Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ապրիլ ամսուն ծնած է Խրիմեան Հայրիկը՝ Մկրտիչ Ա. Վանեցի Խրիմեան Կաթողիկոսը, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յորջորջուեցաւ եւ յաւէտ մնաց այնպիսի հարազատ ու անզուգական պատուանուններով, ինչպիսիք են՝ «Հայոց Հայրիկ» եւ «Արծիւ Վասպուրականի»…

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդկութեան գոյութեան ամենակարեւոր տարրը ազատութեան զգացումն է։ Ազատութիւնը բաց երկինքի տակ սեփական գոյութենէն երջանկութիւն զգալն է։ Այդ պահուն ցաւը կը սկսի շիջիլ եւ կը ծնի աննկարագրելի ուրախութիւն մը, որ անհատներու եւ հասարակութիւններու ազատութեան բերկրանքն է, սեփական ճակատագիրը կարենալ վերահսկելու երանութիւնը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ արարածը ստեղծուած է ընկերային կեանք ապրելու համար եւ կոչուած է իրերօգնութեան՝ իրար լրացնելու եւ ամբողջացնելու, աջակցելու համար։ Որովհետեւ. «Տէր Աստուած ըսաւ.- Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար». (ԾՆՆԴ. Բ 18)։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Առաջին երեք գլուխներուն մէջ ընդհանուր ներածական ընելէ ետք կ՚անցնի այս աշխատութեան՝ «Մարդ եւ ամուսնութիւն» խորագրով. ինչպէս առաջին գլուխին մէջ, այստեղ եւս Խրիմեան Հայրիկ ամուսնութիւնը միւս բոլոր խորհուրդներէն ու օրէնքներէն վեր կը նկատէ. օրինակի համար, տասնաբանեայ պատուիրանը տրուեցաւ Սինա լերան վրայ՝ Մովսէսի միջոցով, սակայն Սուրբ Պսակի առաջին խորհուրդը կատարուեցաւ Դրախտին մէջ եւ նոյնինքն Աստուծոյ կողմէ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

Կը տեղեկանանք, որ վերջերս Մոնրէալ այցելած է բանասէր եւ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Ըստ «Հորիզոն» թերթի հաղորդումներուն, Մոնրէալի Պոլսահայ միութեան երդիքին տակ իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է գիրքի շնորհանդէս մը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024

Վերջին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններով ձեւաւորուած Շիշլիի նոր քաղաքապետական խորհուրդը վերջերս գումարեց իր անդրանիկ նիստը։ Քաղաքապետական խորհուրդի այս առաջին ժողովին ընթացքին ձեւաւորուեցան զանազան յանձնախումբերը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ գիշեր Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած են դարձեալ զանազան դէպքեր

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչը, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդունուեցաւ Հայաստանի մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կազզէի պատերազմով պայմանաւորուած վիճակին մէջ Իսրայէլը կը հալածէ համակարգային փլուզման վտանգը:
«Բոլորի զօրակոչուած» կացութեան զուգահեռ՝ անվստահութիւնը կը խորանայ յատկապէս երկրի բանակի պարագային:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

«Մարդը հանրագումարն է ո՛չ թէ տիրացածներուն, այլ տակաւին չիրագործածներուն», կ՚ըսէ Սարթր։ Անշուշտ, սա անհատական կտրուածքով է։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի արարողութիւն մը։ Այսպէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպսկ. Մաշալեան ստացաւ ծայրագոյն վարդապետութեան տասն աստիճանները։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Արցախի թեմական խորհուրդի անդամներն ու Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Արհեստական վիժում» խորագիրը կրող մեր գրութիւնը, որ գրած ենք 21 մայիս 2014-ին: Զայն կը հրապարակենք, նկատի ունենալով, որ վիժումի հարցը այսօր եւս կը չարչրկէ մարդկութիւնը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յառաջիկայ սեպտեմբերի 21-ին՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին Պատմութեան թանգարանին մէջ կը բացուի կարեւորագոյն ցուցահանդէս մը՝ «Մայր աստուածութիւն. Անահիտէն՝ Մարիամ» խորագրով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մշակոյթը տեւաբար մարդկային գործունէութեան հիմնական ու կենարար մասն է։ Մարդկութիւնը միշտ կարիքը զգացած է մշակոյթի, իսկ ընդհանուր մշակութային կեանքը անբաժան մասը եղած է ժողովուրդներու եւ հասարակութիւններու գործունէութեանց:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Հայրն ու մայրը անիծելու մասին բան գրա՞ծ է առակագիրը:
Պատասխան.
Այո՛: Կը կարդանք. «Ով որ իր հայրն ու մայրը կ՚անիծէ, անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի» (Առ 20.20): 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յակոբոս առաքեալ իր ընդհանրական նամակին մէջ կը զգուշացնէ հաւատացեալները զիրար դատելու վատ սովորութեան դէմ։ Ան կ՚ըսէ. «Մէկզմէկ մի՛ բամբասէք. ան որ եղբայրը կը բամբասէ կամ իր եղբայրը կը դատէ, օրէնքը կը բամբասէ եւ օրէնքը կը դատէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայրիկ իր աշխատութեան երրորդ գլուխին մէջ կը խօսի Հայոց Նահապետական ընտանիքին մասին եւ սքանչացումով կը դիտէ անցեալը, մարդիկ «զարգացած» չէին ինչքան այսօր, սակայն իրենց անուս վիճակին շատ աւելի առաքինի, օրինակելի կեանք մը կ՚ապրէին՝ քան մենք նոր սերունդի «ուսեալ»ներս:

Էջեր