ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ, ՄԵՐ ԱՒԱՆԴԸ
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի հանդիպումը արեւելահայերէնի հետ ունի իր անցեալն ու ներկան. անցեալին, մասնաւորաբար Մեծ Եղեռնէն ետք, երբ դարձանք Սփիւռք, մեր երկրին հողը կորսնցուցինք, սակայն կարողացանք մեզի հետ բերել մեր հոգեմտաւոր արժէքները, մեր լեզուն, մշակոյթը, մեր կենցաղը, մէկ խօսքով, ամէն ինչ որ կարելի էր փոխադրել միտքով եւ հոգիով: