ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԻՇՏ ՎՃՌԱԿԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ խօսեցաւ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ երկրի սահմաններէն դուրս ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին մասին։ Մինչ Աֆրինի ԵՓԿ-է մաքրագործման արձագանգները կը շարունակուին, Էրտողան երէկ ընդգծեց, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն դրուած է ստորակէտ մը։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան Ուաշինկթընի մէջ պարգեւատրեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։
Հենրիխ Մխիթարեան Երեւանի մէջ ամէնուրեք ջերմ վերաբերմունքի կ՚արժանանայ համակիրներուն կողմէ:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան մասնակցած է Մարտ 15-18 թուականներուն միջեւ Գերմանիոյ Լայպցիկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ամենամեայ Գիրքի միջազգային տօնավաճառին:
Խաչքարերը պէտք չէ կրկնուին, կ՚ըսէ վարպետը եւ Աստուծմէ ուժ ու գեղարուեստական շնորհ կը խնդրէ՝ հազար անկրկնելի խաչքարերու համար:
Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ կրօնի բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը, որուն նպատակն էր ուսումնասիրել տարբեր կրօններու մէջ ջուրին մարմնաւորած խորհրդանիշն ու իմաստը:
«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու 58-րդ օրը Թուրք զինեալ ուժերը հասան իրենց բուն նպատակին:
Ռուսաստանի մէջ երէկ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, Վլատիմիր Փութին տարաւ ջախջախիչ յաղթանակ մը։ Քուէարկողներու 75 տոկոսը Փութինին վրայ կեդրոնացուց ձայները։
Հայկական լեռնաշխարհէն ներս արծաթագործութիւնը յայտնի է հնագոյն ժամանակներէն: Այդ մասին կը վկայեն Քարաշամբէն, Վանաձորէն, Լճաշէնէն, Լոռի Բերդէն եւ այլ հնավայրերէ պեղուած ոսկեայ, արծաթեայ բարձրարժէք գտածոները:
Երկիր մոլորակի աւելի քան հինգ միլիոն բնակիչներ մինչեւ 2100 թուականը կը կորսցնեն իրենց տունը ծովու մակարդակի բարձրացման պատճառով. նոյնիսկ այն պարագային, եթէ Փարիզի համաձայնագրերը կատարուին, եւ մոլորակը աւելի տաքնայ ընդամէնը սելսիուսի 1.5-2 աստիճանով: