Արխիւ
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը չի կարողանար բնականոն բանակցիլ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ միջազգային գործընկերներու հետ, չի կարողանար կազմակերպել պետական համակարգը, որպէսզի պատրաստուի հերթական, անխուսափելի պատերազմին:
Հայաստան եւ Սէուտական Արաբիա համատեղ ջանքերով կը լրացնեն համագործակցութեան բացը:
Արարատ Միրզոյեան Ռիատի մէջ եւս ներկայացուց Երեւանի կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը:
Մոսկուայի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն միջեւ փոխըմբռնում գոյացաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը սկսաւ հեռանալ՝ արդէն ամբողջութեամբ հայաթափուած Լեռնային Ղարաբաղէն:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ուսուցչուհիներէն Ժպտուն Զուռնաճըն եւ Լիանա Պենլին, որոնց միացած էին լիսէի բաժնի աշակերտներէն Թայիս Տողանճըօղլուն, Օլիվիա Աչըքկէօզն ու Միքայէլ Յովհաննիսեանը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները անցեալ շաբթուան մէջ այցելեցին Փարիզ, ուր ունեցան շուրջ հինգ օրուան կեցութիւն մը։ Վարժարանի անգլերէնի ակումբէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան այս ուղեւորութեան՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Սերքան Քըյըճըի։
Գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, շաբաթավերջին մեկնեցաւ Անթալիա, ուր տեղւոյն Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց հայածէս կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը։ Իրեն կ՚ընկերանար Արթիւր Ուր. Դպիր Պաղտասարեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ՝ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած ներկայ շրջանին շնորհաւորական այցելութիւններ տալ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթերը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նախ պարզ յիշեցում մը:
Աշխարհի վրայ կը գործածուին շուրջ եօթ հազար լեզուներ եւ նոյն թիւով ալ բարբառներ:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամէն անգամ երբ դժբախտութիւն մը պատահի արաբական աշխարհին, կամ դժբախտութեան մը յիշատակը անցնի իր վրայէն, կամ կարդամ, լսեմ ու դիտեմ այս առիթով կատարուած ցոյց մը կամ քայլարշաւ մը, որ պաշտպանուած է գրեթէ բոլոր կողմերուն կողմէ, քանի որ սրտանց է, կը ղեկավարեն զինք շարք մը այս հարցի նշանաւոր մարդոցմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տեսէք թզենին եւ բոլոր ծառերը։ Երբ բողբոջին, տեսնելով՝ դուք ձեզմէ կ՚իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է». (ՂՈՒԿ. ԻԱ 29-30):
Բնութիւնը ամբողջ դպրոց մըն է, եւ բնութեան մէջ ամէն մէկ երեւոյթ եւ էութիւն՝ ուսուցի՛չ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ իր «Տուն եւ ընտանիք» խորագրեալ գլուխը ի տարբերութիւն միւսներուն, կը գրէ աւելի երկար։ Խօսելով բարիի ու չարի մասին, Հայրիկ կը շեշտէ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, յստակ տարբերութիւն դնելով դպրոցի ճամբով փոխանցուած կրթութեան եւ ծնողքի ճամբով փոխանցուած դաստիարակութեան միջեւ, ըսելով. «բարի դաստիարակութեան տուրքը՝ միայն ծնողաց սեպհական է, զի առտնին դպրոցին ծայրագոյն եւ բնական վարժապետ նոքա են»:
Արցախի ամբողջական հայաթափումէն վերջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին գործունէութիւնը հետզհետէ կը սահմանափակուի։ Այս ծիրէն ներս ռուս խաղաղապահները հեռացած են պատմական Դադիվանքէն։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց վերջին օրերուն բանակցութիւններ վարեցին Փեքինի մէջ։ Միջազգային աղբիւրները լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան այս բանակցութիւններուն։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն կ՚այցելէ Ռիատ, ուր կը հիւրընկալուի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆերհան ալ Սաուտիի կողմէ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Տոհա, ուր կը հիւրընկալուի Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման էլ Սանիի կողմէ։
Գրականագէտ եւ արուեստաբան Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի ծննդեան 75-ամեակին առթիւ ձեռնարկ:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ յոբելենական եզակի ցուցահանդէս եւ մտաւորականի վաստակի արժեւորում:
Իսրայէլի կողմէ Կազզէի հիւսիսի ռմբակոծումէն վերջ անհանգիստ վիճակ յառաջացաւ նաեւ հարաւին:
Պաղեստինցիներ, որոնք Ռեֆահ քաղաքի ճամբարները ապաստանած էին, դարձեալ ճանապարհ ինկան ընտանեօք:
Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան պատարագեց՝ Փորթուգալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Նորին Սրբազնութիւնը այցելեց նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնէն ներս Հայկական բաժանմունքը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ֆինլանտիոյ դեսպան Փիրքքօ Միրիամին։ Դեսպան Միրիամիին կ՚ընկերանային Իսթանպուլի մէջ Ֆինլանտիոյ պատուոյ հիւպատոս Ճէֆ Հաքքօ եւ իր օգնականը։