ԱՄԷՆ ՕՐ ՏԱՐԲԵՐ ԿԵԱՆՔ Է
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կ՚ապրի կեանք մը՝ որ ժամանակի տարբեր հատուածներէ կը բաղկանայ։ Վայրկեաններ, ժամեր, օրեր, ամիսներ եւ տարիներ… բայց անոնցմէ ոչ մէկը կը նմանի միւսին։ Զոր օրինակ, ապրուած ժամ մը երբեք չի նմանիր ուրիշ ժամուան մը. ժամէ ժամ կը փոխուի մարդուս տրամադրութիւնը՝ արտաքին եւ ներքին զանազան ազդակներու համեմատ։