Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Արանչա Կոնզալեզ Լայայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համավարակի դէմ ուղղուած պայքարի շրջանակներէն ներս ազգային մակարդակներու վրայ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի ունեցաւ ընտրողներու նուազ մասնակցութեամբ:
Արայիկ Յարութիւնեան կը ստանձնէ Արցախի ղեկը - Արմէն Սարգսեանի կողմէ գնահատանք ու շնորհաւորութիւններ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020

Վեհ. Հայրապետը կարծիք յայտնեց Հայաստանի քաղաքական կեանքի ամենակնճռոտ հարցերէն մէկուն մասին: Կառավարութեան եւ Մայր Աթոռի միջեւ բանավէճ:
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց փոխել նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց երկար սպասուած դրական լուր մը. օրեր անց Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համավարակի տարածման թափը անկում արձանագրել սկսած է: Տագնապը նուազագոյն վնասներով յաղթահարելու ուղղութեամբ յուսադրիչ իրադարձութիւն:
Նախարարաց խորհուրդի վերջին ժողովին ժամանակ յստակօրէն ի յայտ եկան յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւնները, որոնք կը բիւրեղանան միջազգային փորձառութիւններու լոյսին տակ:
Կառավարութիւնը որոշած է իսկոյն շարժման անցնիլ երաշխաւորելու համար՝ կենսաանվտանգութիւնը, սնունդի անվտանգութիւնն ու սիպերանվտանգութիւնը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի անդամներէն մին եւս զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին։ Այսպէս, ոչ եւս է Արա Թէլլէր, որ շուրջ 80 տարեկան հասակին կնքեց իր մահկանացուն Շիշլիի «Էթֆալ» հիւանդանոցին մէջ, ուր դարմանման տակ էր շուրջ ամիսէ մը ի վեր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020

Ստորեւ կ՚արտատպենք Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրականը՝ ստորագրուած գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020

ԵՐԱՄ

Կային երկինքը, Արկ է Պամն ու քաղաքն ամբողջ՝ փլատակ, եւ աղաւնիները Զանային։ Ուրիշ ոչինչ կարծես։ Մենութեան ու կորուստի արհաւիրք մը պատեր էր իրեն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Անցաւ գրեթէ ամիս մը, բանտարկուած ենք մեր սեփական յարկի տակ։ Անթիւ անհամար մեղքերու, սխալներու, թերութիւններու պատճառաւ կը կրենք պատիժ, սակայն չենք հասկնար, թէ ո՛ր մէկուն համար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բարեկամ» բառը տառացիօրէն մեկնելով բարեկամութեան բարձրագոյն եւ իսկական նշանակութեան հասնիլ կարելի չէ։ Տառացիօրէն, «բարեկամ» կը նշանակէ մէկը, որ բարի կը կամենայ, կամ, բարիք կ՚ընէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020

Հնդկաստանի մէջ մարդամեքենայ բուժքոյրերը շուտով կը ծառայեն քորոնաժահրով վարակուած անձերուն։ Այսպէս, մարդամեքենայ բուժքոյրերն ու բուժակները շուտով կը սկսին ծառայել Հնդկաստանի հիւանդանոցներուն մէջ, պայքարելու համար ընդդէմ քորոնաժահրի համաճարակին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020

Քաշմիրի մէջ վերջին օրերուն էականօրէն լարուած է ընդհանուր կացութիւնը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի զինեալ ուժերու շփման գծի երկայնքով շաբաթավերջին տեղի ունեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով, ըստ էութեան, տուժած են խաղաղ բնակիչներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020

Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան շրջանակներէն ներս ներկայիս կը հասուննայ գործարք մը։ Այսպէս, Պաքու կը նախատեսէ ձեռք բերել ռուսական արտադրութեան ռազմաօդանաւեր։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020

Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը՝ Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իսրայէլի պետութեան ղեկավարը կապ հաստատած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին հետ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020

Քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս, Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ եւս 30 օրով։ Երէկ, Հայաստանի կառավարութիւնը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին որոշուեցաւ՝ մինչեւ 14  մայիս 2020 թուականը երկարաձգել ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցները։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ելոյթ մը ունեցաւ կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ:
Պետութիւնը շարժման անցուցած է բոլոր լծակները: Յառաջիկայ շաբաթավերջին եւս փողոց դուրս գալը արգիլուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ: Քայլեր կ՚առնուին նաեւ տնտեսական հաւասարակշռութիւններուն համար:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի նոր նախագահի ընտրութեան գործընթացը այսօր կ՚աւարտի:
Անխուսափելի թեկնածուներն են Արայիկ Յարութիւնեան եւ Մասիս Մայիլեան: Քուէարկութիւնը կ՚իրականացուի Արցախի մէջ յայտարարուած արտակարգ իրավիճակին պայմաններուն ներքեւ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020

Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ հերթական բանավէճը՝ քորոնաժահրի համավարակի մթնոլորտին մէջ:
Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն իրերամերժ ու հակասական պաշտօնական յայտարարութիւններ կը կատարուին վերջին օրերուն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Քորոնաժահրի աննախընթաց տարածումը՝ աշխարհով մէկ, բոլորիս վրայ ազդեց։ Դպրոցներն ու գործատեղիները փակուեցան, մարզարաններն ու ճաշարանները գոցուեցան եւ միայն դրամատուներն ու ուտեստեղէնի շուկաները բաց մնացին, որպէսզի մարդիկ կարենան իրենց անմիջական պէտքերը հոգալ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այսօր իմ խօսակիցը Պելժիա հաստատուած Շահնուր Մինասեանն է։ Ուշագրաւ է, որ Շահնուրի հետ կարողացայ ոչ միայն լոյսին բերել ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ մասնաւորապէս Պելժիոյ այսօրուան իրավիճակը, այլեւ պրիսմակը լայն բանալով՝ հարցադրումներ ուղղել այսօր խորունկ ճգնաժամ ապրող եւրոպական մեծ միաւորի ապագային մասին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Եւ գիտելի է, որ ճշմարիտ վկան բոլոր սուտ կարծիքները կը խափանէ ու գաղտնի ճշմարտութիւնը կը յայտնէ եւ վկայուածը կը մեծացուցանէ, իսկ սուտ վկան հակառակ ասոր ճշմարիտը կը խափանէ ու ստութիւնը կը յայտնէ:

Էջեր