ՎԱՂԸ՝ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺՈՂՈՎ՝ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՇՈՒՐՋ
Վաղը, Պրիւքսելի մէջ կարեւոր հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ՝ մասնակցութեամբ Եւրոմիութեան դիւանագիտական ու անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տրիանի, Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսընի եւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի։