Արխիւ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է փոխադրամիջանցք մը ստեղծել Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու միջեւ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ հանդիպում:
Ըստ Սարգսեանի, Հայաստան պիտի շարունակէ կատարել իր միջազգային պարտաւորութիւնները:
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ջերմ հանդիպումներ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները եւ քաղաքապետներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ֆրանսահայ աշակերտներէ բաղկացեալ մեծ խումբ մը։ Մարսէյլի Համազգայինի վարժարանէն եւ Փարիզի Դպրոցասէր վարժարանէն շուրջ 45 աշակերտներ Ս. Զատկի տօնական շրջանին ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Երէկ բովանդակ Թուրքիա մեծ ցաւ ապրեցաւ Թունճելիէն հասած լուրերով։ Հանրային պաշտօնեաներ փոխադրող ոստիկանական ուղղաթիռ մը անկում ունեցաւ՝ անբարենպաստ եղանակի հետեւանքով։ Լեռնային հատուածէ մը ներս պատահեցաւ արկածը, որու հետեւանքով տասներկու հոգի նահատակուեցաւ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ոչ ոք իր մօր որովայնէն տգէտ, գիտուն կամ իմաստուն դուրս ելած է։ «Մերկ եկած ենք եւ մերկ ալ պիտի երթանք», ինչպէս պիտի ըսէր համբերատարութեան գերագոյն օրինակը՝ Յոբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած փակուղին տօնական շրջանի եւ հանրաքուէի աւարտին միշտ կը բնորոշէ համայնքին օրակարգը:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ խորհրդակցութիւն մը կ՚ունենան VADİP-ի համակարգման խորհուրդի անդամներուն հետ՝ քննարկելով առկայ ծանր խնդիրներն ու լուծման հեռանկարները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային մարմինը իր գոյութիւնը պահելու եւ տեւականացնելու համար պահանջքը կը զգայ սնունդի եւ այս պատճառով, բնականաբար, երկրաւոր-նիւթական սնունդ կը փնտռէ երկրի վրայ, քանի որ մարմինը երկրային է եւ անշո՛ւշտ որ երկրային սնունդով պիտի սնանի։
16 Ապրիլի հանրաքուէի արդիւնքները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին մօտ կը կատարուին բազմաթիւ բողոք-դիմումներ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեանի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Տիանա Գամբարոսեանն ու Քէյ Քէսթէկը։ Գալֆաեանը ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 150-ամեակը եւ այս յոբելեանը նշելու համար կազմուած է կարգադիր յանձնախումբ մը։
ՅՈՒՇԻԿ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ես քեսապցի եմ:
Գիտէ՞ք՝ ինչ կը նշանակէ քեսապցի ըլլալ… Վստահաբար աւելի նշանակութիւն ունի, քան՝ խնձորի պարտէզ ունենալը, ամառները Քեսապ անցընելը, քանի մը բառ քեսպնօք ջարդելը, կամ քեսապցիներուն կէսը ազգականներդ ըլլալը (միւս կէսն ալ՝ խնամիներ): Այս բոլորէն շա՜տ, շա՛տ աւելի…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
- «Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք պահպանելու համար մեր եկեղեցիները»
Ահաբեկչութենէն ժամեր անց Քիրիլլոս Պահիժ անունով ղըպտի քաղաքացին իր ընկերներուն հետ շիրիմներ կը փորէր Թանթա քաղաքի «Մար Ժըրժէոս» եկեղեցւոյ մէջ զոհուածները թաղելու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը ունի երկու երեսակներ՝ ան, նախ «անհատ» մըն է, յետոյ մարդկային ընկերութեան մէկ «անդամ»ը։ Արդարեւ այս երկու երեսակներուն ներդաշնակութիւնն է որ կը կազմէ մարդը ամբողջութեամբ։ Մարդուն, ինչպէս կ՚ըսուի, ո՛չ մէկ բան օտար է որ մարդկային է։
Չարլի Փափազեան գրեթէ ամէն ինչ գիտէ տնային պայմաններու մէջ գարեջուր պատրաստելու մասին: Ամբողջ աշխարհի մէջ սիրուած խմիչքին ամերիկացի գիտակը այս գործին նուիրած է իր ամբողջ կեանքը:
ՀԱՊԿ-էն ներս վերջապէս ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացաւ երկար սպասողական շրջանէ մը վերջ:
Մայիսի 2-էն սկսեալ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Եուրի Խաչատուրով՝ որպէս Հայաստանի ներկայացուցիչ:
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ շահեկան դասախօսութիւն մը Պէյրութի մէջ:
Ճարտարապետ Րաֆֆի Կերճեան խօսեցաւ «Հայկական ճարտարապետութիւնը Լիբանանի մէջ» նիւթին շուրջ:
Թրամփ երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյցով Էրտողանը շնորհաւորեց հանրաքուէի արդիւնքին համար:
Թուրքիոյ մէջ յառաջիկային եւս երեք ամիսով պիտի երկարաձգուի արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քանի մը օր ետք գարունը Հայաստանի մէջ իր լիիրաւ իրաւունքներուն կը տիրապետէ: Արդէն առաւօտուն քաղաքին մէջ քեզ առաջին ողջունողները կ՚ըլլան ծաղկած ծառերը, որոնք ճերմակ ծաղիկներով կ՚աւետեն գարնան գալուստը, իսկ անոնցմով հիացողները եւ առատ բերքին սպասողները կ՚աղօթեն, որ խիստ ցրտահարութիւն մը չըլլայ եւ գարնան բերքն ու բարիքը առատ ըլլան ամրան ամիսներուն:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան հովուապետական եռօրեայ այցելութիւն տուաւ Գամիշլի՝ ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհըր-դարանի երեսփոխան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեանի:
Ամերիկացի գրող ու ճանապարհորդ Պրիւս Նորթըմ արկածասէրներուն առաջարկած է ինն երկիր, ուր կարելի է ապրիլ ամսական 1000 տոլարէն քիչ գումարով: