Հարթակ

ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Իսկ սամարացիները կ՚ըսէին, թէ այս լերան վրայ, որ Գարեզին լեռն էր. նախ՝ որովհետեւ աւանդութենէն գիտէին, որ Աբրահամ Գարեզին լերան վրայ Իսահակը որպէս պատարագ կը մատուցէր: 

ՄԱՅՔԸԼ ՍԱՐԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏԸ ԼՈՒՐՋ ԵՒ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔՆ ՈՒՆԻ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ ամերիկահայ անուանի բարերեր ու գործիչ  Տիար Մայքըլ Սարեան։
-Պրն. Սարեան, տարի մը առաջ դուք հանդէս եկաք կարեւոր նախաձեռնութեամբ եւ բոլորովին անհատական ճիգերով մեծ նուիրատուութիւն կատարեցիք եւ բժշկական արդիական ու պիտանի սարքեր նուիրեցիք Հայաստանի առողջապահական համակարգին։ 

ՏՈԼԱՐԻՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ՔԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ տոլարի վայրագ գերիշխանութիւնը տիրական է աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, քիչեր հաւանաբար կը հարցնեն, կամ ի վիճակի են հարցնելու, թէ ուրկէ՞ եւ ե՞րբ ծագած է այս տոլարը… պատասխանը՝ «Պի. Պի. Սի.» ի վերջերս հրապարակած յօդուածով:

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ - 13

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կարծես արտասովոր-սովորութեան մը արարողութեան վերածուեցաւ Հրանդին մասին գրելը։
Այն Հրանդին, որ մինչեւ վերջին կաթիլը արեան հաւատաց իր բառին, գրածին ու մտածումին։

ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ. ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՆԱՀԱՆՋԻ ԶԱՐԴԱՐԱՆՔ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Տօնական օրերուն Միացեալ Թագաւորութեան եռացող մայրաքաղաքը կը գտնուէի. թանգարաններ, յիշարժան վայրեր, ամանորեան շուկայի զեղչեր...
Մթնոլորտ մը. անգլիացիները որոշած են դուրս գալ Եւրոմիութենէն: Հայ մարդիկ գոհունակութեամբ կը խօսէին այս մասին:

ՏԻԿԻՆ ՍՈՆԱՅԻՆ ՏՂԱՆ

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ձուկը բերի՞ սառնարանէն, միսը, հաւը, կանաչեղէնը, պանիրը..., անգամ մըն ալ ստուգեմ ամէն ինչ. հոս, քարին վրայ շարեմ ու սկսիմ պատրաստել մի առ մի:
Տղաս հաւը սխտորով կը սիրէր, ձուկը՝ տապկուած, փիլաւը՝ բրինձով ու առատ կանաչեղէն կ՚ուտէր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՎՆԱՍ ԿՐՈՂԸ ԵՐԿՐԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳՆ Է

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն իրավիճակը բնականաբար իր ծանրագոյն հետեւանքները պիտի ունենայ կրթական համակարգին ու ուսումնական տարեշրջանին վրայ։
Երկար ատենէ ի վեր շարունակուող բողոքի ալիքը աւելիով բարդացուցած է գործը միջին խաւի ընտանիքներուն, որոնցմէ շատեր արդէն նախքան այս տագնապին սկիզբ առնելը, բաւական մեծ դժուարութիւններ կ՚ունենային իրենց զաւակներուն կրթաթոշակը վճարելու առումով։

ԳՈՀՈՒՆԱԿ ՍԻՐՏ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդուն հիմնական հետաքրքրութիւնն ու զբաղմունքը դարձած են մնայուն վազքն ու նոր նուաճումներն ու ձեռքբերումները: Այսօր, կարծէք աւելի քան երբեք, մարդը ինքն իր հետ մրցումի մէջ է, ինքզինքին յաղթելու, ինքզինքը նուաճելու:

ԵԱՍՄԻՆ-ՊԻԼԱԼ

ԵՐԱՄ

​Գահիրէի ամենաաղքատիկ թաղամասերէն մէկուն մէջ մեծցած էր փոքր եղբօր հետ։ Ծնողները ուշ ամուսնացած, ուշ ծննդաբերած զոյգ մըն էին։ Մահացեր էին երկուքն ալ, մէկ ամիս տարբերութեամբ, երբ ինք տասնչորս տարեկան էր, իսկ եղբայրը՝ տասներկու։

Էջեր