Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի փոք­րիկ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ան­մո­ռա­նա­լի պտոյտ մը դէ­պի Սկիւ­տար։ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չա­յին­նե­րուն եւ պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ խում­բը Գալ­ֆաեան Տան ննջա­րա­նի բաժ­նի պար­տէ­զին մէջ հա­մախմ­բուե­ցաւ դաշ­տա­հան­դէ­սի մը առ­թիւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը ե­րէկ խան­դա­վառ օր մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քին առ­թիւ։ Այս առ­թիւ վար­ժա­րա­նը հիւ­րըն­կա­լեց իր զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ո­րոնք հա­մա­կուած էին տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հրա­տա­րակ­չու­թեան յանձ­նա­խում­բը լոյս ըն­ծա­յեց «Կա­նոն հոգ­ւոյն սրբոյ գալս­տեան» խո­րագ­րեալ գրքոյ­կը, ե­կե­ղե­ցա­կան ու ե­կե­ղե­ցա­սէր շրջա­նակ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար։ Խմբագիրն է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ տօ­նա­կան օր մը ապ­րե­ցաւ թա­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու օ­րուան առ­թիւ։ Հո­գե­գալս­տեան տօ­նին օ­րուան զու­գա­դի­պած հա­ւա­քին շրջագ­ծով գա­տը­գիւղ­ցի­նե­րը նախ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցե­ցան թա­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից օ­րը ա­ռիթ դար­ձաւ, որ­պէս­զի հին ու նոր թարգ­ման­չաց­ցի­ներ ի մի հա­ւա­քուին ի­րենց կրթօ­ճա­խի յար­կին տակ։ Խան­դա­վառ հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նեց սա­նուց միու­թեան վար­չու­թե­նէն Մե­լի­սա Ֆե­րա­հեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­քէն­տէր Շա­հին­կէօզն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Խում­բին հետ էին նաեւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան եւ Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ե­րէկ մե­ծա­րեց իր վաս­տա­կա­ւոր վի­ճա­կա­ւո­րը՝ Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեա­նը։ Այս առ­թիւ Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Լե­ւոն հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն:
Հոգեգալստեան հանդիսութիւններուն զուգադիպած մատաղօրհնութեան առընթեր, ոգեկոչուեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հանգուցեալ բարերարները:

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 208-րդ տարեդարձի արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:
Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն առթիւ Պէյօղլուի ընտանիքը ապրեցաւ իսկապէս տօնական օր մը՝ հերթական անգամ հիւրընկալելով նաեւ համայնքային շրջանակները:

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ու­նայ­նու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ պա­րա­պու­թիւն, ոչն­չու­թիւն, դա­տար­կու­թիւն։ Իսկ ու­նայ­նա­պաշտ են ա­նոնք՝ որ ո՛չ մէկ բա­նի կը հա­ւա­տան եւ կ՚ը­սեն՝ թէ ա­մէն ինչ պա­րապ է, ո­չինչ եւ պար­զա­պէս ե­րե­ւա­կա­յա­կան։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Վիեն­նա­յի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Եւ­րո­տե­սիլ-2015» եր­գի հա­մաեւ­րո­պա­կան մրցոյ­թը, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ վաթ­սու­նե­րորդ ան­գամ եւ ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Աւստ­րա­լիան։ Ընդ­հան­րա­պէս, այս ե­րաժշ­տա­կան տօ­նը հա­տեց իր եզ­րա­գի­ծը, իսկ այս տա­րուան դափ­ներ­կի­րը հան­դի­սա­ցաւ Շուէ­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Մոնս Զել­մեր­լեով։

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

ԵԽԽՎ-ի Իրաւական գործոց եւ մարդու իրաւանց կոմիտէին երկօրեայ նստաշրջանը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով:

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յայ­տա­րա­րեց, որ ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ մէջ առ­կայ է ինք­նու­թեան ճգնա­ժամ մը։ 2015-ի ո­գե­կոչ­ման մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ըն­թաց­քին կա­պակ­ցու­թեամբ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ՝ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Մա­յի­սի 27-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դին քսան­չոր­րորդ նիս­տը։ Ծա­նօթ է, որ հիմ­նադ­րա­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու մեծ ներդ­րում կը բե­րեն ա­նոր քսան­հինգ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն աշ­խար­հի քսա­ներ­կու եր­կիր­նե­րուն մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Եւրոմիութիւն-Հայաստան համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դրուի համապատասխան իրաւական հիմքով՝ Արեւելեան գործընկերութեան շրջագծէն ներս:
Ռիկայի գագաթաժողովի աւարտին Ատրպէյճան մերժեց ստորագրել եզրափակիչ համատեղ յայտարարութիւնը՝ տարակարծութիւններ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանաձեւումներուն շուրջ:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը ծանր մար­տեր մղե­լէ ետք հա­սաւ Սու­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Դա­մաս­կո­սէն 215 քմ. հիւ­սիս-ա­րե­ւելք գտնուող Թատ­մոր (Փալ­մի­րա) քա­ղա­քի դռնե­րը: Թատ­մո­րը կամ Փալ­մի­րան ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ հաս­տա­տուած սու­րիա­կան պատ­մա­կան քա­ղաք­նե­րու ցու­ցա­կին վե­ցե­րորդն է:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

«Եւ­րո­տե­սիլ 2015» մրցոյ­թը այ­սօր ե­րե­կո­յեան տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Վիեն­նա­յի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նով մրցոյ­թին կը մաս­նակ­ցի «Genealogy» խում­բը, որ հան­դէս կու գայ վե­ցե­րորդ կար­գի վրայ։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն կազ­մա­կեր­պուած ֆութ­պո­լի մրցա­շար­քը ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին այս մրցա­շար­քը ձօ­նուած էր մեր մար­զա­կան աշ­խար­հի խորհրդան­շա­կան ա­նուն­նե­րէն Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի յի­շա­տա­կին։

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ խանդավառ հաւաքոյթ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մասնակցութեամբ:
ZİBEÇ-ի տարեվերջի հանդիսութիւնը եւ զուգահեռաբար կազմակերպուած քէրմէսը ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն՝ արդարացնելով կառոյցի յաջող երթը:

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015

​Սայաթ Նովա երգչախումբը երէկ երեկոյեան «խապրիկ մը բերաւ մեր աշխարհէն…» հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ:
Խմբավար Մելիքճան Զամանի մականին ներքեւ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրուեցաւ՝ երգերու եւ բանաստեղծութեան համադրութեամբ: Ունկնդիրներու մասնաւոր համակրանքին առարկայ դարձաւ մեներգչուհի Շուշան Գալաթաշ:

Էջեր