Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դուս բա­րու­թեան ըմբռ­նու­մը պայ­մա­նա­ւոր է, իսկ բա­րիի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը՝ յա­րա­բե­րա­կա՛ն։ Մարդ՝ ըստ պա­րա­գա­նե­րու պա­հաջ­քին՝ եր­բեմն «բա­րի» է եւ եր­բեմն ալ՝ «չար»։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

ՀՏՓ­-ի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց գծով փոխ-նա­խա­գահ եւ Վա­նի ե­րես­փո­խան Նազ­մի Կիւր հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ռու­սա­կան «Ռիա Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած իր հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Կիւր յայ­տա­րա­րեց, որ իր կու­սակ­ցու­թիւ­նը կողմ է Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման եւ սահ­մա­նի բաց­ման։ Ան նաեւ նշեց, որ ՀՏՓ կը փա&sh

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Ռու­սաս­տա­նի բնա­կան կա­զի ըն­կե­րու­թեան՝ «Կազփ­րոմ»ի վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ա­լեք­սէյ Միլ­լէր յայ­տա­րա­րեց, թէ ո­րո­շած են ձեռ­նար­կել «Թրքա­կան հոսք» խո­ղո­վա­կա­շա­րի շի­նա­րա­րու­թեան։ Ռու­սա­կան հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րէն մէ­կուն տուած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին ան նշեց, թէ պի­տի սկսին խո­ղո­վա­կա­շա­րի ծո­վէն անց­նե­լիք հա­տուա­ծի կա­ռուց­ման։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-հիմ­նար­կին մէջ կա­յա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի «Նոր ա­նուն­ներ» ծրագ­րի անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, պա­տա­նի­նե­րը կա­տա­րե­ցին հայ եւ ա­րեւմ­տեան դա­սա­կան յօ­րի­նող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ նա­խըն­թաց օր կա­տա­րուած տգեղ յար­ձա­կումն ու հրկի­զե­լու փոր­ձը բո­ղո­քի ցոյ­ցով մը դա­տա­պար­տուե­ցան Գա­տը­գիւ­ղի մէջ։ «Ո՛չ ցե­ղա­պաշ­տու­թեան» նա­խա­ձեռ­նու­թեան կո­չով ի­րա­կա­նա­ցաւ այս քայ­լար­շա­ւը, ո­րու ըն­թաց­քին պար­զուե­ցան հա­կա­ցե­ղա­պաշ­տա­կան պաս­տառ­ներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

​Ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ երկ­րի բարձ­րա­գոյն իշ­խա­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ կ՚ապ­րուին յա­գե­ցած օ­րեր։ Քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ հան­դէս կու գան տար­բեր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով՝ մեկ­նա­բա­նե­լով հա­ւա­նա­կան զար­գա­ցում­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Եւրոպական խորհրդարանը 432 կողմ եւ 94 դէմ քուէով ընդունեց Թուրքիոյ վերաբերեալ ամենամեայ զեկոյցը:
Եւրոպական միութեան նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտնեց, թէ ետ պիտի վերադարձնեն փաստաթուղթը՝ 1915-ին կատարուած յղումին պատճառով:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

​ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք Ե­րե­ւա­նի մէջ մէկ­տե­ղուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, Նալ­պան­տեան-Ո­ւոր­լիք հան­դի­պու­մը տե­ւեց ըն­դա­մէ­նը հինգ վայր­կեան, սա­կայն ա­նոնք դուրս ե­լան միա­սին՝ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չի­կի ու­ղեկ­ցու­թեամբ եւ հե­ռա­ցան ինք­նա­շար­ժով։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Եւրոմիութեան օժանդակութեամբ Ենիգիւղի յունաց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շահեկան նախագիծը:
«Քոնտա»ի կողմէ կատարուած հարցախոյզը ի յայտ կը բերէ ընկերային ցանցերու հետ փոքրամասնութեանց կապը:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի հնգօրեայ ժողովը կը շարունակուի:
Ընդհանուր քարտուղար Տքթ. Օլաւ Թուէյթ ու իր ընկերակիցները փափկավարական այց մը տուին Նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Պա­քըր­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­ռա­սուն ման­կանց երգ­չա­խում­բի ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մը ե­րէկ հա­մերգ մը սար­քեց  Ա­թա­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ։ Ա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան շար­քե­րուն տեղ գրա­ւած էին թա­ղին հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան, Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր ու իր ըն­կեր­նե­րը, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, վաս­տա­կա­շատ կրթա­կան մշակ Հեր­մի­նէ Պեն­լիօղ­լու։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ խան­դա­վառ օր մը։ Ու­սում­նա­կան տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս յա­նուն վար­ժա­րա­նի մրցանք­նե­րու մաս­նակ­ցած եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ նուա­ճած պա­տա­նի­նե­րը ներ­կա­յա­ցան Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի ըն­տա­նի­քին եւ ան­գամ մը եւս խլե­ցին ա­նոնց ծա­փե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը։ Ներ­կայ էին վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հայկ Աս­լա­նեան, տեղ­ւոյն Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, տնօ­րէն Ա­րաս Տե­լի­ճէ, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն խորհր­դա­կան Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, վաս­տա­կա­ւոր տնօ­րէն Մա­րի Նալ­ճը, ինչ­պէս նաեւ ծնող­ներ, ո­րոնք փու­թա­ցած էին ող­ջու­նե­լու շրջա­նա­ւարտ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Յայտ­նի հայ ե­րա­ժիշտ Ա­րամ Տիգ­րան իր ա­նու­նը կրող ա­րուես­տի փա­ռա­տօ­նով մը չոր­րորդ ան­գամ պի­տի ո­գե­կո­չուի Տիար­պա­քը­րի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Ջու­թա­կա­հար Քիմ Քաշ­քա­շեան եւ դաշ­նա­կա­հար Փի­թըր Նա­կի, ի ներ­կա­յու­թեան եր­գա­հան Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի, այս ի­րի­կուն հա­մերգ մը պի­տի սար­քեն Գում­գա­բուի Ս. Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի հերթական նիստը:
Միջեկեղեցական բարձրաստիճան ժողովականները ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Ֆրան­սա­յի «Լը Մոնտ» յայտ­նի օ­րա­թեր­թը վեր­ջերս դրուա­տա­լից յօ­դուած մը լոյս ըն­ծա­յած է Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կին։ Հինգ է­ջե­րու վրայ տա­րա­ծուած այս ծա­ւա­լուն յօ­դուա­ծը ման­րա­մաս­նօ­րէն ծա­նօ­թա­ցու­ցած է «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կը, նաեւ ա­նոր բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դի­րը՝ ազ­գա­յին մե­ծա­նուն բա­րե­րար Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­կին­քի ան­բիծ կա­պոյ­տը հրա­ւէ՛ր է մարդ­կու­թեան հա­ւատ­քի, մա­քուր կեան­քի, բա­րի ապ­րե­լու, ճշմա­րիտ ար­ժէք­ներ ճանչ­նա­լու եւ վեր­ջա­պէս՝ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ յայտ­նի նկա­րիչ եւ ու­սու­ցիչ Հրազ­դան Թոք­մա­ճեա­նի «Այն­թա­պի ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը» գիր­քը։ Մա­տե­նա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ այս գիր­քին հա­մար կազ­մա­կեր­պուած շնոր­հան­դէ­սին ներ­կայ գտնուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Վրաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Թիֆ­լիզ ժա­մա­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թե­նէն պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ նա­խա­գահ Ե­դո­ւարդ Մի­լի­տո­նեա­նի։ Այ­ցի նպա­տա­կը Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի թիֆ­լի­զեան բնա­կա­րա­նը ամ­բող­ջա­կան տես­քով Վի­րա­հա­յոց Թե­մին փո­խան­ցելն էր:

Էջեր