Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ներկայի եւ անցեալի ուսման հանդէպ ըմբռնումը եղած է ամբողջութեամբ տարբեր. անցեալին կրթութիւնը կարեւոր էր այնքանով, որ երիտասարդը երբ աւարտէ դպրոցը, կարենայ գործի ասպարէզին մէջ հանգիստ ձեւով գրել ու կարդալ. իրենց համար ուսման մեծագոյն մակարդակը գրել ու կարդալ գիտնալուն մէջ կը կայանար, այդ է պատճառը, որ կը տեսնենք, թէ անցեալին դասանիւթերը շատ աւելի նուազ ու աւելի պարզ եղած են՝ քան այսօր:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հրապարակեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ուղղեալ կոչ մը, պահանջելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման որպէս ցեղասպանութիւն որակուիլը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէէն ներս բացուեցաւ Սուրիոյ մասնաւոր լսարան մը, ուր ուսանողները հնարաւորութիւն պիտի ունենան խորանալու այդ երկրի մշակոյթին վրայ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ «Արմէնփրէս» պետական գործակալութեան միջեւ համագործակցութիւնը կը խորանայ։ Այս երկու կառոյցներուն միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որ կը բնորոշէ անոնց համագործակցութեան նոր փուլին սկիզբը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Երեւանի Գեղարուեստական տպագրութեան միջազգային չորրորդ պիէնալը. միակը տարածաշրջանէն ներս:
Բազմատասնեակ թեքնիք ու ոճեր, 53 երկրէ 231 փորագրանկարչի արտադրանքը Հայաստանի մէջ նոյն հարթակին վրայ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Թուրքիա ուշադրութեամբ ու մտահոգութեամբ կը հետեւի Տէր Զօրի դէպքերուն եւ կոչ կ՚ուղղէ ԱՄՆ-ին:
Անգարա տարածաշրջանին տեսակէտէ վտանգաւոր կը նկատէ ԵՓԿ-ի միջոցաւ արաբներու ճնշման ենթարկուիլը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ այցելեց Քիեւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ պետական աւագանիէն այլ բարձրաստիճան դէմքերու կողմէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր պաշտօնական այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Թուրքիա կը ձգտի անմասն չմնալ Եւրոմիութեան յառաջիկայ ընդլայնման ալիքէն, որ կը նախատեսուի 2030-ին:
Հաքան Ֆիտանի խօսքով՝ Անգարա-Պրիւքսել յարաբերութիւնները պէտք չէ կարգ մը երկիրներու շահերուն պատանդը դառնան:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու միջեւ վաղը հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Էսկիշեհիրի մէջ։ Հայկական ընտրանին այսօր արդէն ժամանած է Թուրքիա։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Արցախի առկայ պաշարման մթնոլորտին մէջ ո՛չ միայն մարդասիրական տագնապը կ՚ահագնանայ, այլեւ Պաքուի կողմէ նոր արկածախնդրութիւններու հաւանականութիւնն ալ կը մագլցի։ Հայաստանի կառավարութեան այս առաւօտեան նիստի սկիզբին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով, որոնցմով վերահաստատեց այն մտահոգիչ իրադարձութիւնները, որոնք արդէն օրերէ ի վեր ուշադրութիւն կը գրաւէին լրահոսին վրայ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Լեհաստանէ ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսութեան հիմնադրութեան 655-ամեակին առթիւ վերջերս յոբելենական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Քրաքովի մէջ։ Տեղւոյն Վաւելի Մայր տաճարին մէջ կազմակերպուած միջեկեղեցական աղօթքին ներկայ գտնուեցաւ Քրաքովի Մարեք Ետրաշեւսքի մետրապոլիտը

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ալպերթ Ազարեանը առասպել մըն էր…
Նշանաւոր հայազգի մարզիկը վայելեց մեծագոյն փառքը, որ կը վայելեն առասպել դարձած մարդիկ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

- Սիրեցէ՛ք Տէրը, սիրելիներս, սիրեցէ՛ք Տէրը. կ՚աղաչեմ ձեզ՝ սիրեցէ՛ք Տէրը: Ժամանակը կը սուրայ: Դուրսը՝ խաւարին մէջ, հինգ վայրկեանուան հաճոյքի համար մի՛ կորսնցնէք Յիսուսին:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոգեկան աշխարհի մէջ որեւէ ուժ աւելի մեծ եւ զօրաւոր է, երբ կը զսպուի քան երբ կը սանձարկուի։ Ասիկա բնական օրէնք մըն է։ Այս իրողութեան յստակ մէկ օրինակն է՝ լեզուն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բարեբախտաբար օտարախօսութիւնը շատերու համար մտահոգեցուցիչ երեւոյթ մը դարձած էր, այդ իսկ պատճառով տասնամեակներ առաջ Երեւանի մէջ կազմուեցաւ «Հայացման կոմիտէ» մը, որուն պարտականութիւնն էր կոչ ընել պետական, հասարակական եւ մասնաւոր հիմնարկութիւններուն, որպէսզի հայերէն խօսին ու գրեն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2023

Անգարա եւ Աթէնք համամիտ՝ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ նոր մօտեցումներ որդեգրելու համար:
«Ապօրինի գաղթի հարցը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ մրցակցութեան, այլ համագործակցութեան ոլորտ՝ նոր մահերը կանխելու նպատակով»:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պատիժի վա՞խն է միակ արգելքը յանցագործութեան։ Պատիժի, նախատինքի եւ անպատուութեան վախը բարերար «թումբ» մը՝ արգելք մըն է ընկերային օրինազանցութեան եւ զեղծումի դէմ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն Լեւոն Շանթ իր «Մեր անկախութիւնը» աշխատութեան մէջ կը գրէր. «Կովկասի մէջ մինչեւ այսօր ժողովուրդին բերանը լիքն է թաթար բառերով, ոճերով, երգերով ու կատակներով, իբրեւ հետեւանք դարաւոր տիրապետութեան, կը ստանանք այն լեզուն, որ հիմա կը խօսուի եւ օր օրի խեղճանալու եւ խառնակուելու վրայ է». հայ ժողովուրդը տարիներ շարունակ այլ պետութիւններու տիրապետութեան տակ ըլլալով, ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլ հոգեպէս եւս ունեցած են իրենց ազդեցութիւնը, որմէ անմասն չէ մնացած նաեւ լեզուն:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Սովորութիւն դարձած էր: Լաւ սովորութիւն: Այսպէս ընթրիքէն ետք, կամաց մը հեռանալ ճաշասեղանէն ու դուրսը բակին մէջ հաստատուած կրակարանին շուրջ անխօս դիտել կրակի բոցերուն հետզհետէ մարող կարմիր անհամար աչքերը:

Էջեր