Արխիւ

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ա­մե­րի­կեան Մե­րի Լենտ նա­հան­գի «Քեմփ Տէյ­վի­տ» ա­ւա­նին մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը: Քեմփ Տէյ­վի­տի ա­նու­նը մեզ­մէ շա­տե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր եւ պատ­մա­կան հանգրուան մը կը յու­շէ:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015

Ե­րէկ, Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եւ Վի­շեկ­րա­տեան քա­ռեա­կի (Լե­հաս­տան, Չե­խիա, Սլո­վա­քիա, Հուն­գա­րիա) եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ, ԵՄ-ի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվտան­գու­թեան հար­ցե­րով բարձր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ֆե­տերի­քա Մո­կերի­նի, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­րե­ւա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հա­նէս Հան, ԵՄ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Լիթ­վա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էտ­կարս Ռին­քե­ւիչ, Շուէ­տի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մար­կոտ Վալսթ­րէոմ եւ Լե­հաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կժէ­կոժ Սխեթի­նա։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած միջ­լի­սէա­կան մար­զա­կան խրախ­ճան­քի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Մեր լի­սէ­նե­րու խում­բե­րը վո­լէյ­պո­լի եւ պաս­քեթ­պո­լի հան­դի­պում­նե­րու ար­դիւն­քին մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Սլո­վա­քիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պրա­թիս­լա­ւա։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

«100-ամեակին խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին» խորագրեալ գիտաժողով մը՝ «Պիլկի» համալսարանին մէջ:
Փրոֆ. Մուրատ Պելկէ. «Քաղաքացին եմ հասարակութեան մը, որ կ՚ուրանայ կատարուածը, ուրացումը կը վնասէ երկրին»:

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հան վար­ժա­րա­նի 8-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Էս­կի­շէ­հիր։ Խում­բին գլու­խը կը գտնուէին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան եւ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Լու­սիա Գը­լընճ­լը։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած մար­զա­կան խրախ­ճան­քը վեր­ջին օ­րե­րուն ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան։ Եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը կազ­մա­կեր­պուի այս խրախ­ճան­քը, հե­տե­ւա­բար ու­նի խոր ա­ւան­դու­թիւն­ներ ու ձե­ւա­ւո­ր-ւած նա­խըն­թաց­ներ։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած անգ­լե­րէն բա­ռա­խա­ղի (Scrabble) 9-րդ մր­ցոյ­թը ե­րէկ եզ­րա­փա­կուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Նա­խըն­թաց օ­րուան միջ­նա­կար­գե­րու պար­գե­ւատ­րու­մէն վերջ, ե­րէկ ալ լի­սէ­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Գա­րա­կէօ­զեա­նի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց ե­րաժշ­տա­կան խան­դա­վառ ձեռ­նարկ մը։ «Դուն ալ մաս­նակ­ցէ, դուն ալ նուա­գէ» կար­գա­խօ­սով կազ­մա­կերպուած ե­րաժշ­տա­կան մա­րա­թոն մըն էր այս մէ­կը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք հա­ւատ­քի մա­սին, քա­նի որ հա­ւատ­քը, ամ­բողջ կեան­քին ըն­թացք տուող ազ­դակ մըն է՝ ազ­դակ մը ե­ղած է մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ։ Ան ա­նու­րա­նա­լի ի­րո­ղութիւն մըն է մար­դուն ան­հա­տա­կան ու հա­ւա­քա­կան կեան­քին գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ ա­ւան­դա­կան շու­քով նշեց Համ­բարձ­ման տօ­նը։ Ս. Զատկուան յա­ջոր­դած քա­ռա­սու­նե­րորդ օ­րուան կը զու­գա­դի­պի այս կա­րե­ւոր ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նը, ո­րուն զու­գա­հեռ մեր ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նախմ­բէ նաեւ Հա­յոց Հայ­րա­պե­տա­կան Ա­թո­ռին՝ 1441 թուա­կա­նին Սի­սէն Սուրբ Էջ­միա­ծին փո­խադ­րու­թեան յի­շա­տա­կը։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի տարեգրութեանց մէջ էջ մը եւս թերթուեցաւ՝ հպարտութեան զգացումներով եւ յարատեւութեան մաղթանքով:
Համբարձման տօնին օրը այս տարի եւս համայնքային շրջանակները բարձր տրամադրութեամբ նշեցին Գթութեան յարկին հիմնադրութեան տարեդարձը:

