Արխիւ
Յունուարի 22-ին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի, ուխտագնացութիւն կազմակերպած էր դէպի Յորդանան գետ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Նամակ մըն է, որ կը հնչէ. նախ ձայն կու տայ, այո ձայն մ՚է ան, որ կը տեղեկացնէ նամակի մը գալուն մասին: Ամէն ինչ դիւրին է հիմա, աշխարհն ամբողջ ափիդ մէջն է կարծես, բջիջայինիդ դողը, ձայնէն առաջ, կը յուշէ լուրի մը մասին: Արդեօք ի՞նչ է նամակին պարունակութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս երբ մկրտուեցաւ երինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ»։ Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար։
Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագրին ծիրէն ներս՝ ընթացիկ տարուան Ապրիլին, Արցախի դպրոցներու միջեւ պիտի կազմակերպուի «Ազգային պար» մրցոյթ-ողիմպիականը
Ժընեւաբնակ գործարար եւ Մարսէյլի մօտ Հայաստանի դեսպան Վարդան Սրմաքէշի, սփիւռքահայ գործարար Քրիստիան Կերիճիի եւ արթիկցի Վարագեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ, Շիրակի մարզի Վարդագոյն քաղաքին մէջ մօտ ապագային պիտի բացուի երեք հարիւր աշխատատեղի, բայց մինչ այդ գործարանը համապատասխան աշխատուժով ապահովելու համար նախ կարի ուսուցման կեդրոն բացուեցաւ Արթիկի մէջ. կը մնայ գտնել գործարանին շէնքն ու վերանորոգել զայն:
Հայաստանի մէջ կը շարունակուի խստաշունչ ձմեռը։ Ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի պարագային այս տարուան ձմեռը յարաբերաբար աւելի խիստ է ու մանաւանդ՝ ձիւնն ալ առատ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան ուղղեալ հանրաքուէն հաւանաբար տեղի ունենայ Ապրիլ ամսուան մէջ։ Ըստ իրեն, Սահմանադրութեան փոփոխութեան ուղղեալ առաջարկը ներկայացուած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հաւանութեան։
Ֆրանսայի նախկին հանրապետութեան նախագահներէն Ժագ Շիրաք առաջադրուեցաւ Նոպէլեան խաղաղութեան թեկնածու։ Ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, համապատասխան թղթածրարն ու նամակը ներկայ շաբթուան սկիզբին յանձնուած է Նոպէլեան կոմիտէին։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպէն ներս զոհուեցաւ հայ զինուոր մը։ Հալէպի մերձակայ գիւղերէն մէկուն մէջ զոհուեցաւ հայազգի զինուոր Ժան Քորաճեան։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին եւ այդ ամբողջէն բխած արդի հարցերուն շուրջ։ Անոնք աչքէ անցուցին նաեւ երկկողմանի միջոցառումներու ծրագիրը։
Եւրոպայի յառաջատար երկիրներէն ղեկավարներ յառաջիկայ օրերուն իրերայաջորդ պիտի այցելեն Թուրքիա։ Անգարայի ղեկավարութիւնը այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյը։
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները գրեթէ աւարտած:
Նախարար Արսլանի խօսքերով, բեռնափոխադրումներու լուրջ շարժում մը պիտի սկսի:
Հայ-ռուսական համագործակցութեան ընթացքը երէկ քննարկուեցաւ վարչապետներու մակարդակին վրայ:
Կարէն Կարապետեան. «Վստահ եղէք՝ Հայաստան յառաջիկային պիտի ըլլայ հայոց համար ամենալաւ երկիրը»:
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ իր վարչակազմը յառաջիկային ինչպէ՞ս կրնան անդրադառնալ հայկական հարցին:
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս. «Մենք միշտ յստակ նշած ենք, թէ հաշտութեան համար անհրաժեշտ է, որ ըլլայ լիարժէք, արդար եւ անկեղծ ճանաչում այն դէպքերուն համար, որոնք տեղի ունեցած են հարիւր տարի առաջ՝ 1915-ին»:
Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Կաթոլիկ-Արեւելեան Ուղղափառ միջեկեղեցական երկխօսութեան միջազգային աստուածաբանական միացեալ յանձնախումբին հերթական նստաշրջանը։ Ժողովները սկսան անցեալ շաբաթավերջին ու պիտի շարունակուին մինչեւ Յունուարի 28-ը։
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին առթիւ յոբելենական զանազան ձեռնարկներ նախատեսուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուքրայնոյ Ազգային դրամատունը կը պատրաստուի այս յոբելեանին առթիւ թողարկել յուշամետայլ մը։
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Սուրիական պատերազմէն, յատկապէս, Հալէպի արհաւիրքէն փախչող եւ Հայաստան ապաստանողներուն տեղացիները յաճախ հարց տուած են. «Ինչո՞ւ եկաք», շարունակելով կրկնուող յանկերգը. «Մենք թողնում գնում ենք, դուք ինչո՞ւ էք գալիս, էս երկիրը երկիր չէ…»:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Եւրոպայի ընկերային-տնտեսական դրոյթը 19-րդ դարուն Մարքսեան որակումով կոչուեցաւ «դրամատիրական հասարակարգ», որ հիմնուած է ունենալու, աւելի ունենալու, անյագօրէն ունենալու, անշուշտ այլոց հաշւոյն. բնազդային է, որ սակայն հետագային ունեցաւ անշուշտ իր պաշտպան փաստաբաններն ու տնտեսագէտները՝ արդարացնելու համար ինչ որ կազմաւորուած է իբրեւ մարդկութեան իտէալ իրաւակարգ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս յաճախ կը լսենք, թէ՝ մարդ սխալակա՛ն է, անշուշտ այս չի նշանակեր որ մարդ պատասխանատու չէ իր սխալներէն կամ գործած յանցանքներէն, օրէնքի դէմ թերացումներէն եւ մեղանչումներէն։
Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն, ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի։ Այս մասին Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։