Արխիւ
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ լրագրող ու բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ լոյս տեսած է «Kuzey Işığı» հրատարակչատունէն։ Այս հրատարակչութեան կենսագրական բնոյթով գործերու շարքին մաս կազմած է Վերճիհան Զիֆլիօղլուի գիրքը, որ կը կոչուի «Beni Benimle Bırak & Majak Toşikyan'dan Cenk Taşkan'a»։
Վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած «212 Photography Istanbul» մեծ ցուցահանդէսը արժանացաւ անմիջական հետաքրքրութեան։ «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը, որու ընթացքին ներկայացուեցան ծանօթ ու հեղինակաւոր լուսանկարիչներու գործերը։
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Երբ որբանամ պահերէն
Երբ աշխարհէն խռովիմ,
Երբ տապարը պատմութեան
Ազգիս գլխուն կ՚աղկանձէ
Երբ Մարդուն խիղճը բորբոսի
Երազները թարմ ու վարդ
Մահուան դռները թակեն,
Առանձնութեանս մէջ, եկո՛ւր
Կը կարօտնամ ես քե՛զի։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ասկէ ետք կը ճառէ հրեաներու հակառակութեան մասին.
Խօսք. «Ժողովուրդը պատասխանեց.
-Մեր Օրէնքը մեզի կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս յաւիտեան պիտի մնայ» (Յհ 12.34):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հոկտեմբեր ամիսը աբովեանական շունչ մը ունէր իր մէջ: Օրեր առաջ նշուեցաւ մեր գրականութեան սիւներէն մէկուն՝ արեւելահայ աշխարհաբար գրականութեան հիմնադիրին ծննդեան օրը, բայց մինչ այդ, տեղի ունեցան քանի մի ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին ոգեկոչուեցաւ Խաչատուր Աբովեան ո՛չ միայն գրողը, այլ նաեւ՝ հայ իրականութեան այլ ասպարէզներու մէջ իր ներդրումը ունեցող մտաւորականը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ հաւասար կը ծնին, սակայն կ՚ապրին անհաւասար:
Հաւասար ծնելու ընթացքը եւս երկար չի տեւեր. կը ծնին մերկ ու հաւասար, սակայն վայրկեան մը ետք այդ հաւասարութիւնը վերջ կը գտնէ, երբ մին դրուի շերամի թելով հիւսուած խանձարուրի մէջ, իսկ միւսը կարկտան ու հնամաշ կտորի մը մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի օրակարգի առկայ հրատապ հարցերու լոյսին տակ, շօշափեցինք ռազմաքաղաքական հարցերու փորձագէտ Արմինէ Մարգարեանի տեսակէտը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբ կնոջական հագուստի մը կարճութիւնը կ՚ըմբռնենք որպէս անբարոյականութեան հաւաստիք, իսկ անոնց ընկերային փարթամ կեանքը որպէս բարոյազրկութիւն, ինչքա՜ն աւելին պիտի ընէինք միասեռականութեան հանդէպ: Սակայն նախքան միասեռական մը կշտամբելը յիշեցէք. եթէ ո՛չ ձեր զաւակներէն մին, ապա ձեր թոռները եւ կամ անոնց զաւակները կրնան միասեռականներ դառնալ, որովհետեւ մենք նշմարենք թէ ոչ՝ օրական դրութեամբ, նոյնիսկ մեր տուներէ՛ն ներս միասեռականութեան քարոզարշաւն է որ կը տարուի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1937 թուականին Իսթանպուլի մէջ «Մշակոյթ» գրատան հրատարակչութենէն լոյս կը տեսնէ «Հայ տոհմանուններ» խորագրով պատմական հետազօտութիւն մը: Հրատարակիչները նման հետազօտութեան անհրաժեշտութիւնը կը բացատրեն Թուրքիոյ մէջ մականուններու զործածութեան անհրաժեշտութեամբ, նշելով, որ այդ անհրաժեշտութենէն բխելով ալ, Թուրք Պատմութեան հետազօտիչ միութեան այդ ժամանակ արդէն հանգուցեալ նախագահը՝ Եուսուֆ Ագչուրա (1876-1935թթ.) տարիներ առաջ փափաք յայտնած էր ուսումնասիրել հայկական մականուններու ծագումը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Եկէ՛ք, խօսինք երջանկութեան մասին։ Այսօր ձեր կռնակին ծանր բեռ մը կը զգա՞ք։ Գուցէ նիւթական դժուարութիւններու մէջ էք, ձեր երազած տանը մէջ չէք ապրիր կամ ձեզ ժպտացնող մարդոց հետ այլեւս խզուած են ձեր կապերը…
