Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Ան­գա­րա­յի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Պեսս յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ առ­կայ խնդի­րը կեդ­րո­նա­ցած է միակ օ­րուան մը վրայ, սա­կայն կա­րե­ւո­րը ա­նոր լու­ծուիլն է։  Ե­րէկ, Դի­ւա­նա­գի­տա­կան թղթա­կից­նե­րու միու­թեան ան­դամ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ա­մե­րի­կա­ցի դես­պա­նը կար­ծիք­ներ ար­տա­յայ­տած է Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գի զա­նա­զան նիւ­թե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն զարմանք կը պատճառեն այն երկիրները, որոնք չեն ճանչնար Արցախի ընտրութիւնները:
Եդուարդ Նալպանտեան. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ապացուցանեց իր ճակատագիրը տնօրինելու վճռականութիւնը»:

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­սօր հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ո­ւա­շինկ­թըն, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի 2015-ի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը պի­տի փո­խան­ցէ նաեւ օրհ­նու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի տա­րե­կան Թե­մա­կան-պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին կող­մէ խումբ մը շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Պուք­րէշ։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեա­նի կող­մէ ա­ռաջ­նոր­դուած խում­բը կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցե­ցաւ Պուք­րէ­շի Ս. Հրեշ­տա­կա­պետ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի սկսի միջ­միու­թե­նա­կան պաս­քեթ­պո­լի մրցա­շար­քը, որ ա­մէն տա­րի գար­նան շրջա­նին կ՚ար­ժա­նա­նայ հա­մայն­քի մար­զա­սէր շրջա­նակ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան։ Ի յի­շա­տակ Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեա­նի՝ այս տա­րի 26-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի այս մրցա­շար­քը, ո­րու հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Սա­մա­թիոյ մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Այս ա­ռա­ւօտ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ճատ­րա­կի մրցա­շար­քին բա­ցու­մը։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ա­ւան­դա­կան մրցա­շարք մըն է այս մէ­կը, որ այս տա­րի տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 11-րդ ան­գամ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Իսթանպուլի երկրորդ շրջանի ընտրատարածքէն ներս համայնքին տեսակէտէ համակրելի անուն մը:
ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Մուսթաֆա Սարըկիւլ ընտրողներու հետ անմիջական շփման մէջ:

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ արձանագրուած զարգացումները նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծեն Հայաստանի տնտեսութեան եւ ընդհանրապէս կեանքին առջեւ:
Բնական գեղատեսիլ վայրերուն առընթեր, պատմամշակութային յուշարձանները կը պայմանաւորեն երկրին վիթխարի ներուժը :

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը մարդ­կա­յին մտքի եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու «բարձր»երն են։ Ա­նոնք չեն ու­զեր եր­բեք մե­ծու­թիւն, բարձ­րու­թիւն եւ ո­րե­ւէ զա­նա­զա­նու­թիւն տես­նել ի­րենց շուր­ջը պա­տող ի­րե­րու ու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մէջ՝ վեր չեն նա­յիր, քա­նի որ ա­նոնք վե՛րն են…։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

VADİP-ի հովանաւորութեան ներքեւ մասնագիտական քննարկումներ՝ համայնքային վարչաելմտական առկայ խնդիրներուն շուրջ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահի երդիքին տակ ձեռք առնուեցան օրէնսդրական նոր կարգադրութիւններու հաւանական ազդեցութիւնները թրքահայ հաստատութիւններու պարագային : Վարչայինները ներկայիս հաստատուած դրութիւններուն քայլ յարմարցնել կը ջանան՝ առանց փոքրամասնութեանց վերապահուած իրաւունքներուն ընձեռած առաւելութիւններէն հրաժարելու

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Ե­րեւ­ման Ս. Խա­չի տօ­նին առ­թիւ շա­բա­թա­վեր­ջին մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ապրուե­ցաւ Գու­րու­չէշ­մէի հա­մա­նուն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Լոյ­սի դար» է ի­րա­պէս ներ­կայ շրջա­նը մէ­կէ ա­ւե­լի ի­մաստ­նե­րով. ո՛չ միայն գի­տա­կան ու ի­մա­ցա­կան, այլ նաեւ՝ նիւ­թա­կա՛ն։ Այս դա­րուն մար­դիկ «լոյս եւ ա­ւե­լի լոյս»ի ե­տե­ւէն ին­կած են, ուս­տի քա­րը եւ ա­ղիւ­սը ու տախ­տա­կը լքած են եւ ա­պա­կի կը գոր­ծա­ծեն՝ սկսեալ սե­փա­կան բնա­կա­րան­նե­րէ մին­չեւ հսկայ շէն­քե­րու, գոր­ծա­րան­նե­րու, հան­րա­յին շէն­քե­րու, եւ վա­ճա­ռա­տուն­նե­րու հա­մար։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ կը քննարկուի ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու մա­սին շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, որ մշա­կուած է եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ներդ­րու­մա­յին եւ գոր­ծա­րար նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման, ա­ռեւտ­րատնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման նպա­տա­կով։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ։ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը վե­ցե­րորդ ան­գամ փու­թաց քուէա­տու­փի մօտ՝ ընտ­րե­լու հա­մար երկ­րի խորհրդա­րա­նին կազ­մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու շա­բա­թա­վեր­ջին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Գեր­մա­նիա։ Ան շփում­ներ ու­նե­ցաւ Տիւ­սել­տորֆ եւ Տորտ­մունտ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ուր մէկ­տե­ղուե­ցաւ թրքա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

«Հայ մշակոյթը ի՞նչ ապագայ ունի Թուրքիոյ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան շաբաթավերջին ասուլիսի մը մասնակցեցաւ Ժընեւի 29-րդ գրքի եւ մամլոյ միջազգային տօնավաճառին շրջագծով բացուած Հայաստանի տաղաւարին մօտ:

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց քա­րո­զիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօ­նի­կեա­նի եւ թա­ղի քա­հա­նա­յից դա­սէն Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեա­նի այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ հա­մախմ­բուե­լով վեր­յի­շե­ցին ի­րենց դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րը։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ, Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տա­րուան շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քը։ Ճա­շա­սե­ղան­նե­րու շուրջ հա­մախմ­բուած զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ պէզ­ճեան­ցի­ներ ապ­րե­ցան ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զի­րար վե­րագտ­նե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ մաս­նա­ւոր ձեռ­նար­կով մը ո­գե­կո­չուե­ցաւ նա­հա­տակ գրող Դա­նիէլ Վա­րու­ժան։ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չաց կազ­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս ե­րե­կոյ­թը, Վա­րու­ժա­նը ո­գե­կո­չե­լու հա­մար իր նա­հա­տա­կու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Ս. Խաչ դպրե­վան­քի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան միջ­միու­թե­նա­կան ա­ռա­ջին մտա­խա­ղե­րը, ո­րոնք ստեղ­ծե­ցին մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Դպրե­վան­քի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չուե­ցաւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ «Türk Beyin Takımı»ի եւ «Akıl Oyunları» հան­դէ­սի։

Էջեր