ՄԵՆԵՐԳԻՉ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆ ԿԸ ՆՇԷ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեան այս տարի կը նշէ իր երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակը։ Յառաջիկայ ամիս ան հանդէս պիտի գայ յոբելենական համերգով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ տարածքաշրջանային հարցերու քննարկում:
ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին կողմէ հրատարակուող «UN Special» ամսագրի Մարտ ամսուան թիւին մէջ լոյս տեսաւ Շարլ Ազնաւուրի հետ ընդարձակ հարցազրոյց մը։ Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչը այս հարցազրոյցը տուած է՝ որպէս ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ եւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան։
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէս մը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպսկ. Աթէշեանի տնօրինութեամբ՝ երէկուան դրութեամբ Պատրիարքական Աթոռէն ներս վերակազմուեցաւ խորհրդակցական մարմին մը։ Տասնամեակներու նախընթացներու հիման վրայ, վերջին տարիներու ակամայ ընդհատումէն վերջ, Նորին Սրբազնութեան կարգադրութեամբ վերահաստատուեցաւ Խորհրդակցական մարմինը, որ կը բաղկանայ 12 անդամէ։
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն՝ ընտրելու համար երկրի Սահմանադրական ատեանի նոր նախագահը։ Քուէարկութեան արդիւնքին Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ ընտրուեցաւ Հրայր Թովմասեան։
Իտալահայ նկարչուհի, քանդակագործ Նուարդ Զարեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած է 18 քանդակ, Մինաս Աւետիսեանի վրձինին պատկանող Կոստան Զարեանի դիմանկարը, 11 գեղարուեստական աշխատանք, որոնցմէ տասն հատը տրամադրուած է Նուարդ Զարեանի եղբօրորդւոյն՝ Արա Զարեանի կողմէ։ Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, հոլովակով ներկայացուեցաւ նաեւ նկարչուհիի մասին պատմող հարուստ արխիւային նիւթ։