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հարուստ է մշակութային արժէքներով։ Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպի ու իրենց անմիջական աշակերտներու ներդրումով բացուեցաւ Հայ գրականութեան Ոսկեդարը։ Հայերէնով արտադրուած երկերու ընդմէջէն անմահացաւ այս կարեւոր շարժումը։
Թուրքիա-Գերմանիա փոխյարաբերութիւններու նոր շրջանին համար դրական ակնկալութիւններ:
Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Անկելա Մերքելը, որ կը հեռանայ մեծ քաղաքականութենէ:
Շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց յայտնի մտաւորական, պետական-քաղաքական գործիչ Վանօ Սիրադեղեան, որ Հայաստանի ներկայ անկախութեան ձեռքբերման յառաջատար դէմքերէն մին եղած էր։ Վանօ Սիրադեղեանի մահուան մասին տեղեկացուցին իր որդին՝ Խաչատուր Սիրադեղեան եւ կինը՝ Ռուզան Տօնոյեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ հանգուցեալ երեսփոխանի հոգեհանգստին:
Ողբացեալ քաղաքական գործիչ եւ հրապարակագիր Մարգար Էսաեանի քաղցր յիշատակը Շիշլիի գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան ներկայացուցիչներու աղօթակցութեամբ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայ գտնուեցաւ անմոռանալի վարպետի ոգեկոչման արարողութեան:
Արա Կիւլէրի մահուան երրորդ տարելիցին առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին վրայ:
Սիւլէյման Սոյլու երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց փրոֆ. Թորոս Ալճանն ու Իսհակ Իպրահիմզատեհը:
Ներքին գործոց նախարարին հետ քննարկում՝ փոքրամասնութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու վաղեմի խնդրին շուրջ:
Ս. Թարգմանչաց տօնը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Էսաեան վարժարանէն ներս։ Այս առթիւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ծրագիրը եզակի բնոյթ մը ունէր։
Վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալի կանխատեսումները նոր իրավիճակի մէջ. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը երբեք միջազգային մակարդակով առաջնահերթութիւն մը չէ եղած։ Միշտ գտնուած է աւելի կարեւոր բան մը։ Ոչ ոք կրնայ ձեւացնել, որ առայժմ աւարտած է։ 2025 թուականին պիտի գայ վերջնաժամկէտ մը, որ կապուած է Ռուսաստանի խաղաղապահներու առաքելութեան երկարաձգումին կամ վերջանալուն հետ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները դարձեալ ստիպուած պիտի ըլլան այս հարցին նայելու եւ մինչեւ այսօր տեղի ունեցածներէն շատ աւելի լուրջ բանակցութիւններ վարելու»:
«Ատրպէյճան կը փորձէ նոյնինքն Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելով՝ կամաց-կամաց Արցախի հայկական ազդեցութիւնը թուլացնել։ Կը կարծեմ, թէ այս ռազմավարութիւնը յաջող կ՚ընթանայ»:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մամուլը, իւրաքանչիւր ժողովուրդի կամ հասարակութեան համար, նկատուած է, իբրեւ անոր անբաժան մասնիկը: Եւ որքան հասարակութիւնը ազատ ըլլայ, այնքան ալ իր մամուլը ազատօրէն կրնայ «շնչել» ու մեծ դեր խաղալ ու ստանձնել անոր կեանքին մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին անգամ Արա Եսայեանին հետ խօսած էի անցեալ ապրիլին։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ իմ բարեկամ Արան խանդավառուած Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապին Իրաք եւ մասնաւորապէս Մուսուլ տուած այցելութենէն, ինք եւս մեկնած էր այդ քաղաքը, մօտէն ծանօթանալու այնտեղ տիրող իրավիճակին, մանաւանդ որ հայութեան համար ալ Մուսուլը ունէր իւրայատուկ դիրք ու պատմականօրէն կը համարուէր իրաքահայութեան գլխաւոր ոստաններէն մին։