Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Հայաստանի մէջ ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կը դատուի Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր ազգայիններէն Էֆրիմ Պաղի նուիրատուութեամբ Հայաստանի մէջ եկեղեցիի մը վերանորոգութեան ծրագիրը ի կատար ածուելու վրայ է։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Որո՞նք են Հայաստանի իրականութեան հիմնական պատումները։ Նախկին ռուսաստանցի, իսկ այժմ իսրայէլացի ընկերաբան Վիքթոր Վախշատայնը վերջին դասախօսութիւններէն մէկուն մէջ կը պատասխանէ այն հարցին, թէ պատումները (աշխարհայեացքով «լիցքաւորուած») ե՞րբ կը դառնան քիչ թէ շատ կայուն ու ազդեցիկ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Գերմանական նշանաւոր «Bild»ը հաղորդեց, որ Հայաստան կ՚օգնէ Ռուսաստանի «Ալռոսա» ընկերութեան Արեւմուտքի պատժամիջոցները շրջանցելու համար։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, գերմանական աղբիւրը տեղեկացուց, որ այսպէսով ռուսական ադամանդները կ՚արտածուին դէպի արեւմտեան շուկայ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ճատրակի առասպել Լեւոն Արոնեան այս օրերուն կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ան վերջին շրջանին իրերայաջորդ մրցաշարքերու կը մասնակցի ու կը նուաճէ նոր գագաթներ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Նախագահ Էրտողան. «Ոեւէ մէկը չի կրնար դաւ հիւսել թուրքերու եւ քիւրտերու եղբայրութեան դէմ»:
Սուրիոյ ներքին կայունութեան երաշխաւորումը Անգարայի եւ Դամասկոսի հրատապ համագործակցութեան կիզակէտին:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Չինաստան ուղեւորութեան աւարտին կ՚անցնի Ճաբոն։ Թիէնծինի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին մասնակցելէ վերջ, երէկ, Փաշինեան Փեքինի մէջ տեսակցեցաւ Ասիոյ ենթակառուցուածքային ներդրումներու դրամատան (ԱԵՆԴ) նախագահ Ծին Լիցզիւնի հետ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասը, առաջ Աստուած, պիտի գտնէ՝ իր այնքան կարօտած խաղաղութիւնը։ 
Նախագահ Էրտողան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին համար դէպի Չինաստան կատարած ուղեւորութենէ վերադարձի ճանապարհին։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ յամառ պայքար մղել՝ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վտանգուած սեփականութեան իրաւունքը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1960-ին, անգործ էի: Արաբականութիւնը, ի՛նք եւս, անգործ էր, եւ երանի՜ այդպէս մնար: Այդ ատեն «Ալ-Շըըր»1 պարբերականին հիւր էի, իսկ ամբողջ խմբագրակազմը հիւր էր պարբերականին տիրոջ՝ Եուսէֆ ալ-Խալին2: Իսկ Եուսէֆ ալ-Խալը հիւր էր ալ-Սատաթ փողոցին՝ Րաըս Պէյրութի մէջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աշխարհի վրայ կան զանազան կրօններ՝ որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ ազգային եւ ցեղային մշակութային ծագում ունեցողներ։ Պատմական վկայութիւններու համաձայն՝ այս կարգին կրօններ ջանք չեն թափած «տիեզերական» դառնալու։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կան բացասական երեւոյթներ, որոնց արմատը պէտք է հինին մէջ փնտռել ու գտնել, որովհետեւ բացասական երեւոյթները մէկ օրուան մէջ չյայտնուեցան մեր մէջ։ Անոնց ծնունդ առին, սկզբնական շրջանին քննադատուեցան, ժամանակի ընթացքին յաջողեցան «պարզ» ու «բնական» երեւոյթ ստանալ եւ հիւանդութեան մը պէս կամաց կամաց սկսան տարածուիլ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զնկըքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն, որուն կ՚ընկերանար նոյն խորհուրդէն Պուրհան Իւլիւթաշ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025

Հայաստանի ներքին օրակարգին վրայ «Մեր ձեւով» նորաստեղծ ընդդիմադիր շարժումը արդէն հետզհետէ աւելի ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ «Մեր ձեւով» շարժումը վերջերս կազմակերպած էր հաւաք մը, որով յայտարարուած էր նոր կուսակցութիւն մը ստեղծելու գործընթացին մեկնարկը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025

Չինաստանի տանտիրութեամբ, Թիէնծին քաղաքին մէջ կազմակերպուած Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովն ու ՇՀԿ+ հաւաքը արդէն եզրափակուեցան։ Միջազգային գետնի վրայ վերջին օրերուն անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ այս գերաստիճանը, որու շրջանակներէն ներս ի յայտ եկաւ ուշագրաւ հակադրութիւն մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայկական համայնքը Սուրիոյ մէջ շարունակ կը մնայ կարեւոր եւ զգայուն տարր մը։ Հազարաւոր հայեր տակաւին կը բնակին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025

Էրտողան-Փութին հանդիպում. Կովկասէ ներս կայունութիւնը կը բխի Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի շահերէն:
ՇՀԿ-ի Թիէնծինի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս աշխոյժ շփումներ:
Նիկոլ Փաշինեան. «Ատրպէյճանի նախագահին բառապաշարը Ուաշինկթընի համաձայնութեան տրամաբանութեան մէջ չէ»:

Էջեր