Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ա­ւան­դա­կան շու­քով նշեց Համ­բարձ­ման տօ­նը։ Ս. Զատկուան յա­ջոր­դած քա­ռա­սու­նե­րորդ օ­րուան կը զու­գա­դի­պի այս կա­րե­ւոր ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նը, ո­րուն զու­գա­հեռ մեր ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նախմ­բէ նաեւ Հա­յոց Հայ­րա­պե­տա­կան Ա­թո­ռին՝ 1441 թուա­կա­նին Սի­սէն Սուրբ Էջ­միա­ծին փո­խադ­րու­թեան յի­շա­տա­կը։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի տարեգրութեանց մէջ էջ մը եւս թերթուեցաւ՝ հպարտութեան զգացումներով եւ յարատեւութեան մաղթանքով:
Համբարձման տօնին օրը այս տարի եւս համայնքային շրջանակները բարձր տրամադրութեամբ նշեցին Գթութեան յարկին հիմնադրութեան տարեդարձը:

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Սլո­վա­քիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պրա­թիս­լա­ւա։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

«100-ամեակին խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին» խորագրեալ գիտաժողով մը՝ «Պիլկի» համալսարանին մէջ:
Փրոֆ. Մուրատ Պելկէ. «Քաղաքացին եմ հասարակութեան մը, որ կ՚ուրանայ կատարուածը, ուրացումը կը վնասէ երկրին»:

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Էս­կի­շէ­հիր։ Խում­բին գլու­խը կը գտնուէին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան եւ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Լու­սիա Գը­լընճ­լը։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած մար­զա­կան խրախ­ճան­քը վեր­ջին օ­րե­րուն ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան։ Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը կազ­մա­կեր­պուի այս խրախ­ճան­քը, հե­տե­ւա­բար ու­նի խոր ա­ւան­դու­թիւն­ներ ու ձե­ւա­ւո­ր-ւած նա­խըն­թաց­ներ։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած անգ­լե­րէն բա­ռա­խա­ղի (Scrabble) 9-րդ մր­ցոյ­թը ե­րէկ եզ­րա­փա­կուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Նա­խըն­թաց օ­րուան միջ­նա­կար­գե­րու պար­գե­ւատ­րու­մէն վերջ, ե­րէկ ալ լի­սէ­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Է­սաեան վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուն, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին դպրո­ցի լե­զուի բաժ­նին հե­տե­ւող ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի սա­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

ԱԳ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած երեսփոխանի թեկնածուն երէկ երեկոյեան համայնքային շրջանակներուն հետ մէկտեղուեցաւ «Elite World» պանդոկին մէջ:
Մարգար Էսաեան խանդավառ ելոյթով մը բացատրեց յառաջիկայ շրջանին վերաբերեալ իր մտադրութիւնները եւ սպասումները: Խրախուսական անկեղծ ու ջերմ խօսքեր արտասանեցին նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան:

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Օ­փե­րա­յի յայտ­նի մե­ներգ­չու­հի սոփ­րա­նօ Ա­րաքս Ման­սու­րեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած շնոր­հան­դէ­սով մը իր ա­րուես­տի հա­մա­կիր­նե­րու դա­տին յանձ­նեց նոյ­նա­ժա­մա­նակ ե­րեք ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր մե­ծա­նուն ե­րա­ժիշտ Տիգ­րան Ման­սու­րեան, որ այս առ­թիւ ը­սաւ. «Սա ամ­բողջ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի մը փոք­րիկ մէկ մասն է՝ հան­րա­գու­մա­րի բե­րուած ե­րեք ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կի մէջ, ուր Ա­րաքս Ման­սու­րեան լա­ւա­գոյնս դրսե­ւո­րած է ինք­զին­քը»։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Անգ­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի մօտ նշա­նա­կեց նոր դես­պան մը. յան­ձինն՝ Ճու­տիթ Ֆար­նո­յօրդի։ Այ­ժմու դես­պան Քեթ­րին Լի­չի փո­խա­րէն ան պաշ­տօ­նի պի­տի ձեռ­նար­կէ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

​Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «Պոլսոյ արտացոլանքներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը:
Նկարիչ ու կրթական մշակ Լեւոն Լաճիկեան լոյս ընծայած է նաեւ «Իմ Հայաստան» ժողովածուն:

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Հա­յաս­տան կը շա­րու­նա­կէ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­րար ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն՝ երկ­րի սահ­ման­նե­րէն դուրս ծա­գած հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու մեղ­մաց­ման ու յաղ­թա­հար­ման նպա­տա­կով։ Ցարդ մաս­նակ­ցած խա­ղա­ղա­րար ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն մէջ Հա­յաս­տան ար­ձա­նագ­րած է յա­ջո­ղու­թիւն­ներ եւ իր նպաս­տը բե­րած՝ հա­մաշ­խար­հա­յին անվ­տան­գու­թեան պահ­պան­ման։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Թեհ­րա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Ար­տա­շէս Թու­մա­նեան նա­խըն­թաց օր իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը յանձ­նեց Ի­րա­նի նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիին։ Այս առ­թիւ Հա­սան Ռու­հա­նի գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի բա­րե­կա­մա­կան ու փոխ­շա­հա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հա­մար ո­րե­ւէ խո­չըն­դոտ գո­յու­թիւն չու­նի։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի տարեդարձի օրերուն միջնորդները տեղեկացուցին իրենց նոր ուղեւորութեան մասին:
Ըստ Ուորլիքի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը փափաքին աւելցնել իրենց հանդիպումներուն յաճախականութիւնը:

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Ե­րէկ, Ան­թա­լիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւս մաս­նակ­ցե­ցաւ նստաշր­ջա­նի Աֆ­ղա­նիս­տա­նի վե­րա­բե­րեալ ժո­ղո­վին, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Տա­վու­տօղ­լու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­ռանձ­նազ­րոյ­ներ ու­նե­ցաւ սոյն հա­ւա­քին առ­թիւ Ան­թա­լիա այ­ցե­լած Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի եւ ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թէն­պէր­կի հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կը խորհր­դա­ծենք Յի­սու­սի յա­րու­թեան մա­սին, պահ մը խոր­հինք նաեւ մեր իւ­րա­քան­չիւ­րին կեան­քը, ապ­րած ա­մէն մէկ օ­րը՝ նման չէ՞ Յի­սուս Քրիս­տո­սի յա­րու­թեան խոր­հուր­դին։ Ար­դա­րեւ ա­մէն օր երբ կը սկսի ա­ռա­ւօ­տուն եւ երբ կ՚արթն­նանք, մե­զի հա­մար յա­րու­թիւն մը չէ՞։ Նոր եւ նո­րո­գուած հո­գիով մը երբ կը սկսինք նոր օրուան, մենք զմեզ տար­բեր տրա­մադ­րու­թեան տակ չե՞նք զգար։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հանովէրի անհատական ցուցահանդէսէն վերջ յայտնի արուեստագիտուհին Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
Թենի Վարդանեան. «Հիմա կը խուսափիմ միջավայրերէն, մարդոցմէ, աղմուկէ, շատ խօսքէ, կ՚ուզեմ ըլլալ առանձին»։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի 9-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած է միջ­վար­ժա­րա­նա­յին անգ­լիե­րէն բա­ռա­խա­ղի (Scrabble) մրցոյ­թը։ Ե­րէկ միջ­նա­կար­գե­րու հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ, իսկ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նան լի­սէին­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ կրթա­կան մշակ­նե­րու տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան պտոյ­տը։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ գոր­ծող կամ հանգս­տեան կո­չուած կրթա­կան մշակ­ներ այս ա­ռա­ւօտ մաս­նա­ւոր փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րով Ֆէ­րի­գիւ­ղէն ճամ­բայ ե­լան դէ­պի Վոս­փոր՝ Գա­լէն­տէր թա­ղա­մա­սը, ուր «Գաղտ­նի պար­տէզ» զբօ­սա­րա­նին մէջ կ՚ան­ցը­նեն ի­րենց օ­րը։

Էջեր