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կը խորհր­դա­ծենք Յի­սու­սի յա­րու­թեան մա­սին, պահ մը խոր­հինք նաեւ մեր իւ­րա­քան­չիւ­րին կեան­քը, ապ­րած ա­մէն մէկ օ­րը՝ նման չէ՞ Յի­սուս Քրիս­տո­սի յա­րու­թեան խոր­հուր­դին։ Ար­դա­րեւ ա­մէն օր երբ կը սկսի ա­ռա­ւօ­տուն եւ երբ կ՚արթն­նանք, մե­զի հա­մար յա­րու­թիւն մը չէ՞։ Նոր եւ նո­րո­գուած հո­գիով մը երբ կը սկսինք նոր օրուան, մենք զմեզ տար­բեր տրա­մադ­րու­թեան տակ չե՞նք զգար։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հանովէրի անհատական ցուցահանդէսէն վերջ յայտնի արուեստագիտուհին Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
Թենի Վարդանեան. «Հիմա կը խուսափիմ միջավայրերէն, մարդոցմէ, աղմուկէ, շատ խօսքէ, կ՚ուզեմ ըլլալ առանձին»։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի 9-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած է միջ­վար­ժա­րա­նա­յին անգ­լիե­րէն բա­ռա­խա­ղի (Scrabble) մրցոյ­թը։ Ե­րէկ միջ­նա­կար­գե­րու հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ, իսկ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նան լի­սէին­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Թրքա­հայ ու­սուց­չաց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ կրթա­կան մշակ­նե­րու տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան պտոյ­տը։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ գոր­ծող կամ հանգս­տեան կո­չուած կրթա­կան մշակ­ներ այս ա­ռա­ւօտ մաս­նա­ւոր փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րով Ֆէ­րի­գիւ­ղէն ճամ­բայ ե­լան դէ­պի Վոս­փոր՝ Գա­լէն­տէր թա­ղա­մա­սը, ուր «Գաղտ­նի պար­տէզ» զբօ­սա­րա­նին մէջ կ՚ան­ցը­նեն ի­րենց օ­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Շիշ­լի մար­զա­կում­բին կող­մէ խումբ մը։ Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թէք­պը­չա­քի գլխա­ւո­րու­թեամբ շիշ­լի­ցի­նե­րը Նո­րին Սրբազ­նու­թեան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին ամ­սա­վեր­ջին կա­յա­նա­լիք «Նո­րա­ծա­գում» հա­ւա­քոյ­թին շուրջ, ո­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին Նա­տիա Շա­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Է­սաեան վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուն, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին դպրո­ցի լե­զուի բաժ­նին հե­տե­ւող ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի սա­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

ԱԳ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած երեսփոխանի թեկնածուն երէկ երեկոյեան համայնքային շրջանակներուն հետ մէկտեղուեցաւ «Elite World» պանդոկին մէջ:
Մարգար Էսաեան խանդավառ ելոյթով մը բացատրեց յառաջիկայ շրջանին վերաբերեալ իր մտադրութիւնները եւ սպասումները: Խրախուսական անկեղծ ու ջերմ խօսքեր արտասանեցին նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան:

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015

Օ­փե­րա­յի յայտ­նի մե­ներգ­չու­հի սոփ­րա­նօ Ա­րաքս Ման­սու­րեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած շնոր­հան­դէ­սով մը իր ա­րուես­տի հա­մա­կիր­նե­րու դա­տին յանձ­նեց նոյ­նա­ժա­մա­նակ ե­րեք ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր մե­ծա­նուն ե­րա­ժիշտ Տիգ­րան Ման­սու­րեան, որ այս առ­թիւ ը­սաւ. «Սա ամ­բողջ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի մը փոք­րիկ մէկ մասն է՝ հան­րա­գու­մա­րի բե­րուած ե­րեք ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կի մէջ, ուր Ա­րաքս Ման­սու­րեան լա­ւա­գոյնս դրսե­ւո­րած է ինք­զին­քը»։

Էջեր