Արխիւ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Շիշլի մարզակումբի մարզիկները ճատրակի մէջ զանազան տարիքային դասաւորումներէ ներս վերջերս արժանացած են մետայլներու եւ նուաճած՝ բաժակներ։ Շիշլիցիները մասնակցութիւն բերին 2021 թուականի Թուրքիոյ փոքրերու եւ աստղերու դասաւորման ճատրակի խմբային մրցաշարքի Իսթանպուլի հանդիպումներուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայ քնարերգակ բանաստեղծ, հայ գրականութեան ամենագեղապաշտ բանաստեղծը նկատուող Միսաք Մեծարենցի նամակներուն մէջ առանձնակի տեղ ունին գրողին գրած նամակները՝ Օֆէլիա Ներկարարեան-Գասապեանին:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ինծի համար շատ հետաքրքրական է դիտել մարդը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, եւ ուսումնասիրել անոր տարօրինակ յատկութիւններն ու ամփոփել զանոնք՝ կարենալ տրամաբանական եզրակացութեան մը հասնելու համար, անոնց նկատմամբ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ» (Յհ 12.1):
Մեկնութիւն. այս խօսքին մասին չորս բան գիտելի է. առաջին՝ գիտելի է կարգը, թէ Աւետարանիչը նախ Քրիստոսի Աստուածութիւնը ցոյց տուաւ Քրիստոսի գործերէն, որ կատարեց մարդոց մէջ շրջելով:
Գնալը կղզիի մէջ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ երէկ տեղի ունեցան ֆութպոլի հանդիպումներ։ Տաղաւարի օրուան բնորոշ համայնքային մարզակումբերուն կողմէ կեանքի կոչուած աւանդական նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Դաժան կը թուի, երբ անձ մը ցաւ կամ վնաս կը պատճառէ ուրիշին: Ատիկա աւելի անհանդուրժելի կը դառնայ, երբ դիմացինը ի վիճակի չէ նոյնը ընելու:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխատանքի եւ ընդհանուր առմամբ կեանքի համար «դրական» ապագայի ուրուագծումը կը կոչուի ապագայապաշտութիւն (futurism), իսկ անոնք, որոնք կ՚ընդունին այս տեսակէտը կը կոչուին ապագայապաշտ (futurist)։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Երէկ Նայիրի Զարեան կը կարդայի: Պատահմամբ հանդիպեցայ այն երբեմնի գեղեցիկ (ինծի համար) բանաստեղծութեան, զոր քանիցս արտասանած եմ բեմերէն եւ, ինչու չէ, նաեւ առանձին, սենեակիս մէջ, ընթերցումներուս ժամանակ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող օրերուն համացանցի վրայ տարածուեցաւ Արցախի վերջին պատերազմի ռազմագերիներէն մէկուն տեսերիզը, ուր գերինէն մին յուզուած ու արտասուաթոր, դատաւորին կը դիմէր հետեւեալ խօսքերով. «Պարոն դատաւոր, տունը հիւանդ մայր ունիմ՝ որուն խնամակալը ես եմ...»:
Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու երկրէն դուրս գալէն վերջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը, որով պայմանաւորուած գաղթականաց նոր հոսքի մը հեռանկարն ալ կը մտահոգէ միջազգային հանրութիւնը։
Երէկ, Երեւանի մէջ նշուեցաւ Հնդկաստանի ազգային տօնը։ Երկրի անկախութեան 75-ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեան, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ հնդիկ դեսպանին կողմէ։
2018 թուականին մահացած աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, եթէ ապրէր, ապա 93 տարեկան դարձած պիտի ըլլար։ Արա Կիւլէրի տարեդարձին առթիւ այս օրերուն կազմակերպուած է եզակի ցուցահանդէս մը, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ ամերիկեան Moderna ընկերութեան համահիմնադիր եւ ընդհանուր տնօրէն Նուպար Աֆէեանի հետ քննարկեց՝ քորոնաժահրի դէմ գտնուած համանուն պատուաստանիւթի արտադրութիւնը կազմակերպելու վերաբերեալ հարցեր։ Գանատացի վարչապետը ամերիկահայ գործարար, գիտնական ու յայտնի բարերարին հետ ծաւալած քննարկման շուրջ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուած իրադրութիւնը կը շարունակուի։ Շաբաթավերջին բախումները շարունակուեցան սահմանի զանազան հատուածներուն վրայ։
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ պաշտօնական այցելութիւնով ժամանած է Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Այս առաւօտ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ Արմէն Գրիգորեանի եւ Ֆրասիսքօ Պուսթիժոյի հանդիպումը։
Անժամանակ մահացած լուսահոգի լրագրողը շաբաթավերջին յուղարկաւորուեցաւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ:
Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի մարմինը ամփոփուեցաւ քաղաքային պանթէոնին մէջ, թարմ ծաղիկներով ծածկուեցաւ իր շիրիմը:
Փարիզի մէջ, այսօր, իր մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ կ՚ոգեկոչուի սփիւռքահայ մեծանուն մտաւորական Վարդան Օզինեան։ Կեանքի մէջ արձանագրած բոլոր նուաճումներով, հասած բոլոր դիրքերով եւ արժանացած բոլոր կոչումներով ու տիտղոսներով հանդերձ, ան սիրած էր մինչեւ իր վերջին շունչը մնալ ու որակուիլ՝ որպէս Կեդրոնականի սան։
«Ս. Աստուածածինը կ՚ապրի մեր մէջ, կ՚ապրի բոլոր մայրերու մէջ եւ մենք անցեալով չենք խօսիր իր մասին»:
Հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեւոր մեծ ուրախութեամբ մասնակցութիւն բերաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութեան:
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Բանակցութիւններու առընթեր, Արմէն Գրիգորեան եւ Ֆրանսիսքօ Պուսթիժօ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։