Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպէս ծանօթ է արեւմտահայ անմահ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կենսագրութենէն՝ 1905 թուականին բանաստեղծը կը մեկնի Պելժիա եւ կ՚ընդունուի Կանտի համալսարանը, որ պատմական համալսարան է Պելժիոյ հոլանտախօս հիւսիսը գտնուող Կանտ քաղաքին մէջ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
«Չարերը միայն երգ չունին», ըսած էին մեր մեծերը ու այսպէս մեզի սորվեցուցած՝ մանկական, աշակերտական, սիրային ու մանաւանդ ազգային բազմաթիւ երգեր, մեր մանուկ հասակէն սկսեալ: Ու մենք հլու-հնազանդ այդ բոլորը սորվեցանք եւ երգեցինք ամէն առիթներով, մեր տուներէն, դպրոցներէն, ակումբներէն ներս եւ հրապարակային ձեռնակներուն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Խաղաղութիւնը ունի իր բաղադրական կէտերն ու նպատակները՝ չդրժելով, որ ինքնին խաղաղական կեանքն ու իրերու, գիտութիւններու, նոյնիսկ եղափոխութեան էութիւնը խաղաղական է եւ կը սնանի խաղաղ վիճակէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ նախադասութիւնը. «Մարդուն հոգին Տիրոջը լոյսն է, սիրտին բոլոր շտեմարանները կը քննէ» (Առ 20.27):
Պատասխան. Այն՝ որ մարդուն մէջ եղող հոգին, Աստուծմէ մարդուն տրուած լոյսն է, որով մարդ կը լուսաւորուի: Ո՛չ թէ ինքն իրմէ կը լուսաւորուի, այլ՝ Աստուծմէ կը լուսաւորուի, Աստուած է որ կը լուսաւորէ եւ կ՚առաջնորդէ զինք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսի աշակերտներուն անհնար կը թուէր կարենալ կշտացնել այդքան ժողովուրդը՝ մօտաւորապէս հինգհազար հոգի։ Այդ միջոցին Յիսուս անոնց կը յանձնարարէ միջնորդել գործնապէս, որպէսզի մարդիկ կերակրուին. «Յիսուս անոնց ըսաւ.- Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէ՛ք անոնց որ ուտեն». (ՄԱՏԹ. ԺԴ 16)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութիւնը կը գրէր այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կնոջ դերն ու պարտաւորութիւնը ընդհանրապէս տնային գործերն էր. այս իսկ պատճառով Հայրիկ կ՚ըսէ. «Այր մարդ արտաքին վաստակաւորն է. եւ այս է ի սկզբանէ անտի նորա աշխատութեան բաժին եւ պարտիքը:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս միջվարժարանային մարզական խրախճանքով մը ոգեկոչեց՝ դպրոցի անմոռանալի ու երախտաշատ տնօրէններէն հոգելոյս Հայկ Նշանը։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութիւնը բծախնդիր աշխատանքով մը կազմակերպած էր այս մրցաշարքը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։
Սեբաստահայերու եւ համակիրներու միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշ մը, որու մասնակիցները առաւօտուն նախ Ս. Պատարագի մասնակցեցան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած 9-րդ միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներու ուշադրութեան արժանացաւ։ «Քրիստին Սալերի» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած մրցոյթը տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ:
Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Ս. Զատկի առթիւ մեկնեցաւ Տիարպաքըր, ուր Ս. Պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ: Տէր հօր ընկերացան Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Յակոբ Կսրկ. Սարաֆ։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
«Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդ» անուանումով նոր եւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւն մը:
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութիւն կ՚ընծայէ արտաքին քաղաքական գործընթացներու մասնագիտական վերլուծման նկատմամբ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ապրիլի 24-ին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան հանդէս եկաւ համաշխարհային կոչով՝ կանխելու նոր ցեղասպանութիւնը: Աֆէեան արդարացիօրէն կը նշէր, որ «աշխարհ զբաղուած է» եւ 120 հազար հայու՝ Արցախի ամբողջ բնակչութեան բռնի տեղահանումը այդ «զբաղած» աշխարհին համար աննկատ եղած է:
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Աղտամի մէջ գործած Ռուսաստան-Թուրքիա մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնը փակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ 30 յունուար 2021 թուականին բացուած կեդրոնը այլեւս գոյութիւն չունի։
Իրանի եւ Հնդկաստանի միջեւ կը զարգանայ պաշտպանական ու ռազմական համագործակցութիւնը:
Նիւ Տելհի եւ Թեհրան առաջնահերթութիւն կը ցուցաբերեն տարածաշրջանային անվտանգութեան նկատմամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Տոհա պաշտօնական այցելութեան շրջանակէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտիւլռահման էլ Թանիի հետ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման աշխատանքներու գործնական փուլ թեւակոխման զուգահեռ՝ Ուաշինկթըն ողջունեց Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ Ալմա-Աթայի հռչակագիրը հիմք օգտագործելու յանձնառութիւնը։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եթէ պահ մը ընդունինք, որ Լիբանանի մէջ այսօր հիմնական խաղացողը Իրանն է, ապա պէտք է ընկալենք նաեւ, որ Իրանի կողքին եւ ոչ-նուազ դերով հանդէս կու գայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Երկար տարիներու պատմութիւն է Պէյրութի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները, որոնք նաեւ կը պայմանաւորուին Լիբանանի աշխարհագրական դիրքով, քաղաքական-անվտանգային դերով ու ձեւով մըն ալ արաբական աշխարհին հետ ուղիղ հաղորդակցութեան մտնելու հիմնաւոր փաստարկով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ անուանի գրող, հայ գրականութեան «նորավէպի իշխան», մեծահռչակ խորհրդարանական, քաղաքագէտ, փաստաբան եւ բարեգործ Գրիգոր Զօհրապ գրած է բանաստեղծութիւններ, նորավէպեր, ակնարկներ, վէպեր եւ այլ տեսակի գրութիւններ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդիկ՝ «Homo sapiens»ը կենդանիներու մէջ թէ՛ ամենադաժանն է եւ թէ ամենագթասիրտը։ Բացի դաժան, անգութ, եսասէր ու անբարոյ ըլլալէ, ան միեւնոյն ժամանակ գթասիրտ է, բարի, պարտաճանաչ եւ օգտակար․․․