Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակը կը շարունակուի նշուիլ աշխարհի տարածքին: Իտալիոյ մէջ, Հայաստանի դեսպանութեան կազմակերպութեամբ, այս տարի Հայաստանի անկախութեան տօնը իբրեւ յոբելենական տարեթիւ, նշանաւորուեցաւ յատկանշական կերպով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Եառոնտա. ինչպէ՞ս կարելի է օգնել անկիրթի մը, որ կը յառաջանայ իր անկրթութեան մէջ, որովհետեւ ուշադրութիւն կը դարձնեն անոր:
-Եթէ իմ սէրս չօգնէր անոր եւ հոտառութիւնս անոր նկատմամբ արդիւնք չի տար, ապա կապս կը կտրեմ անոր հետ եւ կը ստիպուիմ անոր հետ գործ չունենալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ո՞ր ազգն ու պետութիւնը երբեւէ ունեցած չէ ինկածներ, որոնք կեանքի եւ պատուի աւերակութեամբ դուրս կու գան փողոց՝ ցոփութեամբ հրապուրելու այս կամ այն դիւրագրգիռ անցորդը, խարդախ սիրոյ հմայք մը ներշնչելու հիասթափութեամբ:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի 16-րդ համերգաշրջանի հանդիսաւոր մեկնարկը:
«Արմենիա» երաժշտական միջազգային 5-րդ փառատօնը՝ Երեւանի գեղարուեստասէրներուն համար հերթական պատուհան:
Ղարիպաշվիլի եւ Ալիեւ կանգ առին տարածքաշրջանային փոխակերպման կարեւորութեան վրայ:
Իրան Ատրպէյճանը կը զգուշացնէ՝ Իսրայէլի հետ սերտ համագործակցութեան հաւանական հետեւանքներուն դէմ:
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցիլ Թուրքիա-Հայաստան հաշտեցման, բայց, այս պահուն գործընթացի վերաբերեալ որեւէ յստակութիւն չկայ։
Երեւանէն լուրեր կը հասնին հերթական աղմկայարոյց ձերբակալութիւններու հարցին շուրջ։ Այսպէս, Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ստեփան Գալստեան եւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հրաւիրուեցան Ազգային անվտանութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ)։
«Freedom House» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ներկայիս ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստանէ ներս ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան յետընթացին մասին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը վերջին օրերուն իրերայաջորդ երկու անգամ Հայաստանին կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուի՝ երկրի օրէնսդրութեան մէջ նոր ընդգրկուած «Ծանր վիրաւորանք» յօդուածի գործադրութիւնը։
Հայկական երաժշտական աշխարհը երէկ կրեց ցաւալի կորուստ մը. ոչ եւս է սիրուած մեներգիչ Հայկօ, որ զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին։ Երգիչ ու երգահան Հայկոյի առողջական վիճակի վատթարացման մասին վերջին օրերուն լուրեր կը հասնէին Երեւանէն, սակայն բոլորը հակուած էին իրենց յոյսը պահել։
Նախագահներ Էրտողան եւ Փութին երէկ սպասուած անկիւնադարձային առանձնազրոյցը ունեցան Սոչիի մէջ:
Ռուս ղեկավարը ակնարկեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնի գործունէութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգայնագէտ, հակամարտութիւններու լուծման մասնագէտ տքթ. Սահակ Անտէքեան պատասխանեց մեր հարցումներուն։ Ստորեւ մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը:
Էրտողան եւ Փութին այսօր ժամադրուած են Սոչիի մէջ, ուր կը բանակցին առանձնազրոյցի ձեւաչափով:
Անգարա եւ Մոսկուա այս փուլին կը շօշափեն միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը: Նախագահներու ուշադրութեան առարկայ է նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը: Հոկտեմբերի վերջաւորութեան ալ թուրք-ամերիկեան գագաթ:
Կրետէ կղզիի մէջ պատահած զօրաւոր երկրաշարժի առթիւ Պատրիարքական Աթոռը Իրաքլիոնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ կապ հաստատելով՝ հետաքրքրուեցաւ պատմական աղօթատան, նաեւ քաղաքաբնակ փոքրաթիւ համայնքի վիճակին հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.ին ուղարկեց շնորհաւորական հետեւեալ պատգամը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան իր հետն ունենալով գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, անցեալ շաբաթավերջին, ներկայ գտնուեցաւ Համազգային անկելանոցի (Տարիւլաճեզէ) մէջ կատարուած հանդիսութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ճաշասեղանով մը մեծարեց տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն, որ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամակցութեան կոչուած էր։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ինչպէս գառն է մատաղի համար, այնպէս ալ տղամարդը՝ պատերազմի:
Չգիտակցած մահը՝ մահ է, գիտակցած մահը՝ անմահութիւն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընթերցողը այս գրութեան ընկերակցող նկարը տեսնելով պիտի հասկնայ կամ փորձէ հասկնալ սոյն գրութեան վերնագիրին դրտապատճառը: Ուրիշներ, շատ բնական պիտի համարեն նկարին մէջ տեղ գտած երեւոյթը:
Երեւանի մէջ երէկ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը բացուեցաւ Հայաստանի առաջին մանկական փալիաթիֆ խնամքի կեդրոնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Փրոֆ. Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնի համալիրէն ներս հաստատուած է մանկական փալիաթիֆ խնամքի քլինիքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յակոբի աղջկան հետ ծանօթացած էի Լիբանանի մէջ կազմակերպուած համագումարի մը ընթացքին. ծանրախոհ, լուրջ ու լուռ էր, սակայն ինչպէ՞ս սկսանք խօսիլ ու ծանօթանալ՝ ես ալ չեմ գիտեր: Ծանօթութիւնը ժամանակի ընթացքին վերածուեցաւ մտերմութեան, որ շատ անգամ աւելի՛ն կ՚արժէ՝ քան արիւնակից ազգականի մը գոյութիւնը: