Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի «Newmag» հրատարակչատան ստեղծագործական կազմը։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչական բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ դատապարտելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին դէմ կատարուած բռնութիւնները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած համապատասխան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։
Հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի տագնապը կը ծնի բռնութիւններ եւ ոտնձգութիւններ:
Հայութիւնը փուշի վրայ: Հայ Երուսաղէմէն ահազանգ:
Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան անդամները Հայկական թաղամասն ու համազգային իրաւունքները յամառօրէն կը պաշտպանեն՝ զէնքի սպառնալիքներու դէմ:
Երեսուն դիմակաւորներու երէկուան ներխուժման եւ ահաբեկման հետեւանքով կան քանի մը ծանր վիրաւորներ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Պատմութեան ուղղութիւն տուող ու կերտող գլխաւոր դերակատարն է մարդ արարածը, որ իր իղձերով, յոյսերով, նաեւ սխալներով եւ թերութիւններով կը ձգտի աշխարհը իրեն յարմարցնել եւ ա՛լ աւելի հանգիստ ու գեղեցիկ դարձնել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւոր ծիսական արարողութիւնը Ս. Պատարագն է։ Ս. Պատարագը Եկեղեցւոյ կատարուած արարողութիւններէն մէկը չէ պարզապէս։ Եկեղեցւոյ հաւատքին եւ ինքնութեան ամենակարեւոր արտայայտութիւնն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շա՜տ շատեր կը հաւատան, որ մեղանչել ըսել է գողութիւն ընել, մարդասպան ըլլալ եւ կամ հոգեւոր արժէքները պղծել. հասարակութեան մէջ մեղքի ինչութեան մասին կազմուած է սխալ կարծրատիպ մը եւ շատ մը մեղքեր մարդու կեանքին «բնական» մէկ մասը նկատուելով դուրս եկած են մեղքի շարքէն եւ «ներում» ստացած են:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ յառաջիկային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպում կրնայ ունենալ սահմանին վրայ։
Գալֆաեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Ամանորի հանդէս մը, որու բոլոր մասնակիցները բարձր տրամադրութեամբ բարեմաղթանքներ փոխանակեցին։ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկ նշուեցաւ Ս. Որդւոց Որոտման տօնը։ Սա միեւնոյն ժամանակ համալիրի համանուն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնն էր, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստինա Քուին նախընթաց օր այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը արդէն հրատարակած է 2024 թուականի Եկեղեցական օրացոյցը։ Այսպէսով տարեմուտի այս աւանդութիւնը հերթական անգամ գտած է իր շարունակութիւնը։
Մինչ արհեստական բանականութեան հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը, երէկ, միջազգային լրահոսին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան արիւնալի դէպքի մը լուրերը։ Այսպէս, ամերիկեան ԹԵՍԼԱ ընկերութեան գործարանէն ներս մարդամեքենայ մը յարձակեցաւ ճարտարագէտի մը վրայ։
Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման ուղղեալ բանակցութիւնները վճռորոշ փուլի մէջ կը գտնուին։
Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութեամբ բնական կազի հանգոյց մը ստեղծելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ զբաղեցնել օրակարգը։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսանտր Նովաք երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ բնական կազի հանգոյցի մը ստեղծման ծրագրի ճանապարհային քարտէսը պիտի վաւերացուի շուտով։
Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ պատրաստ են Կազզէն ղեկավարելու։
Եգիպտոսի մետիային տուած հարցազրոյցին մէջ Մահմուտ Ապպաս կանխատեսումներ ըրաւ Կազզէի ապագային շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս շփումը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ։
Հայաստանի դպրոցներու 7-րդ դասարանի պատմութեան դասագիրքի բովանդակութեան հարցին շուրջ:
Անդրէասեան. «Մենք կը յարգենք եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, բայց կրթութեան կազմակերպումը պետութեան գործն է»:
«Երեւանն ու Պաքուն կրնան խաղաղութեան հասնիլ՝ Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Անգարայի օգնութեամբ»:
«Հայաստանի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը ապահովուած պէտք է ըլլան՝ առանց արտաքին ուժերու միջամտութեան»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Ռուսաստանի հեռատեսիլի կեդրոնական ալիքը հարցազրոյց մը կատարած էր յունահայ երգիչ Ժան Թաթլեանի հետ: Հաճելի նաեւ զարմանալի էր լսել, թէ ինչպէս սփիւռքահայ երգիչը վարժ կը խօսի ռուսերէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Կը ներկայացնէք դուք Ձեզ:
-Անունս Հրակ Աբէլեան է: Ծագումով քէսապցի: Լիբանանի մէջ հասակ առած եմ: Ամառնային արձակուրդները անցուցած եմ Քէսապի մէջ։ 18 տարեկանիս Գանատա՝ Մոնթրէալ փոխադրուեցայ ուսումս շարունակելու համար եւ արդէն 14 տարիէ այստեղ կ՚ապրիմ։