդ հատորը նուիրուած է Արցախեան ազատամարտի կապանցի հերոսներուն եւ 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակից արցախցի հերոսներուն։

ԺԵՐԱՐ ՏԵՓԱՐՏԻԷՕԻ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐԸ

Դերասան Ժերար Տեփարտիէօ Վլատիմիր Վիսոցկիի երգերը երաժիշտի 80-ամեակին կապակցութեամբ կը կատարէ ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։ Խորհրդային բանաստեղծի յոբելեանին առիթով համերգը Ապրիլին տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը երէկ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ երդումը կատարեց հանդիսաւոր արարողութիւնով մը եւ պաշտօնապէս ձեռնարկեց գործի:
Արմէն Սարգսեան. «Այսօր մեր երկրին եւ ամբողջ ժողովուրդին համար առանցքային կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ բանակցային կարգաւորումը»:

ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ

Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ պատահեցաւ դէպքը։

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԴԱՒԻԹ ՔԱՀԱՆԱՅ ԶԵԼՎԷԵԱՆԻ

Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը հոգեկան անհուն վշտով կը հաղորդէ, թէ թեմի հանգստեան կոչուած հոգեւորականներէն Տ. Դաւիթ Քհնյ. Զելվէեան (1950-2018) յետ երկարատեւ լուրջ հիւանդութեան, Երկուշաբթի, Մարտի 19-ին ի Տէր հանգեաւ։

Էջեր