Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Մարդ եթէ իր յանցանքներն ու մեղքերը ծածկէ կամ փորձէ գաղտնի պահել, ի՞նչ կը պատահի այդպիսիին հետ:
Պատասխան.
Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս առիթով մը Տէր Յիսուս զԻնք լսողներուն ուղղելով Իր խօսքը, կը զգուշացնէր զանոնք կեղծաւորութենէ, ըսելով. «Նախ եւ առաջ զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներուն թթխմորէն, այսինքն՝ անոնց կեղծաւորութենէն: 

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Suam habet fortuna rationem»։ (Titus Petronius. «Satyricon»)։ Դիպուածը՝ պատահականութիւնը պատճա՛ռ ունի։ Այս կը նշանակէ, որ եթէ արդիւնք մը կայ՝ անիկա անպայման պատճառ մը ունի, եւ ասիկա դրական գիտութեան անհերքելի սկզբունքն է. մանաւանդ բնագիտական օրէնքներու մէջ այս «պատճառ-արդիւնք» սկզբունքը աւելի եւս զգալի եւ կիրարկելի է։

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պէտք է ընդունիլ, որ կեանքի մէջ «բախտ»ը որոշ տեղ մը ունի՝ մանաւանդ գրականութեան պարագային, որովհետեւ շատ անգամ գրողը իր մտաւոր կարողութենէն աւելի «բախտ»ն է, որ կենդանի կը պահէ. գուցէ մահն ու հիւանդութիւնը եւս տեղ մը «բախտաւորութիւն» կարելի է նկատել։

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց բարձր գնահատեց Ատրպէյճանի հետ ձեւաւորուած ռազմական համագործակցութիւնը։ Իր խօսքով՝ կողմերը համաձայն են ապագային եւս ընդլայնելու այդ համագործակցութիւնը։

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025

«Համազգային» միութեան կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Վիեննայի մէջ կազմակերպուեցաւ հաւաք մը, որուն մասնակցեցան Եւրոպայի խումբ մը հայ ուսանողներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու ուղղեալ բանակցութիւնները շուտով կրնան սկսիլ:
Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքը արդիւնաւէտ:
Տանըլտ Թրամփ երէկ 127 վայրկեան տեւողութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի հետ, որմէ առաջ կապ հաստատեց նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Քիր Սթարմըրի, Ֆրիտրիխ Մերցի եւ Ճիորճիա Մելոնիի հետ:

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

1924-ի դեկտեմբերին, Գահիրէ բնակող Խաչատուրեաններու ընտանիքին մէջ անակնկալ իրադարձութիւն մը պատահած էր. Միքայէլ Խաչատուրեանին կինը աղջիկ մը ծնած էր, բայց՝ եօթամսական։

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր Հռոմէն կը վերադառնայ իր Աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին մասնակցած էր Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորընտիր քահանայապետին՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի գահակալութեան արարողութեան, որու ընթացքին ներկայացուցած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Երեքշաբթի, Մայիս 20, 2025

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սպասաւոր մանուկներ եւ պատանիներ երէկ այցելեցին Պատրիարքարան՝ թաղի քարոզիչ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի հսկողութեան ներքեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ այսօր նախատեսուած է հեռախօսազրոյց մը, որուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

Իրան կը վերահաստատէ իր յստակ դիրքորոշումն ու աջակցութիւնը ի պաստ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան:
Թեհրան անձեռնմխելի կը համարէ Երեւանի ինքնիշխանութիւնը՝ մինչ Արմէն Գրիգորեան կը մատնանշէ յարաբերութիւններու թափով զարգացումը:

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

Հայց. Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն կողմէ մասնակցութիւն՝ նորընտիր պապի անդրանիկ Ս. Պատարագին:
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի առաքելութեան մեկնարկին Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ:

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի 19 Մայիսի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 106-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական բարձր տրամադրութեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որ մեծ հրճուանքի առիթ դարձաւ՝ Վոսփորի Եւրոպական ափի պատմական թաղէն ներս։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիսապետեց Երեւման Ս. Խաչի համար կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ հանդիսապետեց Մինսքի մէջ նոր կառուցուած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ առաջին անգամ այցելեց Սպիտակ Ռուսիա, ուր արդէն սկսած է գործել առաջին հայկական եկեղեցին։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Քառասունչորս տարի առաջ՝ 18 մայիս 1981 թուականին Ֆրեզնոյի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, մահացաւ աշխարհահռչակ հայազգի գրող Ուիլիըմ Սարոյեան: 
Գրողի կտակին համաձայն՝ աճիւնին մէկ մասը փոխադրուած է Երեւան եւ թաղուած «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Տարիքի յառաջացման հետ, մարդոց ընկերային կապերը կը բարդանան եւ նորերը հաստատելը կը դառնայ դժուար։ Տարիքի հետ համահունչ, կեանքը կը դառնայ աւելի զբաղուն։ Աշխատանքային պարտականութիւնները, ընտանեկան բեռները եւ առօրեայ մտահոգութիւնները կը սահմանափակեն ազատ ժամանակը։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հակառակ որ իմ սկզբունքներուս հակառակ է, այսօր կը փափաքիմ իմ անձնական փորձառութիւններէս բաժին մը բաժնել, դուք՝ իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս հետ։ Երբ տարիներ առաջ շրջանաւարտ եղած էի լիսէէն՝ գրել փորձեցի, հետեւելով մեծ հօրս, հօրս. բայց հայրս վերապահութեամբ մօտեցաւ իմ փափաքիս, ըսելով, որ գրելը ծանր պատասխանատուութիւն պահանջող գործ մըն է եւ պէտք է բծախնդիր ըլլալ այդ մասին։

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր հայ գրականութեան ու պատմութեան մէջ նոյն անունները լսելէն այլեւս տեղ մը ձանձրացանք։ Իրականութեան մէջ հասած է տեղ, որ այլեւս չենք ուզեր լսել Սիամանթօ, Մեծարենց, Դուրեան եւ այլոց անունները. ո՛չ թէ անոր համար, որ կասկած ունինք անոնց մեծութիւն ըլլալուն (քա՜ւ լիցի), այլ պարզապէս այն պատճառով, որ կը հաւատանք, թէ հայ ժողովուրդը ունի տակաւին շա՜տ այլ մեծութիւններ՝ որոնք ձգուած են շուքի տակ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնենք զանոնք մէկ առ մէկ բացայայտելու եւ մերօրեայ ընթերցողներուն ներկայացնելու:

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025

Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին արտասովոր խանդավառութեան թատերաբեմը հանդիսացաւ։

Էջեր