ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ԾՆՈՂ
ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ազգի մը գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պայմանաւորուած է հողով, հայրենիքով, պետականութեամբ, իր սեփական լեզուով, մշակոյթով եւ հոգեկան-իմացական ապրումներով ու արժէքներով: Ամէն ազգ ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը պահելու իրաւունքն ու ազատութիւնը, որոնք կ՚իրականան փոխադարձ պարտաւորութիւններով՝ պահել ու պաշտպանել հողը, հայրենիքը, սեփական լեզուն, մշակոյթը եւ հոգեկան ու իմացական արժէքները: