Հոգե-մտաւոր

ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԱՌԱՋՈՐԴ ԹՐՔԱԿԱՆԻՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ մշակոյթի, թատրոնի եւ արուեստի ներկայ վիճակը քննարկելը կը ձգենք ուրիշներու եւ կը բաւարարուինք կեդրոնանալով այն իրողութեան վրայ, որ անցեալին՝ մօտաւորապէս դար մը առաջ, հայերը ունեցած են արուեստի մեծ ճաշակ ու հմտութիւն եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ Պոլսոյ մէջ թրքական թատրերգութիւնն ու արուեստը նոյնիսկ մեծ դասեր ու օգուտներ կը քաղէ հայկական մշակոյթէն:

ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սիրոյ մասին խորհիլ, խորհրդածել եւ խօսիլ շատ բնական է, քանի որ ամբողջ կեանքը հաստատուած չէ սիրոյ վրայ։ Արդարեւ, այս մասին կրկնութիւնը երբեք ձանձրոյթ պէտք չէ պատճառէ մարդուս, քանի որ սէրը կեանքի ամէն պահուն գոյութիւն ունի. եւ ինչպէս որ մարդ շնչառութենէ չի ձանձրանար, սիրոյ մասին մտածելէ եւ խօսելէ ալ պէտք չէ՛ ձանձրանայ, քանի որ ան անհրաժեշտ պահանջք մըն է ապրելու համար…։

ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ ԱՒԵԼԻ ԵՐՋԱՆԻԿ՝ ՔԱՆ ՄԱՐԴԻԿ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այս հաստատումը թող զարմանալի չթուի, սակայն աշխարհի վրայ անասունները աւելի երջանիկ կ՚ապրին՝ քան մարդիկ, որովհետեւ փաստացիօրէն մարդ արարածը անասունի հանդէպ աւելի գութ ունի, քան իր նմանին հանդէպ:

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարմինը՝ հանգիստի, հոգին՝ խաղաղութեան եւ սիրտը ուրախութեան պահանջքը ունի։ Արդարեւ, մարդկային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժեշտ են՝ հանգիստը, խաղաղութիւնը եւ ուրախութիւնը։

ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻՄ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կեանքի մէջ նկատած եմ, որ «Ժամանակ չունիմ» ըսող մարդիկ, ընդհանրապէս ժամանակ ունեցողներն են, որոնք անկարեւոր հաճոյքներու համար եւ զեխութեան համար մի՛շտ ժամանակ ունին, սակայն կարեւոր գործերու պարագային չունին:

ՔԻՆԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը տեսնուի, որ քինախնդիր եւ ոխապահ մարդոց անօրէնութիւնը աւելի ահեղ է եւ իրենց չարութիւնը աւելի ծանրակշիռ, քան բոլոր մեղքերը եւ անօրէնութիւնները, քանի որ բոլոր մեղքերը եւ անօրէնութիւնները երբեմն բուռն կերպով կը բոցավառին եւ երբեմն կա՛նգ կ՚առնեն։

ՇԷՆ ՉՄՆԱՑ ՀԱՅԿԱՅ ՏՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աւելի քան դար մը առաջ Հայոց Հայրիկ Խրիմեանը կը հրատարակէր իր «Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց» աշխատութիւնը եւ այս աշխատութեամբ կը փորձէր դաստիարակել հայ ընտանիքը՝ մանաւանդ հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին, որպէսզի կատարեալ գիտակցութեամբ առաջնորդուին իրենց ամուսնական կեանքին մէջ:

ԲՆԱԲԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հրէական սովորութիւն էր կարդալ Սուրբ Գիրքէն, որ ինքնին կը նկատուէր քարոզ, առանց յաւելուածական մեկնութեան։
Աստիճանաբար, սակայն, մասամբ՝ իրենց առօրեայ բարբառէն տարբեր եղող լեզուին պատճառաւ, եւ մասամբ ալ ստուգելու համար այն յաւելուածը, որ գրուած էր պարզ օրէնքին վրայ դպիրներու կողմէն, սովորութիւն դարձաւ թոյլ տալ երկար մեկնութիւններու եւ եզրակացութիւններու։

ԿՈՅՐ ՈՒ ԽՈՒԼ ԳՐՈՂ ՄԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կոյրերը, խուլերն ու համրերը մարդկութեան համար անկարներ ըլլալ կը կարծուին եւ կամայ թէ ակամայ անոնց հանդէպ գութ մը կը ծագի մարդոց քարացած սիրտերուն մէջ, մոռնալով, որ մեծագոյն անկարութիւնը ո՛չ թէ աչքերու կամ լսողութեան չգոյութեան, այլ մարդոց միտքին մէջ է պարզապէս:

ԲԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բարկութիւնը իրապէ՛ս ախտ մըն է՝ նկարագիր մը, որ մարդուս միայն վնաս կը պատճառէ, եւ ո՛չ մէկ օգուտ։ Ամէն տեսակի մեղքերը եւ գարշելի մոլութիւնները կը ջանան մարդոցմէ պահել եւ ծածկել իրենց անօրէնութիւնները, բայց «բարկութեան ախտ»ին մոլեգնութիւնը կատաղի է եւ նոյնքան վնասակար, վտանգաւոր եւ գազանամի՛տ։

Էջեր