Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ազգովին կ՚ապրինք հանգրուան մը, ուր ամէն ինչ գլուխն ի վայր շրջուած է: 2020 թուականին մեր կրած ամօթալի պարտութիւնը եւ այդ պարտութենէն ետք տեղի ունեցած զարգացումները, կարծէք հարուած հարուածի ետեւէ եկան հիասթափեցնելու, յուսախաբ դարձնելու մեզմէ շա՜տ շատերուն:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

2021 թուականին Հայաստանի մէջ մեկնարկած «Հայահաւաք» նախագծի ծիրէն ներս այս նոյեմբերի սկիզբին Հայաստան ժամանած էր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ բնակող հայ ջութակահար, խմբավար «Չիլինկիրեան» լարային քառեակի հիմնադիր, Լոնտոնի Երաժշտութեան թագաւորական ակադեմիայի դասախօս, Կիդհոլի երաժշտատրամաթիքական դպրոցի ջութակի եւ քամերային երաժշտութեան դասախօս, աշխարհահռչակ հայ ջութակահար՝ Լեւոն Չիլինկիրեան: Համերգը նուիրուեցաւ անոր 75-ամեակին, որ լրացաւ այս տարի:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ըստ որու 2023 թուականի նոյեմբերի 6-ին փաստաբան Քլակսպալտ՝ «Arnon» ընկերութեան փաստաբան Ապարպանելին ուղարկած է նամակ մը, որու մէջ միանգամայն զրպարտչական յայտարարութիւն կատարուած է Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանի հասցէին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամաստ երէկ դուրս եկաւ բանտէն։ 19 յունուար 2007 թուականին լուսահոգի Հրանդ Տինքը նահատակած Օկիւն Սամաստ այդ ժամանակ 17 տարեկան էր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

Պուքրէշի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ քննարկում մը, որ նուիրուած էր Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ տեղահանեալ հայութեան ընկերային կացութեան։ Ռումանիոյ Կրօնից նախարարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ժողով-քննարկումը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

Երեւան ամբողջ թափով կը բիւրեղացնէ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ տեսլականը:
Արարատ Միրզոյեան Լոնտոնի շփումները աւարտելով անցաւ Պրիւքսել, ուր մատնանշեց Կրանատայի սկզբունքները:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տարածաշրջանային իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, որ Սուրիոյ մէջ նոր պատերազմի մը ծագիլը անհաւանական չէ։ Բազմաթիւ վերլուծաբաններ համոզուած են, թէ Սուրիոյ մէջ պատերազմի էջը չէ փակուած եւ այդ երկրին «մոխիրներուն» տակ կրակը դեռ կը բոցավառի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2023

Ծովափին յայտնուած են քով քովի։ Թէեւ նոյն նստարանի երկու ծայրամասերուն վրայ են, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ զիրար նոյնսիկ նկատած չըլլան։ Օտար են իրարու ու լրիւ անհաղորդ։ Անծանօթներու միջեւ տարրական քաղաքավարական կապ մը հաստատելու համար՝ ընդունուած ձեւերէն որեւէ մէկուն դիմելու կամքն ալ չունին, ակնյայտօրէն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նոր բեմագրութիւններ կրնան մշակուիլ ու կրնան ի յայտ բերուիլ նոր առաջանորդներ, որոնք որոշ հեղինակութիւն կրնան ունենալ թէ՛ Արեւմտեան ափին եւ Կազզէի հատուածին մէջ:
«Համաս» ցոյց տուաւ, որ տարածաշրջանէն ներս պետութիւններու առընթեր խաղի մէջ են նաեւ ոչ-կառավարական շարք մը կազմակերպութիւններ, որոնք փաստած են իրենց գործօն ըլլալու հանգամանքը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Լոյսը Աստուծոյ հոգեւոր զօրութեան տեսանելի արտացոլացումն է։ Արդարեւ, լոյսը արարչագործութեան ամենէն ազնիւ յատկութիւնն է եւ այդ իսկ պատճառաւ բոլոր արարածներ տեսանելի՛ դարձան եւ կարողացան պատսպարուիլ աշխարհի վրայ եւ կեանքը տեւականացնել։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեր «ջղային դարը»: Հասարակական կեանքի զարգացումն ու մտաւոր մրցումը, իբրեւ գլխաւոր պատճառ ջղային տկարութեան, կամ ջղաթուլութեան: Ջղաթուլութեան եւ անոր բնորոշ գիծերը: Արգանդախեղդ (hysteria) եւ անոր նշանները: Ընկնաւորութիւն: Խելագարութիւն: Ջղային դրութիւնները եւ անոնց բացատրութիւնը: Ախոնդացաւ (hypochondria) եւ մելամաղձոտութիւն: Ջղայնոտը եւ ամուսնութիւն:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պատանիներուն եւ իրենց ծնողներուն միջեւ մեծագոյն հարցերէն մին գաղտնիութեան իրաւունքն է. դժբախտաբար շատ մը ծնողներ իրենց պարտաւորութիւնը եղող հետեւողականութիւնը կը շփոթեն անվստահութեան հետ, որ իրականութեան մէջ ամբողջութեամբ տարբեր են իրարմէ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս մասնաւոր համերգ մը տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս բացառիկ ձեռնարկը հովանաւորեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Սուրբ Հրեշտակապետներու եւ երկնային զօրքերու տօնը։ Այս առթիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Տ. Դաւիթ Քհնյ. Գիշեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն անդամներէն Քոզէթ Ավանուսն ու Նուպար Մանավեանը։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ կիրակի, նոյեմբերի 19-ին նախատեսուած է Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Պաքըրգիւղի ընտանիքը զօրակոչի ենթարկուած է։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023

Դէպի Լոնտոն պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Chatham House»ի (Անգլիոյ միջազգային յարաբերութիւններու արքունի կաճառ) երդիքին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի ընձեռած հնարաւորութիւնները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։ Խորհուրդի ժողովէն առաջ անդամ քանի մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները սարքեցին մամլոյ ասուլիսներ եւ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ կարեւորեցին Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը։ Անոնք շեշտադրեցին Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սատարելու կարեւորութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան իր հերթական ժողովը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Ժողովը գլխաւորեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2023

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ընդունեց Եւրոմիութեան խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փիա Քաուման։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին եւ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի դերակատարութեան շուրջ։

Էջեր