Արխիւ

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս տեղի ունեցաւ դատավարութիւն:
Դատակազմը քանի մը օրէն վճիռ պիտի արձակէ Ռոպերթ Քոչարեանը՝ առողջական պատճառներով բանտէն ազատելու պահանջին շուրջ: Դատական նիստին ժամանակ երկրորդ նախագահի կողքին դիրք գրաւեցին Հայաստանի եւ Արցախի խումբ մը նախկին վարչապետներ:

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020

Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն տխուր դէպք մը պատահած է Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին։ Այսպէս, անծանօթ մը փորձած է հրկիզել եկեղեցւոյ դուռը ու խոյս տուած։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Coronavirus-ի համաճարակը երբ կը շարունակուի տակաւին տարածուիլ աշխարհով մէկ, կը թուի, թէ ցնցած է Ամերիկայի ալ Կեդրոնական կառավարութեան ղեկավարութիւնը:
Անցեալ մարտէն սկսեալ իշխանութեանց կողմէ հրահանգուած որոշումները, ձեռք առնուած ու գործադրուած համապատասխան քայլերը, տակաւին շօշափելի արդիւնաւորման չհասած, կը հնչեն երկիրը «բանալ»ու հրահանգներ: 

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աշխարհի տարածքին չկայ մարդ, որ զգուշաւոր գոհունակութեամբ չհետեւի պսակաւոր ժահրին մասին տրուած նորագոյն տեղեկութիւններուն, որոնք կարելի է համախմբել մէկ խորագիրի տակ: Շատը գնաց, քիչը մնաց, պայմանով որ…

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ներկայիս հայերէն լեզուն կը մնայ վտանգներու ենթակայ թէ՛ Հայրենիքէն ներս եւ թէ՛ արտաշխարհի տարածքին։ Զոյգ արեւելահայ եւ արեւմտահայ լեզուները իրենց հիմքէն աղճատուելու ենթակայ եղած են արդէն անցնող յիսնամեակին՝ դպրոցներու եւ ուսուցիչներու թիւն ու որակը անփութօրէն հետզհետէ խախտած ըլլալով, մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան առկայ իրադրութիւնը մեկնաբանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար:
Հակառակ քորոնա վարակի հետեւանքով ստեղծուած կացութեան՝ Լիբանանի մէջ ծայր առած է բողոքի նոր ալիք մը, որուն հիմնական պատճառն է երկրի բաւական բարդ եւ ծանր հետեւանքներու տանող տնտեսական տագնապը։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ոմանք կը նսեմացնեն հիւանդին զղջումին արժէքը, նկատի ունենալով, որ այն կատարուած է այնպիսի պարագայի մը, որ զինք ստիպած է զղջալու: Այս առումով հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենան. «Հիւանդին զղջումը՝ հիւանդագին զղջում է»:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

Տեսչութիւնը յառաջիկայ շրջանին դիմորդներու համար կը կազմակերպէ գրաւոր ու բանաւոր քննութիւն:
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը (Աստուածաբանական համալսարան)  կը պատրաստուի 2020-21 ուսումնական տարին դիմաւորելու:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Կեանքի թելը, ափսոս, կանուխ փրթաւ. Յարութիւն Շանլըն մեզ լքեց ու գնաց։ Իսկապէս դժուար է հաշտուիլ իր անժամանակ կորուստի գաղափարին հետ՝ մանաւանդ, որ հանգամանքներն ալ ողբերգական են։ Երբ ան անդենականի ճանապարհը բռնած է, մեր աչքին առջեւ, մտքին մէջ կը վերակենդանանան իրեն վերաբերեալ բազում յուշեր։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եացէք Չափութովիչի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան քորոնաժահրով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց դիմագրաւման ուղղեալ քայլերուն եւ ծրագրերուն շուրջ։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

«Իշխանութիւնները կը բանակցին այնքան, որքան լիազօրուած են։ Բանակցութիւններու երթալու ատեն պիտի չվախնանք ներսիններէն կամ դուրսիններէն»:
Նիկոլ Փաշինեան. «Աշխարհի վրայ բազում դիրքորոշումներ գոյութիւն ունին՝ անկախ մերինէն։ Կարո՞ղ ենք արդեօք ձեւակերպել ընդհանուր դիրքորոշում մը»:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

Քորոնաժահրի համավարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ հաստատուած սահմանափակումներու մեղմացման գործընթացը բազում հարցականներով կը զուգորդուի Թուրքիոյ մէջ։ Հանրային կարծիքի զանազան շրջանակներ որոշ հակասութիւններ կը նկատեն կարգադրութիւններուն մէջ ու կը փորձեն գտնել իրենց մտքի հարցումներուն տրամաբանական պատասխանը։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ թափով յառաջ կը տարուին պատուաստանիւթ մը գտնելու աշխատանքները՝ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ամերիկահայ յայտնի գործիչ, գիտնական ու ձեռներէց Նուպար Աֆէեանի «Moderna» ընկերութիւնն ալ այս ջանքերուն ներգրաւուած է աշխուժօրէն։ Կենսափորձագիտական այս ընկերութիւնը ներկայիս կ՚անցնի պատուաստանիւթի հետազօտման երկրորդ փուլին։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

ԵՐԱՄ

Ձախին դուռ մը կար։ Ֆարզատ քեռին հրեց զայն։
Ներսը, բակին մէջ, սեղանիկի մը շուրջ նստած չորս գլուխներ դարձան Զանայի ուղղութեամբ։ 

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Սիրո՞ւն են եասամանները,- նայուածքս նկատելով հարցուց հանդիպակաց մայթէն դէպի ինծի քալող եօթանասունը անց տատիկ մը, որ մէկ ձեռքով ճերմակ եասամանի փունջէն երկու ճիւղ հանել կը ջանար:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութիւնը՝ Աստուծոյ ձեռագործն է եւ ուստի «բարի» է ե՛ւ «գեղեցիկ»։ Արդարեւ, գեղեցկութիւնը՝ «անկեղծութիւն» է եւ փոխադարձաբար, անկեղծութիւնը՝ գեղեցկութի՛ւն։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Սարկաւագը այս ընթացքին ի՞նչ կը քարոզէ:
Պատասխան.
Աղօթական ձեւով փառք կու տայ Աստուծոյ՝ ժողովուրդին կողմէ ու կ՚ըսէ. 

 

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ահաւասիկ, հետաքրքրական միջադէպ մը՝ երաժշտական աշխարհի մեծագոյն թենորին՝ Էնրիքօ Քարուսոյի կեանքէն, ուր կը յայտնուի հանճարին սղագին արժէքը։
Երգապնակներ պատրաստող երկու ճարտարագէտներ ապշահար եղած են իրենց առջեւ կանգնող մարդուն յանդգնութենէն։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է խօսակցութիւնը։

Էջեր