Արխիւ
Երէկ տեղի ունեցաւ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը։
Արարողութեան հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարհաց գիւտի տօնին եւ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Այս տարի 30-րդ անգամ կազմակերպուած եւ հոգելոյս մարզական գործիչ Ռուբէն Սէմէրճեանի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքին ախոյեանը հանդիսացաւ Պէզճեան սանուց միութեան խումբը, որ աւարտական խաղին առաւելութեան հասաւ Մխիթարեան սանուց միութեան խումբին դիմաց։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի հերթական նիստը։ Սա 33-րդ ժողովն էր, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Համայն աշխարհ վերջին օրերուն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Ռուսաստանի մէջ ծագած ներքին խռովութիւններուն։
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը շաբաթավերջին համերգով մը հանդէս եկաւ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։ CRR-ի երդիքին տակ կազմակերպուած եղանակի եզրափակիչ ելոյթին մասնակցեցաւ 115 հոգիէ բաղկացեալ մեծ եւ ընդհանրական երգչախումբ մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Վարդանանցը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի Ուաշինկթընի յետաձգեալ բանակցութիւնները պիտի սկսին վաղը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Շեշտը պէտք է դնենք մեր տունը կառուցելու վրայ՝ զօրացնելով տնտեսութիւնը, բարելաւելով ընկերային վիճակը, կրթական համակարգը, մշակելով զանազան ծրագիրներ, որպէսզի հայը հանգիստ ապրի Հայաստանի տարածքին վրայ։ Քանի մեծ-մեծ կը խօսինք, երազի մէջ կ՚ապրինք, մեր երազը մղձաւանջի մը վերածած ենք։ Սա է մեր թշնամին»:
«Աւանդական կուսակցութիւնները ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի Հայաստան գործիք դառնայ ռուսերուն ձեռքը ու չըլլայ ազգային համակարգով պետութիւն մը։ Եւ հո՛ս է սխալը, հո՛ս է վտանգը։ Երազի մէջ ապրիլը վտանգաւոր է։ Կրկնեմ՝ տարածքային իրաւունքի պահանջէն դուրս գալով՝ 21-րդ դար պէտք է մտնենք մարդու իրաւունքի պաշտպանութեամբ զբաղելով»:
Կայծ Մինասեան. «Հայերուն մէջ մեծ սխալ մը կայ, որ նոյն մակարդակի վրայ կը դնեն պետութիւնն ու սփիւռքը։ Չկայ ուրիշ պետութիւն մը, որ ունենայ այդ մօտեցումը։ Մէկ անգամէն, յստակ ձեւով պէտք է ըսենք, որ սփիւռքը պետութիւն չէ, սփիւռքը քաղաքական դատարկ հասկացութիւն մըն է»:
«Սփիւռքի մէջ երկու մոտել կայ։ Մէկը չ՚ընդունիր, որ պետութիւն մը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի։ Սա աւանդական մօտելն է։ Միւսը կ՚ընդունի, որ պետութիւն մը կայ, Հայաստանը ոտքի վրայ է՝ ինչ որ ալ ըլլայ օրուան դրութիւնը։ Սա աւելի արդիական մօտել մըն է, փոխկապակցուած եւ բաց մոտել մըն է, որ անհատականացուած է։ Այս երկու մոտելները իրարու դէմ կ՚աշխատին։ Աւանդական կառոյցները տակաւին երազի մէջ կ՚ապրին, աւանդական մօտեցումով՝ առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պետութիւն ունենալ։ Անոնք կը շահագործեն պետութիւնը կամ ուղղակիօրէն ըսեմ՝ կ՚ուզեն քանդել պետութիւնը։ Ասիկա ահաւոր ու վտանգաւոր է»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շահապիվանի ժողովը հայոց ամենափառաւոր ժողովներէն մէկն է։ Շահապիվանը կը գտնուի Բագրեւանդ գաւառը՝ Մասիսի ստորոտները, այժմեայ Հին Պայազիտի շրջանը, ուր ամէն Նաւասարդին կը ժողվուէին նախարարներ, իշխաններ, հոգեւորականներ, բազմաթիւ ժողովուրդ եւ մեծ փառքով կը տօնէին տարեմուտը։ (Կանոնագիրք Հայոց)։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2024 թուականին՝ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առթիւ, համաշխարհային շարժանկարային պաստառներու վրայ կը յայտնուի Ազնաւուրի մասին առաջին գեղարուեստական շարժանկարը՝ «Պարոն Ազնաւուր»:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները Շէյքսփիրի մասին Թոլսթոյի քննադատութիւններուն առընչութեամբ։
Շէյքսփիր, որ մահացած է Թոլսթոյի ծնունդէն քանի մը դար առաջ, բնականաբար չկարողացաւ պատասխանել իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մանկասարեան կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս Կաթոլիկ եկեղեցին յաջողած է պահել Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը՝ որ աւելի հին անցեալ ունի, սակայն չէ կրցած պահել առաքեալներուն կողմէ գրուած ձեռագիրներն ու այլ յիշատակելի փաստերը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մանկասարեան Յիսուսի կեանքը առասպել կը նկատէ, առաջին հերթին հիմնուելով այն «փաստ»ին վրայ, թէ Յիսուսի ծնունդը յստակ թուական մը չունի. անոր համոզումով անձի մը գոյութիւնը կարելի է փաստել այն ժամանակ, երբ պատմիչներ միաբերան կ՚ընդունին անձի մը ծննդեան օրը եւ կամ ծննդեան թուականը, սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային յստակ թուականի մը չգոյութիւնը կասկած կը ստեղծէ Քրիստոսի գոյութեան շուրջ:
Արցախի հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները օրէ օր կը խորանան ու կը հասնին անհաւատալի համեմատութիւններու։ Ատրպէյճան կը ձգտի սիսթեմաթիք ձեւով խորացնել Արցախի պաշարումը։
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրի նոր շինարարութեան շուրջ բացայայտումներ:
Նախկին մատակարար մարմինը վարձակալութեան պայմանագիրը կնքած է՝ հակառակ փաստաբանի զգուշացումներուն:
Կիթառի դիպուկ նուագներու խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ կը հնչեն երգի մը բառերը. երազներուն ալ ժամանակը կ՚անցնի… Մարդկային երեւակայութիւնը թէեւ անսահման է, սակայն կերպարանափոխութիւնն ալ վերանորոգ ու յարատեւ։ Կերպարանափոխեալ մարդուն երազներուն ժամանակը կրնա՞յ լրանալ։
Շիշլի մարզակումբը ախոյեան եզրափակեց Թուրքիոյ 2022-2023 շրջանի ֆութսալի լիկը։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս շիշլիցիները նուաճեցին ախոյեանի տիտղոսը, ինչ որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց ակումբի շրջանակներէն ներս։
Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով Գարակէօզեան Տան ամբողջ ընտանիքին ամենաջերմ զգացումներուն։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքին, որ կը բաղկանայ 55 աշակերտէ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։