ԱՐԴԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՍԵՒ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներուն շատ զարգացաւ զբօսաշրջութիւնը եւ այդ մէկը կապուած է շարք մը հանգամանքներու հետ: Նախ՝ բաց, համաշխարհայնացած ու հասանելի աշխարհը դիւրացուց մարդոց տեղափոխումները զանազան պատճառներով, ապա՝ տնտեսական յարաբերական համաշխարհային բարգաւաճումը եւ միջին խաւի զարգացում-կայացումը նաեւ իր դերը խաղաց զբօսաշրջութեան զարգացման եւ վերջապէս գիտական յառաջընթացը, որ դրսեւորուեցաւ մանաւանդ ճամբաներու եւ փոխադրամիջոցներու հնարմամբ, կառուցմամբ ու տարածմամբ, ինչ որ մարդոց առիթ տուաւ անդադար ճամբորդելու: