Արխիւ
Շիշլի մարզակումբի եւ Պէյօղլուսփորի մինչեւ 18 տարեկաններու պասքեթպոլի խումբերուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ բարեկամական հանդիպում մը։ Խոր աւանդոյթներով այս երկու մարզակումբներու վարչայիններն ալ հետեւեցան խաղին, որու սկիզբին խմբապետները փոխանակեցին ծաղիկներ։
Մայրենիի միջազգային օրուան առթիւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր հայերէնի ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուրնաճըի եւ Լիանա Պենլիի նախաձեռնութեամբ։ Այսպէս, տղաքը առցանց զրոյց մը ունեցան գերմանաբնակ ակադեմական Իշխան Չիֆթճեանի հետ, որ հայերէնով գրական պլոկ մըն ալ կը ղեկավարէ միեւնոյն ժամանակ:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր նշուեցաւ Մայրենիի միջազգային օրը։ Այս առթիւ նախատեսուած հանդէսին յայտագիրը գործադրուիլ սկսաւ՝ Նորա Միթիլեանի բացման խօսքով։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի նախագահ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանը, տնօրէն խորհուրդի անդամներն ու բազմամեայ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակութեան տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու յիշատակը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ նախագահեց Էջմիածին քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կեանքի վազքին մէջ տակաւին նոր մտած, մեծ յուսախաբութիւն ապրած եւ անորոշ վիճակի մատնուած երիտասարդը կը դիմէ իր վաղեմի ծանօթ ծերունիին, որպէսզի բաժնեկցի իր ներքին զգացումներուն, ապրումներուն եւ ունեցած յուսախաբութիւններուն մասին, յոյս ունենալով, որ իր մտերիմ եւ այնքա՜ն սիրելի ծերունին կը կարենայ թեթեւցնել իր ծանրացած վիճակը եւ ուղղութիւն տալ՝ շարունակելու համար դեռ նոր սկսած կեանքի պատերազմը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իմ տխրութիւնը ունի անուն՝ անարդարութիւն:
Անարդար են ազգերն ու ժողովուրդները: Անարդար են երկիրներն ու գերտէրութիւնները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակներու փոփոխութեան հետ կը փոխուի գրեթէ ամէն բան, կը փոխուին մտայնութիւնները, փոխանցուած կրթութիւնն ու անոր չափանիշները, հաւատալիքները, սահմանները եւ գրեթէ՛ ամէն ինչ՝ ներառեալ մարդը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Մեր նոր ժամանակները բնականաբար տարբեր ու բազմազան նկարագրումներու կ՚արժանանան, շատ մը մեկնարկներէ կամ պրիսմակներէ ելած. ինչպէս՝ աշխարհագրական, կրօնական, ազգային, ընկերային եւ այլն: Սակայն իրողութիւն մը ցայտուն է, որ ներկայ աշխարհին մէջ առաւելաբար միջին եւ մանաւանդ հարուստ անձերն ու դասակարգերը նմանատիպ կեանքի ոճով, ճաշակով, նախասիրութիւններով կամ նոյնիսկ հոգերով կ՚ապրին, որովհետեւ ամենաբաց ու համարկուած ժամանակներն են հիմա
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Յիսուս այս աղօթքը ընելէ ետք՝ Իր աշակերտներուն հետ գնաց Կեդրոն կոչուած ձորին միւս կողմը» (Յհ 18.1):
Մատթէոսն ու Մարկոսը Գեթսեմանի գիւղը կ՚ըսեն, իսկ Ղուկաս. «Ըստ սովորութեան, կ՚ըսէ, Ձիթենեաց լեռը գնաց» (տե՛ս Ղկ 22.39):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, որ հայերէն լեզուն հարուստ եւ իր այդ հարստութեան համար տեղ մը դժուար է: Շատ անգամ կրնան գոյութիւն ունենալ երկու բառեր, որոնք կը թուին նոյնը ըլլալ, սակայն իրողութեան մէջ իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր են:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Սթենֆրտի համալսարանի հրատարակչութենէն լոյս տեսած է յայտնի պատմաբան Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի «Ատանայի արհաւիրքը» գիրքը։ «Էրեբունի» կայքէջի հաղորդումներով, բազմալեզու տասնհինգ արխիւներէ ներս շուրջ տասնամեակ մը տեւած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքը կը հանդիսանայ այս հատորը, որ ձօնուած է աւելի քան 22 հազար զոհ խլած 1909-ի Ատանայի ջարդերուն։
Հայաստանի «Իմ քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Մխիթար Հայրապետեան վերջերս աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Քաթար։ Յիշեալ հիմնադրամի աղբիւրները երէկ Երեւանէն տեղեկացուցին, որ ան հանդիպում մը ունեցած է Քաթարի արքունիքէն շէյխուհի Հինտ Պինթ Համատ Ալ-Թանիի հետ, որ Քաթարի ներկայ էմիրի հարազատ քոյրն է եւ գործադիր տնօրէնուհին՝ Քաթարի հիմնադրամին։
Ռուսաստան ճանչցաւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի անկախութիւնը եւ իր բանակը մտաւ Ուքրայնայի տարածք:
Միջազգային հանրութիւնը կ՚ընդդիմանայ սաստկօրէն: Անգարա անընդունելի ու մերժելի կ՚որակէ Մոսկուայի որոշումը:
Փաշինեանի հետ երէկուան հեռախօսազրոյցէն վերջ, Փութին այսօր Մոսկուայի մէջ կը հիւրընկալէ Ալիեւը:
Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը ստորագրուի դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր մը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ պատմական Անի քաղաքի համակիրներէ բաղկացեալ խումբ մը։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Ալի Կիւրպիւզ Սատըքօղլու, Էրպիլ Հիւրեուրթ, Իհսան Աքքուշ, Օսման Պաշչիֆթճի, Էօզկիւր Տենիզ եւ Իրմա Աբգար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթին Չանքարն ու անդամներէն Արէտ Չաքըճըն։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ միեւնոյն ժամանակ այս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մարի Եանճը եւ Սիլվա Աթընըզ, ինչպէս նաեւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պէնլիօղլու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն եւ համանուն դպրոց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդէն պատասխանատուներ Գումգաբու փութացած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրելու համար այս շաբաթավերջի աւանդական տօնակատարութիւններուն։