Արխիւ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մաղթեց, որ Մեծ պահոց շրջանը ըլլայ արդիւնաբեր եւ առիթ դառնայ վերանորոգման:
Գումգաբուի «1890 Suites» պանդոկին մէջ Բարեկենդանի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասը:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի կրկնակ տարեդարձները։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 110-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 87-րդ կրկնակ տարեդարձները համընկնեցան Բուն Բարեկենդանին հետ։
Բուն բարեկենդանէն եւ փակեալ խորանէն անմիջապէս ետք ընթացք կ՚առնէ Մեծ պահքը կամ Քառասնորդական պահոց շրջանը։
Արդարեւ, Մեծ պահոց շրջանը կը կոչուի Մեծ պահոց քառասնորդական պահեցողութեան շրջան եւ կամ ժողովրդային բացատրութեամբ Աղ ու հացի շրջան, այն իմաստով, որ մեր նախահայրերը քառասուն օրերու այս շրջանը աղ ու հացով կ՚անցընէին եւ կամ աղ ու հացով ծոմը կը լուծէին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, ժամակարգութիւնը՝ որ Դ եւ Ե դարերուն կազմակերպուեցաւ, յաջորդ դարերուն եւս շարունակուեցաւ նոյն բաժանմունքներով, միայն թէ բովանդակութեան կողմէ փոփոխութիւններ կրեց յաւելումներով եւ յապաւումներով։ Պատմաբանական տեսակէտէ կարելի չէ ճշդել եւ որոշել այդ փոփոխութիւններու ժամանակը, եւ թէ որոնց ձեռքով կատարուած ըլլալը։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ինչ որ կը յիշեմ ֆրանսերէն լեզուի քերականութենէն, գրեթէ ամէն օրէնք ունի իր բացառութիւնները: Ե՛ւ կեանքի մէջ տարածուած միտքերու, ընկերային թէ փիլիսոփայական, ընդհանուր օրինաչափութիւններ կան, ի հարկէ կան նաեւ անոնց կողքին բացառութիւններ, նայած նիւթին, երկրին, ժողովուրդին կամ պարագաներուն:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Սիրոյ մասին աւելի քնքոյշ երգ դժուար է երեւակայել։ Ան առաջին իսկ բառէն, առաջին հնչիւնէն մարդուս հոգին կը լեցնէ քնքշութեամբ եւ ջերմութեամբ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Մասաչուսեց նահանգի Նիւթըն քաղաքէն։ Այդ քաղաքի բնակիչներէն Ռաֆի եւ Կլենտա Սեվից ամոլը կը ծնի խուլ ու համր դուստր մը Սեմենթա անունով (տես նկարը), որ հիմա երկու տարեկան է։
Բոլոր հայ գրողները սիրելի են մեր ժողովուրդին համար, մանաւանդ անոնք՝ որոնք ունեցած են եղերական վախճան: Սակայն բոլորը չէ որ մեզի կանգնիլ կու տան խոհի մը դիմաց՝ մղելու մեզ ոգեկոչման ու հանդիսութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ականատես կ՚ըլլանք մեծ եւ արագ փոփոխութիւններու։ Երկար ժամանակէ ի վեր մեր տուները «ներխուժած» համացանցը հազար ձեւ ու մարմին կը փոխէ, անշուշտ, նպատակ ունենալով դառնալ աւելի վստահելի եւ «միահեծան» տեղեկութեան աղբիւր։ Խորքին մէջ ընթացողը լուռ պատերազմ մըն է, որուն կը մասնակցին լրատուական, քաղաքական, գաղափարական, կրօնական, ընկերային եւ տնտեսական կառոյցներ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Ան երէկ մեկնեցաւ Պելժիա եւ այսօր կը ձեռնարկէ Պրիւքսելի իր ծրագիրը։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ վերջերս այցելեց Կարս, ուր տեղւոյն վրայ քննարկեց շրջանի պատմամշակութային եւ զբօսաշրջութեան նշանակութեամբ հնութիւնները։ Նախարարը այս ամբողջին մէջ այցելեց նաեւ Անիի աւերակները։
Սեւան Պըչաքճը Միացեալ Նահանգներու մէջ ծանօթացուց իր նոր հաւաքածոն:
The New York Times հեղինակաւոր թերթը դրուատիքը հիւսեց մեծահամբաւ վարպետին:
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ ներկայիս կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Շաբաթավերջին ան Պրազիլիոյ մէջ մասնակցեցաւ Բարեկենդանի աւանդական մեծ ձեռնարկին։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Բարեկենդանի աւանդական խրախճանքով։ Դպրոցի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ այս առթիւ ստեղծուեցաւ աննկարագրելի խանդավառութիւն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան վարժարանի աշակերտները վերջերս ճատրակի մէջ արձանագրած են փայլուն յաջողութիւններ։ 2018-2019 կրթական շրջանին Պէյօղլուի միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքի յաջող մասնակցութիւն բերած են էսաեանցիները։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այս տարի Բարեկենդանը նշուեցաւ արտակարգ խանդավառութեամբ։ Ս. Վարդանանց տօնի օրուան զուգադիպեցան Բարեկենդանի խրախճանքները, որոնք նախատեսուած էին թէ՛ հիւանդանոցի մնայուն բնակիչներուն եւ թէ ԶԻՊԷՉ-ի տղոց համար։
Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ երէկ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ։ Բարեկենդանի այս ճաշկերոյթը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Սովորաբար Բուն Բարեկենդանը կը տօնուի Մեծ պահքին նախորդող առաջին կիրակի օրը: Ընդունուած է զայն անուանել նաեւ «հայկական դիմակահանդէս»:
Բարեկենդան բառը ստուգաբանօրէն կը նշանակէ «բարի կենդանութիւն». այսինքն՝ ան աղերս է, խնդրանք եւ մաղթանք՝ ըլլալու բարի, առողջ, կենսալից:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
3 փետրուարին, Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը աննախընթաց այցի մը համար կը ժամանէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Այցելութիւնը աննախընթաց էր, որովհետեւ առաջին անգամն էր, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլուխը՝ Պապը կ՚այցելէր Արաբական ծոցի կարեւորագոյն երկիրներէն մին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Չափաւորութիւնը եւ պարզութիւնը էական պայմաններն են առողջութեան, յաջողութեան եւ երջանկութեան։ Կրօնքը, բարոյականը եւ բանականութիւնն ալ արդէն այս կը պահանջեն։ Արդարեւ, մարդուս մկանները, ջիղերը, արիւնը, մէկ խօսքով, ընդհանուր բնախօսական կազմուածքը չափաւոր եւ պարզ սնունդի մը իւրացումով աւելի կորովի, աւելի յարմար, աւելի պինդ կ՚ըլլայ որեւէ ծառայութեան։