ՀՈԳԻԻ ԵՒ ՄԱՐՄՆԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մարդկային անձ»ը, ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած արարած մըն է միանգամայն մարմնաւոր եւ հոգեւոր։ Աստուածաշունչը այս իրականութիւնը կ՚արտայայտէ խորհրդանշական լեզուով, երբ կը հաստատէ, թէ «Աստուած ստեղծեց մարդը երկրի հողէն, փչեց անոր ռունգերուն մէջ կենդանի շունչ եւ մարդը եղաւ կենդանի էակ» (ԾՆՆԴ. Բ 7)։