Արխիւ
Վերտիի «Լա Թրավիաթա» գործին կատարումը՝ «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնի ծիրէն ներս:
Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ խորհրդարանի շէնքի բակին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած զրոյցը տեւեց 1 ժամ 15 վայրկեան։
ԱՊՀ-ի, ՀԱՊԿ-ի եւ ՇՀԿ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու համատեղ ժողովը:
Տօնոյեան անընդունելի համարեց տարածքաշրջանային հակամարտութիւններուն նոր պետութիւններու ներգրաւման փորձերը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին երկու օրերուն հիւրընկալուեցան Արարատեան Հայրապետական թեմի հոգեւոր հայրերը։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց Երեւանի եւ Արարատի մարզի հոգեւոր տեսչութեան սպասաւորները՝ գլխաւորութեամբ Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի եւ Արարատի մարզի հոգեւոր տեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ «Amida'nın Sofrası» գիրքի հեղինակ Սիլվա Էօզեէրլի զրոյցի մը մասնակցեցաւ ընթերցասէրներու հետ։ Իրաւաբան Էլիֆսու Տիլէք Շէնի նախաձեռնութեամբ, «Թաշ» ճաշարանին մէջ կազմակերպուած այս երեկոյթի ընթացքին հեղինակը ներկաներու հետ զրուցեց Տիարպաքըրի խոհանոցին եւ կենցաղին շուրջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Երբ երեկոները քալելու կ՚երթամ մեր տան մօտակայ փողոցները՝ օրական մարզանքս կատարած ըլլալու գոհացումով, յաճախ կը տեսնեմ մարդիկ, որոնք կու գան իրենց շուներով։ Լաւ մը ուսումնասիրելէ ետք շուներուն վարուելակերպը, ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ ո՞վ որուն կ՚առաջնորդէ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ շունն է, որ յանկարծ կը կենայ, կը հոտոտայ չորս դին եւ կը շարունակէ իր ճամբան։
Էլըն Մասք պատմած է, թէ երբ կը կայանայ Starship-ի դէպի ուղեծիր առաջին թռիչքը։ Միլիառատէր գիւտարար Էլըն Մասք խոստացած է, որ Starship օդաչուաւոր տիեզերանաւը կրնայ շուրջերկրեայ ուղեծիր թռչիլ արդէն յաջորդ տարի։
Եաքուտսքը աշխարհի ամենացուրտ քաղաքներէն մին է, որ կը գտնուի Ռուսաստանի Սիպիրիա տարածքաշրջանի արեւելքին, Լենա գետի ափին։ Ձմեռը -34 ջերմաստիճան կ՚ըլլայ օդի բարեխառնութիւնը Եաքուտսքի մէջ, որ Նորիլսքէն վերջ աշխարհի ամենացուրտ երկրորդ քաղաքն է։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի վրայ կրակած եւ զայն նահատակած ոճրագործ Օկիւն Սամաստ կալանավայրին մէջ ալ վերջին շրջանին իրականացուցած է բռնութիւններ։ Վերջին օրերուն տեղական մամուլը կ՚անդրադառնայ Օկիւն Սամաստի վերաբերեալ զանազան իրադարձութիւններուն։
Իսրայէլի մէջ սկսաւ գործել Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը:
Հիւպատոսական ծառայութիւնը շուրջ տասն օրէ ի վեր քաղաքացիներու կողմէ կ՚ընդունի բազմաբնոյթ դիմումներ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ընդհանուր պատկերն ալ կը շարունակէ առթել մտահոգութիւն։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց վիճակագրական հերթական տուեալները։
Աշխարհի երկիրներու ելեկտրոնիկ կառավարման զարգացման ցուցիչին վրայ Հայաստան 19 կէտով բարելաւած է իր դիրքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 195 երկիրներու ցանկին վրայ Հայաստան կը զբաղեցնէ 63-րդ հորիզոնականը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Գումգաբուի վերջին համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը, ըստ էութեան, երեք հիմնական «կողմ» ունէր։ Առաջին՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երկրորդ՝ ՀԱՅՃԱՐ եւ երրորդ՝ Պետրոս Շիրինօղլու։ Հաւաքի ողնայարը կը բաղկանար այս երեք հիմնական տարրերէն։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լեռնա Թումայեան իրաւունք շահած է մուտք գործել «Պեզմի Ալէմ» հիմնարկի համալսարանի Բժշկութեան ֆաքիւլթէն։ Լեռնա Թումայեան մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ 8-րդ դասարան յաճախած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարան։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը որոշեց Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի ղեկը յանձնել Մուրատ Իչլինալչային։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, որ կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդը, այս առաւօտ մեզի բացատրութիւններ տուաւ նոր տնօրէնի նշանակման շուրջ։
Սթոլթենպերկ շարժման անցաւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ առկայ տարակարծութեան յաղթահարման գետին պատրաստելու նպատակով:
Դաշինքը կը ձգտի արեւելեան Միջերկրականէ ներս կանխել լարուածութիւնները եւ նուազեցնել արկածներու ռիսքերը՝ համապատասխան դրոյթներու հաստատման միջոցաւ:
ԵՐԱՄ
Առաւօտ կանուխ աչքերը բացաւ Զանան։ Կայծակնային արագութեամբ յիշեց երէկ պատահածը, սիրտն ինկաւ կծիկ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սեւը մտադրած խանութէ խանութ շրջեցայ:
Սեւ: Անլոյս գոյն մը. ամենայարմարը այս օրերուն: Միակ անփոփոխ երանգը, որուն լոյսը չ՚ազդեր, չի կերպարանափոխեր, չ՚աղաւաղեր, չի մգացներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր գրեթէ ժամանակավրէպ սովորութիւն մըն է «դրամօժիտ»ը՝ որ ներկայ ըմբռնումով ամուսնութեան նուիրականութեան հետ շատ ալ չպատշաճող դրութիւն մը եղած է։ Անշուշտ հարցը եթէ դիտուի տնտեսագիտական աչքով, կրնայ «բանաւոր» տարրեր գտնուիլ այդ դրութեան մէջ, սակայն բարոյական եւ հոգեւոր իմաստով ամուսնութեան հաստատութեան համար «խորթ» եւ անսովոր ըլլալ կը թուի ան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգի Ֆայէթ քաղաքին մէջ կը վաճառուի տուն մը, որ կառուցուած է 19-րդ դարուն։ Առանձնայատկութիւն մը այս բնակարանը, որուն մէջ կը գտնուի բանտ մը։