ՆԱԽԱՆՁԻ ՎԱ՛Տ ԶԳԱՑՈՒՄԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առակախօսը կ՚ըսէ. «Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր եւ անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր» (ԱՌԱԿ. Գ 31)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ, Հռոմայեցիներուն գրած նամակին մէջ կը պատուիրէ. «Ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ եւ պղծութեամբ, կամ նախանձով եւ հակառակութեամբ ապրելու՝ խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 13)։