Արխիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արձագանգեց Ատրպէյճանի կողմէ Հռոմի մէջ կազմակերպուած, հակահայ ուղղուածութեան ձեռնարկին
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ուրախ եղէ ես ոյք ասէին ցիս,
ի տուն Տեառն երթիցուք մեք։
(Սաղմոսք, 121.1)
Ծաղկազարդ է այսօր կամ ժողովրդական անունով «Ծառզարդար», նաեւ Սահակ Ձորափորեցի Կաթողիկոսի կոչմամբ «Արմաւենեաց կիրակի», որ ընդհանրացած է քոյր եկեղեցիներու մէջ եւս։ Տօնակատարութիւն մը, որուն արտաքին երեւոյթը կը ներկայանայ ձիթենիի եւ արմաւենիներու ճիւղերով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերջին Արեւագալին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը, 13 ապրիլ 2025-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ յայտնի համայնքային գործիչ ՅակոբՏուրսուն երէկ կնքած է իր մահկանացուն։ Բօթը խոր ցաւ ստեղծած է՝ նկատիունենալով, որ Յակոբ Տուրսուն երկար տարիներէ ի վեր բարի կամեցողութեամբ իրնպաստը կը բերէր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարները արժեւորեցին տարածաշրջանային հարցեր:
Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի պաշտօնական բացման ընդառաջ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ կարեւոր շփում:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մարտի վերջին երեքշաբթի առաւօտն էր, երբ ճշդուած ժամուն, միտքս լեցուած անօրինակ կարօտով, հայկական այդ դպրոցը գացի: Կ՚երթայի յատուկ հրաւէրով մը, հանդիպելու վարժարանի երկրորդականի բարձրագոյն երկու կարգերու երկսեռ աշակերտներուն հետ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկութիւնը այլ կենդանի արարածներէն տարբերող յատկանիշը մտածելու եւ մտածումները արտայայտելու ընդունակութիւնն է։ Հակառակ տարածուած ընկալման՝ մտքի ազատութիւնը միայն ներաշխարհի ազատութիւն չի նշանակեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատացեալը յաճախ գործածելու է «հաւատքի աչքեր»ու իր հեռադիտակը՝ տեսնելու դրախտի գեղեցկութիւնը եւ երկնային երանութիւնը, եւ բաղդատելու զանոնք երկրային հրապոյրներու հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութիւնը անկողմնակալ վկան է բոլոր այն ազգերուն, որոնք ամօթալի պարտութեամբ կորսնցուցած են ո՛չ միայն իրենց երկիրը, այլ նաեւ արժանապատուութիւնը։ Նախապէս ըսած ենք, որ ազգերու պատմութեան մէջ պարտութիւնը այնքան ալ «ամօթալի» երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ երբ երկու կողմեր կը հակամարտին՝ բնական է, որ մէկ կողմը պիտի յաղթէ, իսկ միւսը յաղթուի, սակայն, ամօթը սկիզբ կ՚առնէ այն ժամանակ, երբ յաղթուածը ծնկաչոք կ՚ընդունի իր պարտուածութիւնը ու ծափահարութիւններով կը սկսի գոհաբանել յաղթողը, ինչ որ ստրկութեան նախաբանն է:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճիի եւ վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճըի։
Երուսաղէմի փոխ-քաղաքապետ Աթիր Շվարթց երէկ այցելեց Հայոց Պատրիարքարան։ Նկատի ունենալով, որ քաղաքապետարանը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն վիճելի ու խտրական ձեւով կալուածատուրքեր կը պահանջէ եւ կուտակուած գումարները բռնագանձելու հետամուտ է՝ տարակարծութիւններու եւ լուրջ անհանգստութիւններու շրջան մը սկսած է։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քրիստոնեայ հաւատացեալը կոչուած է յոյսով ապրելու: Յոյս, որ կատարեալ վստահութիւն ունի Աստուծոյ նկատմամբ, չ՚երկմտիր հաւատքի եւ Աստուծոյ վերաբերեալ հարցերուն նկատմամբ, միշտ զօրաւոր է՝ հակառակ դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն:
Մինչ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի առողջութեան վերիվայրումները յաճախակիօրէն կը զբաղեցնեն օրակարգը, Վատիկան Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու գծով այնպիսի ընթացք մը որդեգրած է, որ Հայաստանի զգայնութիւնները կ՚անտեսուին սիստեմաթիք ձեւով։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տեքոթինյիի հետ։
Հանրապետութեան նախագահը 1,5 ժամ զրուցեց ՏԵՄ կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Տասներեք տարի անց շփում. Էրտողան Պուլտանն ու Էօնտէրը երէկ հիւրընկալեց՝ իր կողքին ունենալով Քալընն ու Ալան:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Կը հաղորդուի, որ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած է յատուկ յոբելենական հանդիսութիւն մը՝ մասնակցութեամբ համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեանի։
Ամերիկահայ յայտնի գործարար, գիտնական ու բարերար Նուպար Աֆէեան վերջերս այցելեց Երեւան, ուր կեցութեան օրերուն ընդունուեցաւ Հայաստանի ելմտական նախարար Վահէ Յովհաննիսեանի կողմէ։
Ռուսաստանի նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքօ վերջերս այցելեց Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ։