Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան շաբաթավերջին հետեւեցաւ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի ծիրէն ներս կազմակերպուած Չավուշօղլու-Միրզոյեան հանդիպման։ Վաղը այս սիւնակին մէջ կարդալ՝ իր տպաւորութիւններն ու դիտարկումները։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ։ Անցեալ տարեվերջին պաշտօնի ձեռնարկած շանսէօլիէն առաջին անգամ կ՚այցելէ Թուրքիա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ կը հիւրընկալուի Օլաֆ Շոլց, որու այցը միօրեայ է։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը։ Անգարա-Աթէնք առանցքի վերջին շրջաններու իրերայաջորդ ցնցումներէն վերջ, այս գագաթնային հանդիպումը երկու հարեւաններու յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու տեսակէտէ կը նկատուի շատ կարեւոր։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022

Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ երդուելով պաշտօնապէս ձեռնարկեց իր առաքելութեան։ Ըստ Սահմանադրութեան, նորընտիր նախագահին երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ձեւաչափին մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022

Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն տեսակցութիւնը:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արարատ Միրզոյեան հանդիպման յաջորդած յայտարարութիւններուն մէջ վերահաստատեցին Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կարգաւորման հասնելու պատրաստակամութիւնը:

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի երրորդ շաբաթն է արդէն ու ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, անդին կան խօսակցութիւններ՝ խաղաղարար ճիգերու մասին։ Խօսքը մասնաւորապէս Գերմանիոյ նախաձեռնութեան մասին է, որու ռահվիրան կը համարուի վարչապետ Օլաֆ Շոլց, որ արտայայտուած էր օրեր առաջ ու կը շարունակէ միջնորդաւորուած բանակցութիւններ վարել Մոսկուայի հետ։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, մէկ հատորով եւ արեւմտահայերէնէ արեւելահայերէն փոխադրութեամբ լոյս ընծայած է Պոլսոյ Հայոց 83-րդ Պատրիարք, հասարակական եւ հոգեւոր-մշակութային գործիչ, մտաւորական ու գրող Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեանի երեք առանձին մենագրութիւնները («Աստուածաշնչական Սուրբեր», «Համաքրիստոնէական Սուրբեր» եւ «Հայազգի Սուրբեր») հետեւեալ ընդհանուր խորագրի ներքոյ՝ «Սուրբեր․ Աստուածաշնչական, համաքրիստոնէական, հայազգի»։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Սիրելու արուեստ» խորագրեալ իր գիրքով բազմաթիւներու ծանօթ հոգեբոյժ, փիլիսոփայ եւ ընկերաբան Էրիխ Ֆրոմ ուշագրաւ միտքեր արտայայտած է ժամանակակից մարդու երջանկութեան մասին։ Այսպէս, Էրիխ Ֆրոմի անհատականութեան տեսութիւնը իսկապէս մարդոց կու տայ երջանիկ ըլլալու պարզ բանաձեւը։

Շաբաթ, Մարտ 12, 2022

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այս շաբաթավերջին կը գտնուի Պէյրութի մէջ, ուր Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած է իր համերգը։ Վերջին օրերուն Սիպիլ հարցազրոյցներ տուաւ լիբանանահայ զանազան լրատուամիջոցներու. ինչպէս՝ «Ազդակ» օրաթերթ եւ «Վանայ Ձայն» ռատիօկայան։

Շաբաթ, Մարտ 12, 2022

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առաւօտ Անթալիայի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

Շաբաթ, Մարտ 12, 2022

Նստաշրջանը աւարտին հասաւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերադարձաւ իր Աթոռը:
ԳՀԽ քառօրեայ աշխատանքով բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեց: Մայր Աթոռէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ:

Շաբաթ, Մարտ 12, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց 13-րդ օրն է:
Պահք պահել չպահելու մէկ այլ երեւոյթը այն է, որ ոմանք ընդհանրապէս կը բացառեն պահք պահել, զայն անկարեւոր եւ անօգուտ համարելով:

Շաբաթ, Մարտ 12, 2022

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ բազմավաստակ կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մարի Տէյիրմենճեանի կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն՝ մասնաւորապէս պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս։

Շաբաթ, Մարտ 12, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ օրացոյցին, այս կիրակի, 13 մարտ 2022, Մեծ պահքի երրորդ կիրակին է, որ կը կոչուի «Անառակի» կիրակի։ Աւետարանական հատուածին մէջ Ղուկաս 15.11-32, արձանագրուած է մեր Փրկիչին պատմած՝ Անառակ որդիին առակը, ուր կը նկարագրուի, թէ հայր մը երկու զաւակ ունէր, զաւակներէն փոքրը իր ժառանգութեան բաժինը խնդրելով հօրմէն, կ՚առնէ ու կը հեռանայ հայրենի տունէն եւ օտարութեան մէջ կը մսխէ իր ունեցուածքը։

Շաբաթ, Մարտ 12, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ ազգակից մը հարցուց, թէ ինչ գործով կը զբաղուիմ. երբ գիտցաւ, թէ յօդուածագիր եմ զարմացաւ. «հիմա թերթ կարդացող մնա՞ց...»: Հարցումը անձէս աւելի ուղղուած էր բոլոր անոնց, որոնք հոգի, սիրտ, աչք ու երիտասարդութիւն կը մաշեցնեն, հրատարակելու համար այն մամուլը, որ շատերու համար ժամանակավրէպ, իսկ իրենց համար գրեթէ ամէն բան կը նշանակէ:

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Անթալիայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022

Կեանքը լի է դժուարութիւններով։ Փորձութիւններու ժամանակաշրջան մը, արդարեւ, որ մարդ արարածը ինչ-ինչ վիճակներու դէմ յանդիման կը թողու։ Յաճախ փորձաքարերու առջեւ յայտնուելով՝ մարդ կը պարտաւորուի նախ ինքզինքը կառավարելու, յետոյ ալ ուրիշներու հետ յարաբերութիւնները այնպէս մը կարգի դնելու, որ կամքէն անկախ յաւելեալ դժուարութիւններու չմատնուի։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Արդի գիտութիւնը կը հաւատայ ու կը շեշտէ այն իրողութիւնը, թէ մտահոգութիւն մը, ցաւ մը կը մեղմի ա՛յն ժամանակ, երբ կը բաժնեկցիս այլ անձի մը հետ: Անոնք կը մեղմին, նոյնիսկ երբ անոնց ունկնդիրը անկարող է ոեւէ մէկ ձեւով օգնել, որովհետեւ պատմելով միտքին ու հոգիին մէջ շղթայուած դուռները կը փշրուին եւ անոնց թեթեւութիւնը մարդ կը զգայ:

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այսօրուան մեր պատմութիւնը առընչութիւն ունի անբնականօրէն մեծ՝ խոհանոցային առարկաներու հետ։
Հիմա ձեզի պիտի ներկայացնեմ խոհանոցային երեք անօթներ՝ որոնք մեզի կու գան Ամերիկայի երեք տարբեր նահանգներէն։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2022

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ինչպէս խոտը կը բուսնի ժայռի մը յօդերուն մէջ,
Օր մը, յայտնուեցանք՝ երկու օտարներս: 

Գարնան գիշերը կը յօրինէր աստղ մը... աստղ մը.
Ես սիրոյ հատուած մը կը յօրինէի...
Աչքերուդ... երգեցի:
Աչքերդ գիտե՞ն, որ երկա՜ր սպասեցի,
Ինչպէս ամառը թռչուն մը սպասեց:

Էջեր