Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

ՆԱԹՕ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն «Լը Ֆիկարօ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմի վտանգ կը տեսնէ։ Հայաստանի իշխանութիւնները եւս անդադար կը նախազգուշացնեն, թէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Արցախի վրայ լայնածաւալ յարձակումի։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլընտրանք չունի։
Ճէյհուն Պայրամով վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի կողմէ։ 

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

Հեղինակաւոր ձեռագրագէտին ցաւալի մահը՝ անփոխարինելի կորուստ մը հայ գիտական աշխարհին համար:
Նորոգ հանգուցեալ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի հոգեհանգիստը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023

Երեւանէն միշտ զգուշացումներ. Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Շարլ Միշելի հետ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով յաջորդ շաբթուան մէջ պիտի շօշափեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ յատկանշանակ ձեռնարկ մը։ Սա առաջին հայեացքով լուսանկարչական ցուցահանդէս մըն է, սակայն իր բնոյթով նաեւ հայկական մարմնամարզի պատմութեան տեսակէտէ կարեւոր է, որովհետեւ ներկայացուած տեսանիւթերը արխիւային մեծ արժէք կը ներկայացնեն։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Աշխարհը ձեւաւորող կիներ» նախաձեռնութիւնը:
Սորվիլ, գիտելիքներ փոխանցել եւ հաստատել ցանցային կապեր՝ կարծիքի փոխանակումեր ըստ զանազան բնագաւառներու:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիան երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Երկու նախարարները առանձնազրոյցէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի մարզասէր ազգայիններէն Նազար Հանչէր։ Սա իսկապէս անժամանակ եւ ցաւալի կորուստ մըն է։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

Աղէտի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները նոր հարթութեան վրայ:
Համայնքային շրջանակները ծրագրեր կը մշակեն տնազուրկ աղէտեալներուն համար բնակարաններ ապահովելու նպատակով:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 39-րդ օրն է:
«Իսկ դուք, հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, այլ զանոնք մեծցուցէք քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ» (Եփ 6.4):

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աստուածաշունչ կարդալը խրթին է: Ամէն ոք չի կրնար ընթեռնել Սուրբ Գիրքը եւ ընկալել Տիրոջ խօսքը: Ընթերցանութեան հոլովոյթին բազմաթիւ հարցականներ կը յառաջանան:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայկական առաջին ազգային օդագնացութեան ընկերութիւն նկատուող «ՖլայՈւան Արմենիան»ն (FlyOne Armenia) վերջերս յայտարարեց, որ այսօր գործող հայազգի միակ կին օդաչուն՝ վրացահայ Նատեժտա (Նատիա) Պենկլեանը միացած է «ՖլայՈւան Արմենիա»ի օդաչուներու կազմին:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աստուծոյ մասին յաճախ կը խօսուի: Ոմանք կ՚ընդունին Անոր գոյութիւնն ու Ստեղծիչ ըլլալու հանգամանքը, ուրիշներ կը մերժեն հաւատալ Անոր գոյութեան, միաժամանակ մերժելով ու ուրանալով Անոր Արարիչ ըլլալը:

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բժիշկ մը, որուն յանձնուած է բժշկել մահացու հիւանդութիւն մը, ունի իր առջեւ երկու ճամբայ. հիւանդութեան արտաքին նշաններուն նայիլ, եւ կամ, բուն իսկ հիւանդութեան դարման ընել։ Եթէ ընտրէ առաջին ճամբան, զոր օրինակ, տենդի մէջ՝ եթէ ջանայ հիւանդին միայն ծարաւը մարել, կամ կաթուածի մէջ՝ հիւանդին ջղային դրութիւնը ոգեւորել, կրնայ ըսուիլ, թէ դարմանը յարմարցուած է հիւանդին կարօտութիւններուն. քանի որ վերցուց կամ թեթեւցուց հիւանդութենէն յառաջ եկած քանի մը ցաւերը, բայց հաւանական չէ որ այնպիսի դարման մը կարենայ առողջացնել հիւանդը։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը իր տեսակով եւ ոճով միւսներէն առանձնացող ու տարբերուող մուտք մը ունեցաւ հայ գրականութենէն ներս, որովհետեւ մինչեւ այդ ժամանակ գաւառի կեանքին, հայոց լեռներուն ու բարքին մասին գրող չոր ու տափակ սահմաններէն դուրս գալով եկաւ իր ժամանակակից երիտասարդութեան հայելին դառնալու:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Տակաւին տասնչորս տարեկան էի, երբ առաջին անգամ կարդացի Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպի առաջին տողերը. «հասունցած տղայ մըն էր սակայն, ապացոյց որ չկրցաւ բոզ ու Աստուած բառերուն սահմանում մը տալ»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023

Նորոգ հանգուցեալ երիտասարդուհին յուղարկաւորուեցաւ Ֆէրիգիւղի եկեղեցիէն:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ցաւակցեցաւ լուսահոգի Նիքոլ Օտապաշըի ընտանիքին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023

Վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ 2023 թուականի շարունակութեան համար ծանր կանխատեսումներ ունի Երեւանի տեսակէտէ:
Հայաստանի շուրջ իրադարձութիւնները յառաջիկային կախեալ պիտի ըլլան, ըստ էութեան, արտաքին խաղացողներու ազդեցութիւններէն:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023

Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը այս առթիւ անդրադարձաւ Պաքուէն իրերայաջորդ հնչած հրաւէրներուն, որպէսզի Արցախի ներկայացուցիչները Ատրպէյճան մեկնելով բանակցութիւններ վարեն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 38-րդ օրն է:
Այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Ներքին կեանքը» խորագիրը կրող գրութիւնը, որ վերցուցած ենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսաթերթէն, Բ. տարի, թիւ 3, մարտ, 1933, էջ 17-18:

Էջեր