Արխիւ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբի անդամները, որոնք ներկայիս կ՚այցելեն Երեւան։
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ այս տարի եւս ամրան շրջանին վերապատրաստման դասընթացքներ կազմակերպուած են սփիւռքահայ կրթական մշակներու համար։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կը շարունակուի հացադուլը այն երիտասարդներուն, որոնք կը բողոքեն Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման դէմ։
Ամերիկացի յայտնի մեներգչուհի Պեթ Հարթ վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Ռուսաստան։ Ուֆայի մէջ ան կը մասնակցի ՊՐԻՔՍ-ի, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) եւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովի աշխատանքներուն։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Լոնտոն։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն ունեցած է բազմաբնոյթ շփումներ։
Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ:
«20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու համեմատական վերլուծութիւն» խորագրեալ գիտաժողովի բացման հանդիսաւոր նիստը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի երդիքին տակ: Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը:
Գանատահայ համայնքի սիրուած ու յարգուած երէց սերունդի անձնաւորութիւններէն Տքթ. Արթօ Տէմիրճեան վերջերս պարգեւատրուած է Քէպէքի Ատամնաբոյժներու ընկերակցութեան կողմէ։
Միջազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ եւ եւրոպական Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փաթրիք Հիքէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին պիտի այցելեն Երեւան՝ մասնակցելու համար Հայաստանի Ողիմպիական ազգային կոմիտէի հիմնադրութեան 25-ամեակի յոբելենական արարողութիւններուն։
Պելժիոյ Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը երէկ քուէարկեց հայկական հարցին վերաբերեալ նախագիծ մը, որ պատրաստուած էր երկրի կառավարութեան կողմէ։
Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» վարժարանի հանդիսաւոր բացման արձագանգները կը շարունակուին։
Փարիզի հայաշատ արուարձանին մէջ կեանքի կոչուած ծրագիրը՝ ամէնօրեայ աշխատանքի արդիւնք։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը շարունակեն քննարկումները:
ԱՄՆ պատրաստակամ է աշխատանքը շարունակելու համար Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի հետ:
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Խամաճիկները օդին մէջ կախուած- առանց չուանի
Առանցքին շուրջ գլխիկոր կը տապլտկին.
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան վաղը Մոսկուայի մէջ պիտի տեսակցի Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ՝ քննարկելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ տեսակցեցաւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ միօրեայ շփումներ ունեցաւ Ուրֆայի մէջ:
Սուրիայէն խոյս տալով Թուրքիա ապաստանած հայ ընտանիքներուն կարիքները անմիջական ուշադրութեան առարկայ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մխիթարեան Միաբանութեան մեծավաստակ դէմքերու ոսկեմատեանին մէջ բարձր է արժէքը Հայր Ղուկաս Ինճիճեանի (Ղուզիոս Միքայէլեան), որ վախճանած է Յուլիս 2-ի օրը, 182 տարի առաջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս սեփականութիւնը հոգի՛ն է, եւ անոր զօրութեան միջոցով կը հասնի իմաստասիրական ու գաղափարային վերելքներու եւ մտքին կարողութիւնները կը ծառայեցնէ մարդկային քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան ու լուսաւորութեան։
Հայ-ազէրի սահմանին վրայ այս շրջանին վերստին կ՚ապրուին լարուածութիւններ։ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ կը բանան հայկական դիրքերուն վրայ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը կը շարունակուի թափով:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երիտասարդներուն միշտ կը յորդորէ՝ անպայման սորվիլ հայերէն: