Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Տուպայի քաղաքը կը հիւրընկալէ անցեալ տարուընէ յետաձգուած «Էքսփօ 2020»ը: Համաշխարհային այսպիսի մեծ ու կարեւոր հանդիսութեան մը կազմակերպման ստանձնումը կը պահանջէ տուեալ երկրէն մեծ կարողականութիւններ եւ Տուպայիով, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պէս պետութեան մը համար ապահովուած են անոնք:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իւրաքանչիւր երկիր ունեցած է վայրկեաններ, երբ մտածող մարդու, աշխատող անձի համար անտանելի եղած է իր հայրենակիցներու շրջանին մէջ ապրիլ: Իւրաքանչիւր երկիր եղած է այն դրութեան մէջ, որ լուսաւորուած մարդը ստիպուած եղած է տխրութեամբ նայիլ իր հայրենի հասարակութեան վրայ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեխան նորէն կծկուած կը նստի ննջասենեակի մէջ: Հիւրասենեակէն կու գան հայհոյախառն բարձր ձայներ: Անպատճառ վէճ մը կրկին ծագած է իրենց երբեմնի խաղաղ կտուրէն ներս:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն եւ անդամուհիներէն Մելիսա Սիւմէն։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Ճաբոնի մէջ հայ երաժշտական մշակոյթը աշխուժօրէն տարածելու գործին մէջ մեծ ներդրում ունենալուն համար Թոքիոյի մէջ «Կոմիտաս» երաժշտական միութեան համահիմնադիր, տաղանդաւոր դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպա պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան մետայլով։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Ոգեզէն» նորաստեղծ հարթակի շնորհանդէսը։ Ըստ երէկ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, այս հարթակը ստեղծուած է թեքնոլոժիի եւ ռազմավարական կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ։
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հերթական անգամ թիրախաւորուեցաւ՝ Եմէնի շիի հուսիներուն կողմէ, որոնք Իրանի հովանաւորութիւնը կը վայելեն։ Անջատողական այս շարժումի վերջին յարձակումը հետաքրքրական ժամկէտի մը զուգադիպեցաւ։
Հայասանի Հանրապետութեան նախագահի աթոռը այս առաւօտեան դրութեամբ պաշտօնապէս հռչակուեցաւ թափուր։ Շաբաթ մը առաջ Արմէն Սարգսեան հրաժարած էր Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն՝ զուգահեռաբար սկսած էր Սահմանադրութիւնով նախատեսուած ընթացակարգը։
Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ թռիչքները վաղը պիտի վերսկսին՝ շուրջ երկուքուկէս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ։ Այժմու նոր մեկնարկը տեղի կ՚ունենայ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի համայնապատկերին վրայ, եւ անոր համապատասխան իմաստ կը վերագրուի։
Մխիթարեաններու Վիեննայի վանքի գրադարանի հայ պարբերական մամլոյ հաւաքածոյի թուայնացում:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հովանաւորած ծրագրին ներգրաւուած է նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան:
Անթալիայի մէջ նախորդ շաբթուայ տեւողութեան տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ճատրակի առաջնութիւնը՝ ըստ զանազան տարիքային դասաւորումներու։ Այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Շիշլի մարզակումբէն 18-ամեայ Պերքայ Էքինճի, որ թէ՛ աստղերու եւ թէ գլխաւոր կազմին մասնակից է։
Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց նուիրատուները եւ ցուցմունքներ տուաւ նոր շրջանին համար:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնուեցաւ Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի գործունէութեան տեղեկագիրը:
Էսաեան սանուց միութիւնը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 75-ամեակը։ Այս առթիւ միութեան ներկայացուցիչները երէկ հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկ մասնակցեցաւ՝ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի նախագահութեամբ կազմակերպուած էքիւմենիք արարողութեան մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետի ճամբորդութիւնը սկսած է այսօր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 104 տարիներ առաջ՝ 28 մայիս 1918 թուականին ստեղծուեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւնը, գլխաւորութեամբ Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Հայաստանի պաշտօնական դրօշ ընդունուեցաւ եռագոյնը՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Մեղքերուն համար» (տե՛ս Յհ 16.8):
Ի՞նչ է մեղքը. ամէն ինչ որ դուրս է բնական եւ գրաւոր օրէնքներէն՝ վարուելակերպ ու շարժումներ, ատոնք մեղք են:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լիբանանի Այնճար հայաւանի «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ, աստուածաբանութեան տոքթոր Հ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան Հայաստան գալով, ամէն անգամ կը բերէ նոր լոյս տեսած իր հերթական գիրքը:
Հայաստանի Սինեմաթոկրաֆներու միութեան դահլիճը օժտուեցաւ նոր սարքաւորումերով եւ այնուհետեւ հանդիսատեսին կը ներկայանայ նոր լուսային ու ձայնային թեքնիքով մը։ Այս համալրման շնորհիւ հնարաւոր պիտի դառնայ, որ «Կինոյի տան» երդիքին տակ կազմակերպուին փառատօներ, ինչպէս նաեւ նպաստ բերուի «Ազգային սինեմաթեք քոնսեփթ» ստեղծարար, կրթական, մշակութային, զբօսաշրջային նախագծի զարգացման։
Հայաստանի Լրագրողներու միութեան համագումարը տեղի ունեցաւ «Էրեբունի փլազա»ի համալիրէն ներս:
Սաթիկ Սէյրանեան միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ նախագահ: Նոր կանոնադրութիւնով կը նախատեսուի վերակազմակերպում: