Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Առեղծուած է կեանքը… լեցուն լաւ ու վատ անակընկալներով: Առեղծուած, որ անյստակութիւն կը ստեղծէ վայրկեաններուն իսկ միջեւ, մէկ պահէն միւս պահը հազար ու մէկ բան փոխելով մարդու կեանքին մէջ:
Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեանի Արցախ մուտքը արգիլուեցաւ։ Յովհաննիսեանի գլխաւորած «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան աղբիւրները այս մասին ահազանգ հնչեցուցին, ինչ որ հայկական լրահոսին մէջ գտաւ լայն արձագանգ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը Երեւանի համար տարածքային հարց մը չէ։ «Այդ առումով մեզի համար սկզբունքային է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները», յայտնեց Արմէն Գրիգորեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։
Փութին Էրտողանին փափաք յայտնած է՝ թրքական «Պայրաքթար» անօդաչուներ ձեռք բերելու ուղղութեամբ:
Իպրահիմ Քալըն. «Եւրոպայի համար բնական կազ կարելի է մատակարարել Ռուսաստանի փոխարէն՝ TANAP-ի միջոցաւ»:
Շաբաթ երեկոյեան Գնալը կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ սաներն ու համակիրները։ Ջրային մարզաձեւերու ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին երաժշտական յայտագիր գործադրեց Արի Պարութօղլու։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամառային դասընթացները Գնալը կղզիին մէջ կը շարունակուին ոգեւոր մթնոլորտով։ Ըստ տարիքային դասաւորման ձեւաւորուած խումբերը կը մարզուին՝ փորձառու մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ, ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ERVAB-ի ժողով:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչներուն հետ հաստատուած շփումներու լոյսին տակ յստակացած են նոր կանոնադրութեան գործադրութեան հիմնական առանցքները:
Համայնքային վարիչները գործի կը լծուին ներառական քուէարկութիւն մը կազմակերպելու առաջադրութեամբ: Ընտրութեան պատրաստութիւնները կ՚ենթադրեն ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործումն ու դասաւորման համակարգումը:
Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց սփիւռքի հանրային կեանքի աշխուժացման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութիւնը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կոչով մը հանդէս եկաւ համայնքային ընտրութիւններու հարցին շուրջ։ Երկար ժամանակէ ի վեր առկախուած ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու վարչական խորհուրդներու ընտրութիւնները իրականացնել կարելի պիտի ըլլայ՝ վերջերս պաշտօնապէս ընդունուած նոր կանոնադրութեամբ։
Հայաստանէն՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան այս օրերուն կը հիւրընկալուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ։ Ըստ էութեան, Անթիլիասի եւ Պիքֆայայի մէջ ան կ՚անցընէ իր կեցութեան շրջանը։
Հայաստանի Դիւանագիտութեան դպրոցի 2022 թուականի շրջանաւարտները նախընթաց օր հանդիսաւոր արարողութեամբ ստացան իրենց վկայականները։ Հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի շրջանային նախագահ Ապտուլլահ Շահիտին, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կ՚այցելէր Երեւան։
Աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայութեան կեանքը բարեփոխելու եւ վերակազմակերպելու ուղղեալ որոնումներու պարունակին մէջ առաջարկուած գործնական ծրագիր մը:
«Համոզիչ եւ արդար է, որ ազգային տեսական բարձրագոչ լոզունգները ընդհանրապէս ժամանակի հոսանքին հետ անիմաստ կը դառնան, եթէ չգործնականացուին իմաստալից ծրագիրներով»:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Օրեկըն նահանգի Փրինվիլ քաղաքէն։ Այդ քաղաքի բնակիչներէն մի ոմն Էրիք Էյքըրս գիշերները կ՚աշխատի Պենտ քաղաքին մէջ, որ իր բնակարանէն 33 մղոն (53 քմ) հեռու է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շուրջ տասն օր առաջ Լիբանանի մէջ ծայր կ՚առնէր նոր տագնապ մը, ձեւով մըն ալ պատճառ դառնալով, որ երկրի քաղաքական շրջանակները՝ մէկ կողմ թողեն առաջնահերթ զանազան թղթածրարներ, ստիպուած ըլլան զբաղելու Լիբանանի մարոնիթ եկեղեցւոյ միաբաններէն Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի խնդրով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները առնուած են Եսայիի մարգարէութենէն (Ես 3.16-4.1), Պօղոս Առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն (Ա. Կր 1.25-30) եւ Մատթէոսի Աւետարանէն (Մտ 18.10-14):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարձեալ Լիբանան... դարձեալ ողբերգութիւն...:
Լիբանանի վիճակը կամաց կամաց դէպի լաւ երթալու փոխարէն, օրէ օր աւելի կը վատթարանայ. մարդիկ կտոր մը հաց առնելու համար երկար շարքեր կը կազմեն՝ շատ անգամ կռուելով ու պայքարելով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան պատուեց Գնալը կղզիի մէջ «Մենք երգենք եւ պարենք» համերգաշարի շրջանակէն ներս կազմակերպուած երրորդ ձեռնարկը։ Երաժշտահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Նարօտ Ավճը։
Մեր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ երէկ երեկոյեան քաղաքս ժամանեց Երեւանի մեր արժէքաւոր աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեան։ Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքով, թերթիս խմբագրութեան հրաւէրին ընդառաջ Պոլիս կ՚այցելէ Վարանդ Քորթմոսեան, որու կեցութիւնը կը տեւէ աւելի քան երկու շաբաթ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ նախագահին վերջին յայտարարութիւնները սպասելի էին: Այն ինչ, որ արտաքին գործոց նախարարը կամ յատուկ ներկայացուցիչը կ՚ըսէին անուղղակի, դիւանագիտական բառապաշարներով, հիմա նախագահը կը յայտարարէ ուղղակի: