Արխիւ
Երբ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ դարձեալ Ատրպէյճանի քայլերուն հետեւանքով տագնապալի վիճակ եւ լարուածութիւն, բախումներ եւ շփման գծի խախտումներ տեղի կ՚ունենան Արցախի մէջ, ստեղծուած ծանր իրավիճակին ներքեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։
Պատրիարքարանի «Հայ Մենթի-մենթէօր»ներու խումբի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած էր հետաքրքրական երեկոյթ մը։ Այսպէս, ձեռնարկը համախմբեց վերոյիշեալ խումբի երիտասարդներն ու պոլսահայ մամլոյ հիմնական ներկայացուցիչները։
Հայաստանի գործարար աշխարհի յայտնի դէմքերէն Գագիկ Ծառուկեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալէ, միջոց մը առաջ յղացած էր առաջարկ մը՝ երկրէն ներս Յիսուս Քրիստոսի հսկայ արձան մը զետեղելու մասին։ Այդ առաջարկը միջոցէ մը ի վեր հրապարակային քննարկման արժանացած էր։
ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թրգմ.՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Որպէսզի այս Սուրբ պահեցողութիւնը քու հոգեւոր կեանքիդ վրայ գործնական ազդեցութիւն ունենայ, առջեւդ կը դնենք մի քանի փորձեր, որպէսզի կատարես, որոնք եթէ կեանքի վերածես, պահեցողութենէդ կ՚օգտուիս։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ի՞նչ է նախանձը եւ ի՞նչ է նաեւ նախանձելին: Ապրումներս ամփոփելով, պարզեմ:
Ըստ բառագիտական «աղբիւներուս», ըսեմ, որ նախանձը ուրիշ «բան» չէ, եթէ ոչ ուրիշի մը յաջողութիւններուն եւ առաւելութիւններուն նկատմամբ, մարդուն մէջ ծագող տեսակ մը զգացումը:

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ես հոնկէ եմ
Եւ յիշողութիւններ ունիմ:
Ծնայ, ինչպէս մարդիկ կը ծնին:
Մայր մը ունիմ
Եւ տուն մը՝ բազմաթիւ պատուհաններով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ անգամ կեանքի մէջ ապրելով կը կարծենք, թէ «տեղեակ» ենք շատ մը բաներէ, սակայն կեանքը կը փաստէ, որ կան ճշմարտութիւններ, որ գիտնալու համար պէտք է անպայման տեսնել: Անոնցմէ մէկն է աղքատութիւնը:
Ամերիկեան «Moderna» ընկերութիւնը տեղեկացուց, որ իր կողմէ «Covid-19»ի դէմ մանուկներու համար արտադրուած պատուաստանիւթը՝ չափահասներու համար արտադրուածին հաւասարազօր դրական արդիւնքներ կու տայ։ Երկու պարագային ալ պատուաստուածներու մարմնի դիմադրութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ անհրաժեշտ համեմատութեամբ հակամարմիններու գոյացումով։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Պեշար Էսատ այցելած էր նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ ռազմավարական երկխօսութեան նիստ։ Սա այս ձեւաչափին մէջ երկրորդ ժողովն էր, որ կազմակերպուեցաւ առցանց։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի ձեռներէց եւ ազգային գործիչ Նուպար Ճիվանեան։ Սուրիոյ մէջ ծնած եւ երկար տարիներ ապրած Նուպար Ճիվանեան այդ երկրի արտաքին առեւտուրին գծով կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր՝ հայր Էսատի իշխանութեան տարիներուն։
Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողով՝ մինչ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը կը շարունակուի:
Արեւմուտքը առկայ ծանր ու ճակատագրական փուլին Քիեւին կը խոստանայ՝ քաղաքական ու գործնական աջակցութեան տեւականացում: Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա ներկայիս կը գտնուի բացառիկ եւ առանձնայատուկ դիրքի մը վրայ:
Ռուս խաղաղապահներու անգործութեան մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարը կը խախտեն Արցախի շփման գծին վրայ եւ կը յառաջանան՝ նոր տարածքներ վերահսկողութեան տակ առնելով:
Փաշինեան կը պնդէ, որ Պաքու կը ջանայ Հայաստանը շեղել խաղաղութեան օրակարգէն: Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Տենֆրիտի հետ: Երեւանէն հնչած յայտարարութիւնները ունին անճարութեան խոստովանութեան բնոյթ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շնորհաւորական մը ուղարկեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ յղեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ծննդեան 60-ամեակի եւ քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ։
Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած մարզական փառատօնի շրջանակէն ներս, լիսէներու մրցակցութեան մէջ Կեդրոնականի վոլէյպոլի խումբը դարձաւ ախոյեան։ Այս մրցաշարքի սկիզբէն ի վեր կեդրոնականցիներու ապահոված յաղթարշաւը երէկ հասաւ իր տրամաբանական աւարտին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հիմա պիտի խորհիք, թէ այս արցախցին ամէն անգամ կը պատմէ իր կեանքը: Իսկ ի՞նչ ընեմ: Կ՚ապրինք տխուր ու անորոշ ժամանակներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ուքրայնայի ժողովուրդը ծանրագոյն օրեր կ՚ապրի: «Ծանրագոյն» բառը խեղճուկ է բնորոշելու այն ողջ ողբեգութիւնը, որ պատերազմը կը պատճառէ: Վիշտը, սուգը, քանդումը, աւերը, տեղահանութիւնը, գաղթը, անորոշութիւնը խառնուած են իրարու:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Բայց կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ նեկրայութեան կը բերէ: Ո՛չ ուտելով բան կը շահինք, ոչ ալ չուտելով բան մը կը կորսնցնենք» (Ա. Կր 8.8):
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը որոշած է ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Լեհաստան՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտայի հրաւէրին ընդառաջ Նորին Սրբութիւնը պիտի իրականացնէ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին իրեն պիտի ընկերանան Գատըգիւղի Էմմանուել Մետրապոլիտը եւ Հայր Եագոպոս Քրոչաքը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամպիոնէն ելոյթ մը ունենալով վերահաստատեց երկրի դիրքորոշումը՝ Շուշիի հռչակագրին առընչութեամբ, որ անցեալ տարի ստորագրուած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ այս կապակցութեամբ որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած հայկական կողմի դիրքորոշումը, որ արտայայտուած է տակաւին անցեալ տարի։